ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները մեծ ուժեր կեդրոնացուցած էին Արցախի շուրջ եւ զինաթափման պահանջ ներկայացուցած էին հայերուն:
Արցախցիք լաւ գիտէին որ զիրենք ինքնապաշտպանութենէ զրկելու փորձ կը կատարուի, որուն նոր ջարդեր պիտի յաջորդեն, եւ մերժեցին Պաքուի պահանջը:
Երեւանի մէջ Ղարաբաղի հայրենակցական միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի դիմում յղեց, նշելով որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նահանգապետ Սուլթանովի եւ թուրք զօրավար Խալիլ փաշային յանձնարարած է նոր յարձակում իրականացնել Զանգեզուրի վրայ, ինչպէս նաեւ զինաթափել Ղարաբաղը: «Վերջիններս (Սուլթանով եւ Խալիլ փաշա) այդ նպատակով կազմաւորել են թաթարներից, քրդերից կազմուած խոշորագոյն հրոսակախմբեր, նախապատրաստւում է հայերի մեծ ջարդ, որի սկիզբը Խանքենդին եւ Աղդամն է», կը նշուէր դիմումին մէջ: Միաժամանակ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան զեկոյց ուղարկուեցաւ, ուր կ՛ըսուէր.
«1.- Պուադեբարը (Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի ռազմական առաքելութեան ղեկավարը) խնդրում է ձեզ յայտնել, որ Շուշիում ոչ թէ Նուրին է (Էնվեր փաշայի եղբայրը), այլ Խալիլը (Էնվերի հօրեղբայրը): 2.- Մարտերում մասնակցութիւն կ՛ունենան միայն հրոսակախմբերը, այլ ոչ թէ զօրքերը: 3.- Խստօրէն հրամայուած է սպասել հայերի կողմից առաջին քայլին` պատասխանատուութիւնը նրանց վրայ գցելու նպատակով: 4.- Թաթարները գործում են շատ զգոյշ եւ ճարպիկ` արտասահմանեան առաքելութիւններին իրենց կողմը գրաւելու նպատակով»:
* * *
Ազրպէյճանական զինուած ուժեր 22 մարտ 1920-ի առաւօտուն նահանգապետ Խոսրով բէկ Սուլթանովի հրամանով սկսան շրջիլ Շուշիի հայկական թաղամասերը եւ բնակարանները խուզարկել:
Միաժամանակ Սուլթանովի հրամանով շուշեցի շուրջ չորս հարիւր երեւելի հայեր ձերբակալուեցան եւ թաթարական թաղամասին մէջ գտնուող բանտը նետուեցան:
Բանտարկեալներէն Իվան բէկ Իշխանեան (Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութեան առաջին նախագահ Եղիշէ Իշխանեանի հայրը) պահանջեց, որ զինք Խոսրով բէկ Սուլթանովի մօտ տանին` իմանալու, թէ ինչու ձերբակալուած են մարդիկ, որոնք ոչ մէկ բանէ տեղեկութիւն ունին եւ անմասն են: Իվան բէկ տեղն ու տեղը սպաննուեցաւ, ապա բոլոր բանտարկեալները սուրի քաշուեցան:
Խուզարկութիւնները կը շարունակուէին տուն առ տուն: Ազրպէյճանցի զինուորներ թուրք սպայի մը գլխաւորութեամբ խուժեցին հայ ընտանիքի մը տունը եւ զէնքերը պահանջեցին: Երիտասարդ տան տիրոջ ներկայութեան թուրք սպան գոռոզ ձայնով քստմնելի առաջարկ ըրաւ երիտասարդի գեղեցիկ կնոջ եւ փորձեց ձեռք դպցնել անոր: Երիտասարդը, չհանդուրժելով նման անպատուութիւն, ատրճանակով տեղն ու տեղը գնդակահարեց սպան: Զինուորները հակադարձելով` սպաննեցին երիտասարդը, անոր կինը, մայրը, քոյրը եւ աղաղակներով դուրս ելան, ազրպէյճանական ուժերը հաւարի կանչելով, թէ հայերը կը կոտորեն թուրքերը:
