Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանական բանակին եւ թաթար խուժանին կողմէ 23-24 մարտ 1920-ին Շուշի աւերուեցաւ եւ անոր հայ բնակիչներէն ութէն տասը հազար հոգին սուրի քաշուեցաւ: Այսպիսով, քաղաքի հայ բնակչութեան գրեթէ կէսը ոչնչացաւ:
Կոտորածին մասնակցած զինուորներու եւ հրոսակներու փոխանցած տեղեկութիւնները եւ նամակները լրացուցիչ լոյս կը սփռեն Շուշիի եւ ընդհանուր առմամբ Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ թաթարներու ձեռքով կատարուած ոճիրներուն վրայ:
Այսպէս, շուշեցի թաթար մը Պաքու գտնուող իր զաւկին կը գրէ. «Տեսածդ Էրմենիստանը այրուած է, հինգ կամ տասը տուն պահեցին: Հազարէն աւելի հայեր գերի բռնուեցան. տղամարդիկը բոլորը կոտորեցին, խալիֆային (խօսքը առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոսի մասին է) գլուխը կտրեցին: Նշանաւոր հայերը սպաննելէն ետք գլուխները կտրած պազարներուն մէջ կը պտտցնէին:… Այս կողմերը այլեւս ոչ մէկ հայ կը գտնես, եւ ոչ ալ այնպիսի թուրքի կրնաս հանդիպիլ, որ հարիւր հազարէն պակաս թալան բերած ըլլայ: Մարդիկ կան, որ մէկ միլիոնէն աւելի ապրանք բերած են: Տասը-տասնհինգ տուն մնացած է. կառավարութիւնը չուզեց այրել, որպէսզի զինուորները բնակին: Քաղաքը աւերակ դարձաւ»:
Թաթար այլ նամակագիր մը վշտացած է եւ ցաւ կը յայտնէ, որ հայերու կոտորածով եւ տուներու ու խանութներու թալանով իրենք շուրջ մէկ միլիոնի կորուստ ունին, որովհետեւ անոնց ապառիկները չեն կրնար հաւաքել:
Շուշիի կողքին, աւելի քան երեսուն գիւղեր աւերուած էին: Արցախի հայոց Ազգային խորհուրդին կազմած վիճակագրութեան համաձայն, կործանած գիւղերէն եւ շէներէն մօտաւորապէս քսան հազար չափահաս եւ աւելի քան չորս հազար անչափահաս ապաստան գտած են Վարանդայի, Դիզակի եւ մասամբ Զանգեզուրի գիւղերուն մէջ:
* * *
Սիւնիքի մէջ նոյնպէս ծանր կացութիւն ստեղծուած էր, սակայն հայկական մարտական ուժերը Գորիսէն փորձեցին օգնութիւն ուղարկել Արցախ: Այդ նպատակով գնդապետ Թարվերդեանի հրամանատարութեամբ մօտաւորապէս 600 հոգինոց գունդ մը շարժման դրուեցաւ:
Գունդը առաջադրանք ստացաւ դուրս գալ դէպի Ասկերան եւ օգնութեան հասնիլ Դալի Ղազարի մարտիկներուն:
Մինչեւ գնդապետ Թարվերդեանի յառաջխաղացումը, Դիզակի ուղղութեամբ յաջողութիւններ արձանագրեց Յովակ Ստեփանեանի խումբը: Անոնք ջարդեցին թաթար մեծաթիւ հրոսակներ եւ փորձեցին ճամբայ բանալ դէպի Զանգեզուր:
Մարտ 24-ին արցախցիները հանդիպեցան Սիւնիքի ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ մարտիկներուն:
Սակայն ազրպէյճանցիներու ծաւալուն յարձակումը Գորիսի ուղղութեամբ պատճառ դարձաւ, որ գնդապետ Թարվերդեան յետաձգէ դէպի Արցախ յառաջխաղացքը:
Մարտ 26-ին, երբ ճանապարհը բացուեցաւ Խծաբերդի ուղղութեամբ, գնդապետ Թարվերդեան հրաման ստացաւ շարժելու դէպի Արցախ:
Նոյն օրը ազրպէյճանական բանակը յարձակման անցաւ Արցախի բոլոր շրջաններուն ուղղութեամբ:
Մարտ 27-ին ազրպէյճանական բանակը լայնածաւալ գրոհի անցաւ Ասկերանի ուղղութեամբ, սակայն հայ մարտիկները յաջողեցան կասեցնել եւ ետ շպրտել թշնամին ու հետապնդել մինչեւ Աղտամ:
Սակայն հայկական մարտական ուժերուն յաջողութիւնները կարճատեւ էին: Զինամթերքը սպառելու մօտ էր: Ճակատներէն հրամանատարները փամփուշտ կը խնդրէին: Սակայն պահեստներուն մէջ փամփուշտ չկար: Հատ հատ փամփուշտ կը հաւաքէին գիւղացիներէն եւ կու տային կռուողներուն:
Մարտ 29-ին Արցախի եւ Սիւնիքի միջեւ գտնուող Հարար գիւղին մէջ մարտական պատասխանատուներու հանդիպում կայացաւ: Արցախցիք Թարվերդեանէն խնդրեցին, որ առանց յապաղելու շարժի դէպի Ասկերան:
* * *
Արցախի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ֆաթալի խան Խոյսկի հեռագիր ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի, ուր կ՛ըսուէր.
«Պատիւ ունիմ հաղորդելու ձեզի հետեւեալը. մարտ 22-ին, Նովրուզ պայրամի երկրորդ օրը, գիշերուան ժամը 3:00-ին Ղարաբաղի հայկական զինուորական ուժերը Հայաստան կանոնաւոր զօրքերուն հետ միասին, օգտուելով խաւարէն, յարձակած են ազրպէյճանական զօրամասերուն վրայ:
Յանկարծ եւ ըստ երեւոյթին նախապէս կազմուած ծրագիրով, միաժամանակ յարձակում գործած են ազրպէյճանական զօրամասերուն վրայ, որոնք կը գտնուէին Շուշիի, Խանքենդիի, Ասկերանի, Խոջալուի, Թարթառի եւ ուրիշ կէտերու վրայ` նախապէս կտրելով հեռագրական եւ հեռաձայնային թելերը:
Ասկերանի զօրամասը սկիզբը յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ, բայց շրջանը յետոյ գրաւուեցաւ հայերուն կողմէ:
Շուշիի եւ Ասկերանի ելքերը հայերը թնդանօթային կրակի ենթարկեցին: Հայկական զինուած ուժեր յարձակած են թրքական գիւղերուն վրայ, եւ այդ գիւղերէն քանի մը հատը աւերուած են:
Ղարաբաղի թուրքերը վտանգէն պաշտպանուելու համար առանձին խումբեր կազմելով կրցած են ետ մղել հայերու տմարդի յարձակումները:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը շտապ կերպով միջոցներ ձեռք առած է Ղարաբաղի դրութիւնը վերականգնելու համար եւ կը նախազգուշացնէ նման յարձակումները ապագայի վերաբերեալ»:
Ապրիլ 1-ին Ազրպէյճանի խորհրդարանը մեղադրեց հայերը «ապստամբութիւն» կազմակերպելու համար եւ սպառնաց, որ «հետագային աւելին կ՛ընենք, եթէ Ղարաբաղի հայութիւնը խոհեմ ու հնազանդ չպահէ ինքզինք»:
* * *
Սիւնիքէն ճամբայ ելած մարտական ուժերը ապրիլ 1-ին հասան Սարուշէն:
Ապրիլ 2-ին գնդապետ Թարվերդեանի կարգադրութեամբ հարիւր ձիաւորներ անցան Խաչենի կողմը` Ասկերանի պաշտպանութեան համար:
Ապրիլ 3-ին Աղտամի մէջ կեդրոնացած ազրպէյճանական 12 հազարնոց բանակը, ութ թնդանօթներով եւ բազմաթիւ գնդացիրներով, յարձակման անցաւ թէ՛ Ասկերանի, թէ՛ Խաչենի եւ թէ Վարանդայի ուղղութեամբ: Կատաղի գօտեմարտերը տեւեցին երկու ժամ: Խաչենի թեւը սկսաւ նահանջել:
Դալի Ղազար Թարվերդեանի հեծեալներուն մէկ մասը օգնութեան ուղարկեց, սակայն ազրպէյճանական հրետանիի ուժգին կրակին տակ հնարաւոր չէր առաջնագիծ հասնիլ:
Խաչենի թեւը կը նահանջէր, բայց ամուր կանգնած էր կեդրոնական ուղղութիւնը, ուր կեդրոնացած էին Դալի Ղազար եւ գնդապետ Մեսեան:
Թշնամի գերազանց ուժի ճնշման տակ` հայկական ուժերը աստիճանաբար սկսան նահանջել: Դալի Ղազար Մեսեանին յանձնարարեց նահանջել եւ թիկունքը կազմակերպել: Քանի որ Ղազար կաղ էր, Մեսեան փորձեց համոզել զայն հեռանալու, սակայն Ղազար հաստատ կանգնած մնաց:
Դալի Ղազար ուշադրութիւն չէր դարձներ թշնամիի թնդանօթներու ռումբերուն վրայ, որոնք կ՛իյնային իր մօտ, կը խառնէին հողակոյտը, հողով կը ծածկէին անոր եւ ընկերներուն երեսը, աչքերը եւ գլուխները: Այդ բոլորէն ետք ան կը թափահարէր իր գլուխը եւ կրկին կը սկսէր կռուիլ:
Երեկոյեան հայկական մարտական բոլոր ուժերը նահանջեցին: Ղազար ատրճանակի սպառնալիքով բոլորին ստիպեց հեռանալ` ըսելով. «Դուք պէտք էք կռուի համար, իսկ ես` մահուան»:
Ան մնաց մինչեւ վերջին վայրկեանը, կռուեցաւ թշնամիին դէմ եւ իր գնդակով վերջ տուաւ իր կեանքին:
Հայ Ազատագրական Պայքարի
Անվեհեր Մարտիկ Դալի ՂազարԴալի Ղազար, բուն անունով` Միքայէլ Բադալքէոխեան, ծնած է 1886-ին, Գանձակ: Բադալքէոխեանները բնիկ գիւլիստանցի էին եւ հետագային Գանձակ տեղափոխուած էին:
Միքայէլ ծննդավայր Գանձակի մէջ միջնակարգ կանոնաւոր կրթութիւն ստացաւ: Հայ ժողովուրդը թրքական լուծէն ազատագրելու գաղափարով տարուած, ան միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ կուսակցութեան գործունէութեան: Անոր վստահուեցաւ Գանձակի մէջ կուսակցութեան զինապահեստի հսկողութիւնը:
Այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Պաքու եւ կուսակցական շարք մը յանձնարութիւններ եւ ահաբեկումներ կատարեց: 1910-ին ահաբեկեց խմբապետ Միհրանը, որ «միհրանական» շարժումով փորձած էր պառակտել Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Միհրանի ահաբեկումէն ետք ռուսական կառավարութիւնը առիթէն օգտուելով բացաւ «դաշնակցութեան գործը»: Մեղադրեալներուն մէջ կային անուանի գործիչներ եւ հոգեւորականներ:
Միքայէլ Բադալքէոխեան Սիպերիա աքսորի դատապարտուեցաւ: Աքսորվավայրին մէջ ան գիշեր-ցերեկ մտածեց փախուստի դիմելու մասին: Ստոյգ վտանգը աչք առնելով փախաւ Սիպերիայէն եւ երկար թափառումներէ ետք անցաւ թրքական սահմանը:
Երկիր մտնելէն ետք Միքայէլ Բադալքէոխեան Մուշի եւ Վանի մէջ կուսակցական գործունէութիւն ծաւալեց:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ին կամաւորական երկրորդ գունդին միացաւ, որուն հրամանատարն էր Դրոն: Միքայէլի գումարտակը անուանի դարձաւ իր հերոսական խոյանքներով: Այդ ժամանակն ալ Միքայէլ Բադալքէոխեան ստացաւ Դալի (գիժ) Ղազար անունը:
Վանի հայութիւնը Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ 7 ապրիլ 1915-ին ինքնապաշտպանութեան դիմեց: Հերոսական գօտեմարտերը շարունակուեցան մինչեւ մայիս 3, երբ թուրքերը իմացան որ հայ կամաւորները եւ ռուսական յառաջապահ զօրամասերը մօտեցած են Վանի: Մայիս 6-ին Դալի Ղազար առաջիններէն եղաւ որ իր մարտիկներով մտաւ Վան:
Վանէն յառաջխաղացքը շարունակելով Դալի Ղազար իր մարտիկներուն գլուխը անցած ուղղուեցաւ դէպի Տարօն: Աւերակ դարձած Մուշ մտնելէ ետք անոր միացան սասունցի քանի մը մարտիկներ:
Ռուսիոյ մէջ 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք ռուսական բանակները սկսան քաշուիլ Արեւմտեան Հայաստանի իրենց գրաւած տարածքներէն: 1918-ի փետրուարին թուրքեր գրաւեցին Երզնկան եւ Կարինը:
Տեղահան եղած ժողովուրդը թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներէն պաշտպանելու համար Դալի Ղազար իր մարտիկներուն հետ ստանձնեց դէպի Սարըղամիշ ճամբուն հսկողութիւնը: Թրքական զօրքերը ապրիլ 5-ին մտան Սարըղամիշ: Սարըղամիշի շուրջ ծաւալած կռիւներու ընթացքին վիրաւորուեցաւ Դալի Ղազար:
Դալի Ղազար 500 մարտիկներու իր գունդով 1918 մայիսին մասնակցեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտին:
Այնուհետեւ ան անցաւ Թիֆլիս, ուրկէ, իբրեւ պահակազօրքի հրամանատար ուղեկցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Աղստաֆա-Ղազախ ճանապարհով յուլիս 17-ին անվնաս հասցուց Երեւան:
Դալի Ղազար իր եղբօր` Աբրահամի հետ Գանձակ մեկնեցաւ եւ յետոյ մասնակցեցաւ Պաքուի պաշտպանութեան: Այնուհետեւ ան Երեւան փոխադրուեցաւ:
Դալի Ղազար 1920 յունուարին 18 ձիաւորներով Երեւանէն ճամբայ ելաւ դէպի Արցախ, օգնելու համար կենաց-մահու պայքար մղող արցախահայութեան:
Թշնամիին սեփական ուժը ցուցադրելու համար ան գնդապետ Մեսեանի հետ զօրաշարժ կազմակերպեց, գրոհով մը գրաւեց Ասկերանը եւ զինաթափեց Խոջալուի մէջ կեդրոնացած զինուորները, այդպիսով կտրելով հաղորդակցութիւնը Շուշիի եւ Աղտամի միջեւ եւ ապահովելով Ասկերանի թիկունքը:
Ասկերանի ճակատին վրայ անհաւասար գօտեմարտեր մղուեցան: Հայկական փոքրաթիւ ուժերը քանի մը ջախջախիչ հարուածներով ետ մղեցին թնդանօթներով զինուած ազրպէյճանական մեծաքանակ զօրքերը, բայց ուժերը անհաւասար էին: Հայ մարտիկները սկսան նահանջել, բայց Դալի Ղազար մնաց եւ մինչեւ վերջ կռուելէ ետք անձնասպան եղաւ 3 ապրիլ 1920-ին:
Դալի Ղազարի մարմինը Գանձակ փոխադրուեցաւ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուեցաւ: