Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարաբաղն Ու Զանգեզուրը Ազրպէյճանի Կցելու Բոլշեւիկեան Ծրագիր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Փետրուար 19, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեգրանի Առաքելութիւնը Հայաստան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ազրպէյճան, խորհրդային ըլլալու իր հանգամանքը եւ բոլշեւիկ-քեմալական մերձեցումը օգտագործելով, կարմիր բանակին միջոցով կ՛աշխատէր Արցախի հետ միաժամանակ նուաճել Զանգեզուրը:

Արցախ մտած կարմիր բանակը կանգ առնելու մտադրութիւն չունէր: Շուտով դէպի Նախիջեւան շարժեցաւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակի 252-րդ գունդը:

Բոլշեւիկեան զօրքերը 8 յուլիս 1920-ին անսպասելի կերպով  յայտնուեցան Զանգեզուրի Խոտանան գիւղին մօտ:

Բոլշեւիկներուն կ՛ուղեկցէր ուսուցիչ Բագրատ Յարութիւնեան, որ Գարեգին Նժդեհի կողմէ Գորիս ուղարկուած էր, տեղեկութիւններ ստանալու համար: Յարութիւնեան բոլշեւիկ էր, բայց կը յայտարարէր որ որեւէ կապ չունի բոլշեւիկներուն հետ, այնքան ատեն որ անոնք արեւելեան փաշաներուն բարեկամներն են:

Խոտանանցիք չկրցան դիմադրել եւ գիւղը բոլշեւիկներուն ձեռքը անցաւ:

Գարեգին Նժդեհ ճամբայ ելաւ դէպի Կաւարտ, եւ ճանապարհին իմացաւ որ հայկական երկու գիւղեր աղ ու հացով դիմաւորած են բոլշեւիկեան զօրքերը:

Կարմիր բանակի ջոկատները շարժեցան դէպի Կաւարտ, որ Կապանի հիւսիս-արեւելեան կողմը կը գտնուի եւ հարուստ է պղինձի հանքերով: Անոնք Կաւարտի ձորը հասած էին, երբ Նժդեհ հրամայեց վառօդով լեցուն քանի մը տակառ պայթեցնել: Քիչ անց սպիտակ դրօշակներով Նժդեհին ներկայացան բանագնացները եւ ըսին, որ խորհրդային հրամանատարութիւնը կը խնդրէ ճամբայ տալ զօրքին` Ջուլֆա անցնելու համար:

Նժդեհ պաշտպանեց ըսելով, որ Ջուլֆա հասնելու ամէնէն կարճ ճանապարհը Սիսիան-Նախիջեւան ուղին է:

Կարճատեւ քննարկումէ ետք խորհրդային զինուորները քաշուեցան Խոտանան, իրենց հետ պատանդ տանելով շրջանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն Սմբատ Մելիք Ստեփանեանը:

Զինուորական կոմիսար Իվանով Խոտանան գիւղէն գրութիւն մը ուղարկեց Նժդեհի, ուր կ՛ըսէր.

Վերին Խոտանան

«Արդէն Ղարաբաղ-Զանգեզուր մտած է կարմիր բանակը: Բոլոր վայրերուն մէջ յեղկոմներ կազմակերպուած են: Կը հրամայեմ այդ առիթով յայտարարել ժողովուրդին եւ ճամբայ տալ Վերին Խոտանան  գտնուող մեր զօրամասին անցնելու Մեղրիի վրայէն Օրտուպատ-Ջուլֆա»:

Առաջաձորի մէջ յուլիս 12-ին Կապանի ներկայացուցչական արտակարգ ժողով հրաւիրուեցաւ, որուն մասնակցեցան իւրաքանչիւր գիւղէ երկուական ներկայացուցիչ: Ժողովը որոշեց ամէն գնով թոյլ չտալ կարմիր բանակին մուտքը Կապան:

Անմիջապէս զինուորական կոմիսար Իվանովին ուղարկուեցաւ Նժդեհի պատասխանը.

«Կապարգողթի գիւղացիական ներկայացուցչական խորհուրդը հրամայած է ինծի ուղարկելու ձեզի վերջնագիր` վաղը, ամսուն 13-ին, մինչեւ ժամը 7:00-ը ձգել Կապանի սահմանները: Հակառակ պարագային ստիպուած կ՛ըլլամ յարձակողականի անցնելու եւ զէնքի ուժով վանելու ձեզ»:

Հին Գորիս

Յուլիս 13-ի առաւօտ կանուխ խորհրդային զօրքերը քաշուեցան Խոտանան գիւղէն եւ կեդրոնացան Գորիսի մէջ:

* * *

Բոլշեւիկներ 10-էն 15 յուլիս 1920-ին Գորիսի մէջ հայկական բանակի աւելի քան տասնեակ մը սպաներ ձերբակալեցին ու գնդակահարեցին:

Հայաստանի կառավարութիւնը այս առիթով բողոքի հեռագիր ուղարկեց Ազրպէյճանի յեղկոմին:

Տիգրան Բեկզադեան

Քանի մը օր ետք Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բեկզադեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի մէջ Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Սերգէյ Կիրովի հետ եւ խոր վրդովում յայտնեց Գորիսի դէպքերուն առնչութեամբ:

Շուտով կարմիր բանակի երկու ներկայացուցիչներ մեկնեցան Կապան եւ Նժդեհի ներկայանալով առաջարկեցին յանձնուիլ: Նժդեհ պատասխանեց ըսելով որ որեւէ հարց քննարկելու մտադրութիւն չունի, եւ եթէ տասնհինգ վայրկեանէն անոնք չհեռանան, պիտի գնդակահարուին:

* * *

Հայաստանի վարչապետ Համօ Օհանջանեան, արձագանգելով կարմիր բանակի բռնութիւններուն, նամակ ուղարկեց Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերինի, ուր կ՛ըսէր.

«Ռուսաստանի սովետական զօրքերու ներկայութիւնը Հայաստանի վիճելի տարածքներուն մէջ, իսկ ներկայ պարագային նաեւ անվիճելի, ինչպէս օրինակ Զանգեզուրի շրջանին մէջ, ոչ միայն չի նպաստեր առաջքը առնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արիւնալի բախումներուն, այլ աւելի եւս կը նպաստէ անոր զարգացման: Ներկայիս, երբ իմ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Ազրպէյճանի հետ ունեցած բոլոր վիճելի հարցերը պիտի դառնան յառաջիկային կայանալիք հայ-ազրպէյճանական հաշտութեան քննութեան առարկայ, այլեւս ձեր զօրքերու ներկայութիւնը վերը մատնանշուած վայրերուն մէջ կրնայ միայն բացասական ազդեցութիւն ունենալ»:

Օհանջանեան այնուհետեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ բրիտանական եւ ֆրանսական ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց բացատրեց, որ բոլշեւիկներուն եւ ազրպէյճանցիներուն նպատակը քեմալականներուն միանալն է:

* * *

Պորիս Լեգրան

Պորիս Լեգրան 1920 յուլիսին նշանակուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Լեգրան յուլիս 21-ին ճամբայ ելաւ դէպի Երեւան: Սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները արգիլեցին անոր մուտքը` առարկելով, որ տիրող պայմաններուն մէջ ան իր խումբով Ռուսաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւն չի կրնար նկատուիլ, եւ սովորական ճամբորդներու պէս սահմանին վրայ քննութեան պիտի ենթարկուի:

Լեգրանին ցոյց տրուած վերաբերմունքէն դժգոհ` Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Բեգզադեան դիմեց  Վրաստանի կառավարութեան` Լեգրանը Թիֆլիս հրաւիրելու առաջարկով:

Աղստաֆայի մէջ քանի մը օր սպասելէ ետք Լեգրան Թիֆլիս մեկնեցաւ:

Լեգրան հեռագիր ուղարկեց Համօ Օհանջանեանի եւ դժգոհութիւն յայտնեց ստեղծուած կացութեան համար: Ան կը նշէր, որ իր ժամանումը Երեւան պիտի յանգէր երկու հանրապետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման: Միաժամանակ Լեգրան, յղում կատարելով Չիչերինի հեռագիրներուն կը յայտնէր, որ Խորհրդային Ռուսաստան բարեկամական մտադրութիւններ ունի եւ կը ցանկայ այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ հայ ժողովուրդը դրացիներուն հետ խաղաղ ապրի:

* * *

Հայաստան, անշուշտ, կը ցանկար իր յարաբերութիւնները կարգաւորել Խորհրդային Ռուսաստանի հետ:

Սակայն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունէր Ազրպէյճան, որ, օգտագործելով խորհրդային ըլլալու իր հանգամանքը, կը փորձէր տասնմէկերորդ Կարմիր բանակին ուժերով իրականացնել տարածքային իր նկրտումները:

Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ գործելաոճը այնքան ակնյայտ էր, որ Օրջոնիկիձէ Լենինի եւ Չիչերինի ուղղուած հեռագիրին մէջ կը նշէր, որ Կովկասէն իր միամսեայ բացակայութեան ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ մեծ շեղում տեղի ունեցած է դէպի ազգայնականութիւն:

Նոյն հեռագիրին մէջ Օրջոնիկիձէ կը հաղորդէր, որ «Նախիջեւանի շրջանին մէջ հայերու եւ թաթարներու ջարդերը անխուսափելի են: Ջարդերէն կարելի է խուսափիլ միայն խորհրդային զօրքերու կողմէ Նախիջեւանի շրջանը գրաւելու պարագային»:

* * *

Լեգրանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սահակ Տէր Գաբրիէլեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Սիլին, Շիֆերս եւ ուրիշներ:

Նախքան Հայաստանի կառավարութեան հետ բանակցութիւններու սկսիլը, բոլշեւիկներ քննարկեցին, թէ որ շրջանները պէտք է միացուէին Ազրպէյճանի:

Նարիման Նարիմանով եւ Սերգօ Օրջոնիկիձէ ճնշում գործադրեցին Մոսկուայի եւ անձամբ Չիչերինի վրայ` պահանջելով, որ Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր անպայման միացուցին Խորհրդային Ազրպէյճանի: Օրջոնիկիձէ կը նշէր, որ ուրիշ որեւէ լուծում Ազրպէյճանի աչքին կը հեղինակազրկէ Խորհրդային Ռուսաստանը:

Սահակ Տէր Գաբրիէլեան կը գրէ, որ «ամենահեռաւոր ու թոյլ հաւանականութիւնը, որ Զանգեզուրը եւ Ղարաբաղը կարող էր անցնել Հայաստանին, ոտքի էր հանում ամբողջ յեղկոմը եւ թուրքական ակտիւ շրջանները, նաեւ հայ  կոմունիստների մի ստուար մեծամասնութիւն, որոնք ռմբակոծում են Մոսկուան պատուիրակութիւններով, հեռագրերով»:

Նախիջեւանը նոյնպէս, ըստ Օրջոնիկիձէի, պէտք չէ ըլլար Հայաստանի կազմին մէջ, ուր պէտք է տեղակայուէին խորհրդային զօրքերը:

* * *

Դրօ Դարալագեազի մէջ ամրացած էր: Այդ օրերուն կը քննարկուէր Նախիջեւանի վրայ յարձակելու ծրագիրը:

Նախիջեւանը գրաւելէն ետք Զանգեզուրի թիկունքը աւելի ամուր կ՛ըլլար: Նաեւ կարելի կ՛ըլլար աւելի զօրաւոր դիրքերէ բանակցիլ Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ:

Նախիջեւանի գրաւման հարցով հայկական բանակի հրամանատարութեան եւ Դրոյի մօտեցումները տարբեր էին: Նախ` եղած ուժերը անբաւարար էին գործողութիւնը իրականացնելու համար, եւ նաեւ հետագայ պաշտպանութիւնը կարելի չէր կազմակերպել: Դրօ օգնութիւն կ՛ակնկալէր Երեւանէն: Բանակի սպայակոյտը ի վերջոյ խոստացաւ 1500 հոգինոց գունդ մը ուղարկել Դրոյի մօտ:

Եղիշէ Իշխանեան կը գրէ. «Կենտրոնն այն կարծիքի է, որ եթէ գրաւէինք Նախիջեւանն ու Օրդուբադը, չպիտի կարողանայինք պահել մեր ձեռքում, ասում է Դրոն, թէեւ ամբողջ թրքութիւնը փախել էր Պարսկաստան եւ ամսոյս (յուլիս) 21-ից մինչեւ 26-ը լքուած է եղել Նախիջեւանի ամբողջ շրջանը: Ռուբէնը ամսոյս 25-ին զրահապատով գնացել է Նախիջեւան, որը լքուած, ամայի էր գտել: Կենտրոնի կարծիքով, եթէ Նախիջեւանն ու Օրդուբադը գրաւէինք, սահմանագիծը շատ կ՛երկարէր եւ չէինք կարողանայ պահել»:

Դրօ կրկին անգամ օգնութիւն խնդրեց Երեւանէն եւ առաջարկեց ի հարկին ռազմական գործողութիւնը յետաձգել:

Հայկական բանակը մտաւ Շարուր եւ Շահթախթ եւ կը պատրաստուէր շարժելու դէպի Նախիջեւան, երբ կարմիր բանակի ստորաբաժանումները շարժեցան դէպի Օրտուպատ: Բոլշեւիկներ վճռեցին ամէն գնով արգիլել հայկական բանակին մուտքը Նախիջեւան:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (18 Փետրուար 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Լեռնահայաստանի Նուաճումը Եւ Արցախի Բռնակցումը Ազրպէյճանի
Պատմական

Լեռնահայաստանի Նուաճումը Եւ Արցախի Բռնակցումը Ազրպէյճանի

Օգոստոս 20, 2025
Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ
Պատմական

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ

Օգոստոս 13, 2025
Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ.  Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ
Պատմական

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ. Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ

Օգոստոս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?