* * *
Արցախի ինքնապաշտպանութեան մարմինը շուրջ չորս հարիւր հոգինոց հայկական մարտական ուժեր կեդրոնացուցած էր Շուշիի մէջ, որոնք պէտք է կարենային գոնէ մասամբ ապահովել քաղաքին պաշտպանութիւնը: Շուշի ուղարկուած էին նաեւ Վարանդայի շրջանի հայ երկու ոստիկանապետերը` 90 կռուողներով եւ մօտակայ գիւղերէն շուրջ 160 զինուած գիւղացիներ:
Ինքնապաշտպանութեան մարմինի անդամ Արսէն Միքայէլեան կը վկայէ ըսելով. «Քաղաքը, սակայն, չի կարողանում օգտագործել այդ ուժերը: Ինքնապաշտպանական մարմինը անգիտակ է իրերի կացութեան…: Ներս մտնող օգնական ուժերը գործում են ինքնագլուխ»:
Շուշիի հայութեան մէկ մասը, գլխաւորութեամբ Գիգի (Գրիգոր) աղա Քալանթարեանի, փորձեցին արգելք հանդիսանալ պաշտպանական դիրքերու հաստատման, յայտարարելով որ իրենք համաձայնած են Սուլթանովի հետ եւ հայերու կոտորած պիտի չըլլայ:
Ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ բացասական դեր ստանձնած էին յատկապէս բոլշեւիկները: Անոնք կը յայտարարէին, որ ռուսական ազատարար կարմիր բանակը շուտով պիտի շարժի դէպի Անդրկովկաս եւ ամէնուրեք կարգ ու կանոն պիտի հաստատուի:
* * *
Զանգեզուրի ընդհանուր կոմիսար Սերգէյ Մելիք Եոլչեան կոչ ուղղեց զանգեզուրցիներուն` պաշտպանելու Ղարաբաղը: Կոչին մէջ կ՛ըսուէր, որ Ազրպէյճան, չբաւարարուելով Ագուլիսի, Գողթանի եւ հայկական այլ բնակավայրերու աւերով, այժմ կը ձգտի ոչնչացնել Ղարաբաղը եւ շարժիլ դէպի Զանգեզուր:
Սերգէյ Մելիք Եոլչեան կ՛ըսէր. «… Ղարաբաղի ազատ լեռների արծիւները համարձակ կերպով մերժել են Ադրբեջանի պահանջները, եւ դիմել ապստամբութեան: Այժմ Ադրբեջանը վերջին անգամ փորձում է ճնշել Ղարաբաղը, ոչնչացնել Զանգեզուրը եւ մեր երկրի փլատակների վրայով միանալ Տաճկաստանի հետ: Զանգեզուրի հերոսներ, ձեզ եմ դիմում վերջին անգամ եւ կոչում` ի զէն: …Մի՞թէ դուք թոյլ կը տաք, որ վայրենաբարոյ Ադրբեջանը զէնքի ուժով դուրս վանէ ձեզ ձեր հարազատ հայրենիքից:… Քաջարի մարտիկներ, վերջին անգամ կոչում եմ ձեզ` յառա՜ջ, մինչեւ որ նենգամիտ թշնամին կը ջարդուի եւ մինչեւ որ ազատ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը կը ծածանուի Ղարաբաղի բոլոր ամրոցների եւ մարտկոցների վրայ: …Առանց Զանգեզուր-Ղարաբաղ չկայ Հայաստան»:
* * *
Մարտ 22-ի երեկոյեան հայկական մարտական ուժերը Ալեքսանդր Տայիի հրամանատարութեամբ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Խանքենդիի վրայ, գրաւեցին ռազմագիտական կարեւոր դիրքեր եւ շրջափակեցին հոն տեղակայուած ազրպէյճանական շուրջ 1500 հոգինոց զօրագունդը:
Շրջապատուած զինուորները մառախուղի պատճառով յառաջացած շփոթէն օգտուելով զէնքի դիմեցին: Բուռն կռիւներէ ետք հայ մարտիկներուն մէկ մասը քաշուեցաւ դէպի Խնածախի դիրքերը, իսկ միւսները յաջողեցան շրջապատուած պահել ու չէզոքացնել ազրպէյճանցի զինուորները:
Մարտ 22-էն 23 լուսցող գիշերուան ընթացքին հայկական ուժերը հայդուկապետ Դալի Ղազարի հրամանատարութեամբ գրոհեցին Ասկերանի բերդին վրայ եւ գրաւեցին զայն:
Ասկերանը գրաւելէն անմիջապէս ետք մարտ 23-ի առաւօտուն հայ մարտիկները զինաթափեցին Խոջալուի մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական կայազօրը եւ փակեցին դէպի Շուշի ճանապարհը:
* * *
Ազրպէյճանական բանակի միաւորներ եւ թաթար մոլեռանդ խուժանը երեքշաբթի, 23 մարտ 1920-ի առաւօտուն յարձակման անցան Շուշիի հայկական թաղերուն ուղղութեամբ եւ սկսան հրդեհել հայերու բնակարանները:
Քաղաքի հայկական մասի ուղղութեամբ փչող քամին արագօրէն սկսաւ տարածել հրդեհը: Թէեւ տուները քարաշէն էին, սակայն իւղաներկերով ներկուած փայտէ տանիքները, պատշգամները եւ յենածածկերը արագօրէն հրդեհուեցան:
Թաթարները առաջ շարժեցան դէպի հայկական թաղերու խորերը` կրակի ու թալանի մատնելով ամբողջ քաղաքը: Յառաջացող խուժանը անխնայ սուրի կը քաշէր հանդիպող հայերը:
Կէսօրուան մօտ հայերուն մեծ մասը, մառախուղէն օգտուելով, խուճապահար սկսաւ փախուստ տալ դէպի Քարինտակի ճանապարհը:
Սակայն ժողովուրդին մէկ մասը, երեքէն չորս հազար հոգի մնաց քաղաքին մէջ, յուսադրուած ըլլալով Գիգի աղա Քալանթարեանի եւ Ռուբէն Շահնազարեանի յորդորներով: Անոնցմէ շատեր Բեգլարեաններու ընդարձակ բակը հաւաքուեցան, ուր Գիգի աղա կրկին ըսաւ, որ Սուլթանով ոչ ոքի ձեռք պիտի չտայ:
Տասնօթամեայ Զարեհ Մելիք Շահնազարեան, որ Արցախի ժամանակաւոր կառավարութեան բանակին մէջ ծառայութեան անցած էր, հինգ ընկերներով հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ:
Զարեհի հայրը` ճարտարագէտ Սամսոն բէկ Մելիք Շահնազարեան Արցախի ռազմական խորհուրդի անդամ էր, մասնակցած էր իննապաշտպանական կռիւներուն եւ քանի մը օր առաջ ծանր վիրաւորուած ու մահացած էր:
Դիմադրութեան ընթացքին զոհուեցան Զարեհի մօրաքոյրը եւ փոքր եղբայրը` մօր գիրկին մէջ:
Զարեհ յաջողեցաւ իր մայրը, քոյրերն ու եղբայրները դուրս բերել եւ ուղեկցիլ մինչեւ Քարինտակի ճանապարհը, ուր անոնք քաղաքը լքող միւս բնակիչներուն հետ ուղեւորուեցան շրջակայ հայկական գիւղերը:
Զարեհ վերադարձաւ եւ իր ընկերներուն հետ շարունակեց ինքնապաշտպանութիւնը:
Դիմադրութեան ընթացքին անոնց միացաւ Զարեհենց դրացի տասնվեցամեայ Սուրէն, որուն մայրը, երկու եղբայրներն ու քոյրերը բռնաբարուած եւ սպաննուած էին: Սպաննուած էր նաեւ անոր հայրը:
Զարեհ եւ իր ընկերները Չերքէզի խանութին մօտ, փուռի կողքին կը գտնուէին, երբ իմացան որ մեծ թիւով հայեր Բեգլարեաններուն բակը հաւաքուած են: Գիգի աղայի դատարկախօսութեան հաւատացող ժողովուրդը փրկելու համար մարտիկները Բեգլարեաններուն բակը մտան: Գիգի աղա մարտիկներուն մօտենալով հարցուց, որ ի՞նչ կ՛ուզեն: Զարեհ պատասխանեց. «Մեր հրամանատարը ըսած է որ ազատ ձգէք բոլոր փախստականները, որոնց կը սպասէ Քարինտակի ճամբուն վրայ. հրամանը պէտք է կատարուի»: Գիգի աղա գլխարկը հանեց, գետին նետեց եւ ժողովուրդին ըսաւ. «Պարոնայք, մի՛ լսէք անոնց, ոչ մէկ տեղ մի՛ երթաք, ես կը փրկեմ ձեզ»:
Զարեհին եւ անոր ընկերներուն քիչեր հետեւեցան: Մեծամասնութիւնը մնաց բակին մէջ:
Զարեհ հետագային կը գրէր. «Այն ժամանակ, երբ մենք լքեցինք Գիգի աղայի բակը, որտեղ բազմաթիւ մարդիկ կային, քաղաքի հոգեվարքը շարունակւում էր: Մենք տեսանք` ինչպէս են շուշեցիները երկար շարանով մթնշաղի մէջ Քարինտակի ճանապարհով գնում դէպի հայկական գիւղերի կողմը, որտեղ նրանց սպասում էր փրկութիւնը:… Նրանք, ովքեր ողջ էին մնացել, լքեցին մեռնող փոքրիկ հայկական Փարիզը, ինչպէս շատերն էին անուանում Շուշին»:
Երեկոյեան դէմ Շուշիի տեսարանը սոսկալի էր: Ամէնուրեք կրակի բոցեր կը բարձրանային: Ամէն կողմէ լացի ու աղմուկի ձայներ կը լսուէին: Արեան խրախճանքը կը շարունակուէր:
* * *
Մարտ 24-ի առաւօտուն թաթար խուժանը փողոց առ փողոց, տուն առ տուն շրջելով սկսաւ փնտռել թաքնուած հայերը եւ սուրի քաշել: Նկուղներու մէջ եւ քաղաքի ծայրամասերուն թաքնուած բազմաթիւ կիներ, երեխաներ եւ տղամարդիկ բռնուելով խողխողուեցան:
Գիգի աղա Քալանթարեանի յորդորով, Բեգլարեաններու բակին մէջ հաւաքուած ժողովուրդին վախճանը ողբերգական եղաւ: Թաթարներ հսկողութեան տակ զանոնք բանտ տարին, ուր կիներն ու աղջիկները զատեցին տղամարդոցմէ եւ բռնաբարեցին: Ամէնէն աւելի գեղեցիկ աղջիկներն ու կիները պահեցին, իսկ մնացեալները սպաննեցին: Տղաներն ալ բռնաբարուեցան եւ յետոյ սպաննուեցան: Յետոյ սկսան հաշուեյարդար տեսնել տղամարդոց հետ, որոնց, նախազգուշական նկատառումներով, կապած էին: Զանոնք կարգով մօտեցուցին դահիճին, որ նստած էր` աջ ձեռքը սուր դանակ բռնած: Դահիճը մէկ-մէկ անդամահատելով, կտոր-կտոր ընելով սպաննեց զանոնք: Դահիճը կտրեց նաեւ Տէր Յարութիւն քահանային գլուխը, որ յետոյ ցուցադրաբար տարին եւ քաղաքի թաթարական թաղամասի փողոցներուն մէջ պտտցուցին:
Դահիճը հանրութեան առջեւ սպաննեց նաեւ 15-էն 20 տարեկան վաթսուն պատանիներ: Պատանիներէն մէկուն մայրը` Տաթեւիկ, ուշքը կորսնցուց. աչքերը բանալէն ետք ան յաջողեցաւ փախուստ տալ. հետագային ան ըսաւ, «Ես չեմ փրկուած ապրելու համար. Աստուած զիս փրկեց, որ ես մեր հայրենակիցներուն պատմեմ` ինչ ըրած են դահիճ մուսաւաթականները Շուշիի հայերուն հետ»:
Թաթարներ Արցախի առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Տէր Գրիգորեանը հրապարակաւ գլխատեցին եւ յետոյ գլուխը քաղաքի փողոցներուն մէջ պտտցուցին: