Ազրպէյճանի Խորհրդայնացումը Եւ Վերջնագիր Հայաստանի
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գարեգին Նժդեհ, Սիւնիքի եւ Արցախի միջեւ խրուած թաթարական սեպը վերցնելէն ետք մտաւ Ղարաբաղ եւ ստանձնեց Դիզակի պաշտպանութիւնը` այդպէսով չէզոքացնելով Դրոյի զօրքին աջ թեւին սպառնացող վտանգը:
Նժդեհի ջոկատը, որ «Հարաւ-ղարաբաղեան» անուանումը ստացաւ, այնուհետեւ անցաւ Վարանդա եւ շարժեցաւ դէպի Շուշի:
Մինչ Գարեգին Նժդեհ իր մարտիկներով Արցախ կը մտնէր, Գորիսի մէջ յաղթական զօրահանդէս տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին զանգեզուրցիք պահանջեցին ամէն գնով օգնութեան հասնիլ ղարաբաղցիներուն:
Նժդեհի մարտիկներու դէպի Շուշի յառաջխաղացման լուրը առնելով, ճամբու երկու կողմերու գիւղերու թաթար եւ քիւրտ բնակիչները, իրենց բնակավայրերը լքելով փախուստի դիմեցին: Անոնցմէ շատեր Պարսկաստան անցան:
Դրօ պաշտօնապէս դիմաւորելով Նժդեհի մարտիկները ըսաւ. «Շնորհաւորում եմ քաջարի զանգեզուրցիների մուտքը Ղարաբաղ, որ ցանկալի րոպէին նրանք օգնութեան հասան հարազատ Ղարաբաղին: Իւրաքանչիւր զանգեզուրցի թող յիշի, որ կռուելով պատմական Ղարաբաղի լեռներում, դրանով նա կռւում է ամբողջ Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Զանգեզուրի ազատութեան եւ խաղաղութեան համար: Վստահ եմ, սպաներ եւ զինուորներ, առաջնորդութեամբ ձեր արժանաւոր հրամանատար փոխգնդապետ Նժդեհի, քաջարի տեղացիների հետ, որ ահա ամբողջ մի ամիս է կռւում են, ոչ միայն կը թեթեւացնէք Ղարաբաղի հայերի վիճակը, այլ եւ ձեր կորովի ասպետական գործողութիւններով կը հանդիսանաք Ղարաբաղի հայ ժողովրդի բախտաւորութեան եւ ազատ գոյութեան ապագայի գրաւականը»:
* * *
Դրօ ստանձնեց Արցախի զինուորական հրամանատարութիւնը, իսկ քաղաքացիական մասի վարչութիւնը Արսէն Միքայէլեանի յանձնեց: Ստեղծուեցաւ վարչական մարմին` իր բաժանմունքներով, որուն եւ զինուորական իշխանութեան միջեւ կապը պէտք է պահպանէր Արսէն Միքայէլեան:
Արսէն Միքայէլեան Դրոյէն խնդրեց զինք ազատ կացուցանել եւ իր փոխարէն ուրիշ մէկը պաշտօնի կոչել, բայց Դրօ մերժեց:
Դրօ եռանդուն կերպով ձեռնամուխ եղաւ կազմակերպչական աշխատանքներու: Ան Վարանդայի եւ Դիզակի միջեւ, ինչպէս նաեւ Զանգեզուրի հետ հեռաձայնային գիծ հաստատեց:
* * *
Թաղավարդ
Դրօ ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմող վարիչներու միջոցով 25 ապրիլ 1920-ին Թաղավարդ գիւղին մէջ արցախահայութեան համագումար հրաւիրեց:
Արցախահայութեան իններորդ համագումարը միաձայնութեամբ որոշեց զինուորական գործողութիւններու սկսիլ, շտապ կերպով հայկական Արցախէն արտաքսելու համար Ազրպէյճանի զօրքերը, նկատի ունենալով այն բարեյաջող պայմանները, որ զինուորական տեսակէտով մենք աւելի կազմակերպուած ենք, քան Ազրպէյճան:
Համագումարը ընդունեց հետեւեալ որոշումները.
Ա) Չեղեալ յայտարարել արցախահայութեան եօթներորդ համագումարին անունով Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրը` մեկնելով այն իրողութենէն, որ անիկա խախտուած է Ազրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Շուշիի եւ գիւղերուն մէջ հայ բնակչութեան դէմ կազմակերպուած յարձակումով:
Բ) Հռչակել Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան, իբրեւ անոր անբաժանելի մասը:
Գ) Խնդրել Հայաստանի Հանրապետութեան Մոսկուա գտնուող պատուիրակութենէն` համագումարի որոշման մասին յայտնել Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութեան:
Համագումարը կը խոստանար ըստ ամենայնի զոհաբերութիւններ ընել:
Համագումարը ներկայացուցիչներ ուղարկեց Երեւան, Հայաստանի կառավարութեան զեկուցելու Արցախի իրադարձութիւններու մասին եւ միաժամանակ մասնակցելու Թիֆլիսի մէջ կայանալիք համագումարին, ուր օրակարգի վրայ էր նաեւ Արցախի հարցը:
* * *
Համագումարը հազիւ աւարտած, հայկական մարտական ուժերը յարձակեցան թաթարական Աւդալ-Գիւլափլու գիւղին վրայ, ուր մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք կեդրոնացուած էր, եւ խուճապի մատնեցին շրջանին բնակիչները:
Դրօ իր տրամադրութեան տակ ունէր շուրջ հինգ հազար հոգինոց մարտական ուժ, վեց թնդանօթ, հազարաւոր ռումբեր եւ կէս միլիոնէ աւելի փամփուշտ:
Ապրիլի վերջաւորութեան Երեւանէն Արցախ ժամանեց Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Տէր Յակոբեան եւ զեկուցեց քաղաքական անցուդարձերու մասին: Ան միաժամանակ տեղեկութիւններ հաւաքեց Արցախի իրավիճակին մասին:
* * *
Կարմիր բանակը Պաքուի մէջ
Դէպքերը արագօրէն կը յաջորդէին իրարու եւ քաղաքական հանգամանքները սկսած էին փոխուիլ: Ռուսական բոլշեւիկեան Կարմիր բանակը 1920 ապրիլ 11-ին Հիւսիսային Կովկասի մէջ ջախջախած էր Կամաւորական բանակը եւ կը մօտենար Ազրպէյճանի սահմաններուն: Ազրպէյճանի բոլշեւիկները կը պատրաստուէին Պաքուի մէջ զինուած ապստամբութիւն բարձրացնելու եւ գրաւելու իշխանութիւնը:
Ազրպէյճանի բոլշեւիկները Կարմիր բանակին օգնութեամբ 28 ապրիլ 1920-ին Պաքուի մէջ տապալեցին մուսաւաթական կառավարութիւնը եւ խորհրդային իշխանութիւն հաստատեցին:
Ապրիլ 29-ին, Պաքուէն Մոսկուա, Լենինի ուղարկուած հեռագիրին մէջ կ՛ըսուէր.
«Ազրպէյճանի Խորհրդային հանրապետութեան ժամանակաւոր զինուորական յեղափոխական կոմիտէն, որ իշխանութեան գլուխ անցաւ Պաքու քաղաքի յեղափոխական բանուորներու եւ Ազրպէյճանի աշխատաւոր գիւղացիութեան կամքով, յայտարարելով հին մուսաւաթական կառավարութիւնը ժողովուրդի դաւաճան եւ թշնամի երկրի անկախութեան, կը խզէ իր յարաբերութիւնները դաշնակիցներու եւ Խորհրդային Ռուսաստանի թշնամիներուն հետ:
Անկարող ըլլալով սեփական ուժերով դիմադրելու սեփական արտաքին եւ ներքին հակայեղափոխական միացած յելուզակներու յարձակման, Ազրպէյճանի զինուորա-յեղափոխական կոմիտէն կ՛առաջարկէ Ռուսաստանի Խորհրդային հանրապետութեան կառավարութեան եղբայրական դաշինք կապել` միասին պայքարելու համաշխարհային կայսերապաշտութեան դէմ եւ կը խնդրէ անմիջապէս իրական օգնութիւն ցոյց տալ, ուղարկելով Կարմիր բանակի զօրամասեր:
Ազրպէյճանի համայնավար հանրապետութեան զինուորական յեղափոխական կոմիտէ` Նարիման Նարիմանով, Միրզա Տաւուտ Հիւսէյնով, Համիտ Սուլթանով, Ալիմով եւ Ալի Հայտար Կարաեւ»:
* * *
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճան վերջնագիր ներկայացուց Հայաստանի: Արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսար Հիւսէյնով երեք օր պայմանաժամ տուաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն Ղարաբաղէն եւ Զանգեզուրէն զօրքերը դուրս բերելու, «դէպի ձեր սահմանները քաշուելու» եւ «ազգամիջեան կոտորածը դադրեցնելու» համար: Վերջնագիրը չկատարելու պարագային Խորհրդային Ազրպէյճան կը սպառնար պատերազմ յայտարարելու Հայաստանի դէմ:
Հայաստանի գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ վերջնագիր ներկայացուցին նաեւ կովկասեան ռազմաճակատի ռազմայեղափոխական կոմիտէի նախագահ Սերգօ Օրջոնիկիձէ եւ առաջին բանակի ռազմայեղափոխական խորհուրդի անդամներ Սերգէյ Կիրով եւ Միխայիլ Լեւանդովսկի: Պահանջները գրեթէ նոյնն էին: Վերջնագիրը չընդունելու պարագային Հայաստան գործ պիտի ունենար Խորհրդային Ռուսաստանի բանակին հետ:
Բոլշեւիկներուն համար Հայաստան սեպ մըն էր համաշխարհային յեղափոխութեան դէպի Արեւելք տարածման եւ խոչընդոտ` յեղափոխական ուժերու միաւորման ճամբուն վրայ:
Վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան
Հայաստանի վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան, պատասխանելով Օրջոնիկիձէի եւ Կիրովի, մայիս 1-ին յայտնեց, որ Հայաստան զօրք չունի Ղարաբաղի մէջ, միաժամանակ խնդրելով ճնշում գործադրել Խորհրդային Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի իր զօրամասերը դուրս բերէ Ղարաբաղէն եւ դադրեցնէ յարձակումը:
Պատասխան հեռագիրին մէջ Խատիսեան կը գրէր. «Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ Սովետական Ռուսաստանին ներկայացուցիչներ ուղարկել Ղարաբաղ` չէզոք յանձնաժողով մը, երկրի իսկական դրութիւնը պարզելու համար: … Իմ կառավարութիւնը հարկ կը գտնէ յայտարարելու, որ ներկայ պարագային հիմք չկայ վերջնագիրի, եւ կատարեալ վստահութիւն ունենալով, որ Սովետական Ռուսաստանի բանուորա-գիւղացիական կառավարութիւնը, որ վաղուց ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը Լենինի հռչակագիրով եւ չորրորդ համառուսական սովետներու համագումարի վճիռով, թոյլ չի տար ճնշում գործադրել հայ աշխատաւոր ժողովուրդին վրայ»:
Խատիսեան Հիւսէյնովի հեռագիրին պատասխանեց մայիս 4-ին:
Մինչ այդ, մայիս 3-ին Հայաստանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ գումարեց, ուր քննարկեց ստեղծուած իրավիճակը: Այդ նիստի ընթացքին բոլշեւիկները եւ էսեռները պաշտպանեցին խորհրդային իշխանութիւններուն տեսակէտը:
Նիստին կը մասնակցէին նաեւ կառավարութեան անդամները:
Արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան ներկայացուց Ազրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման ընթացքը եւ անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայացուած վերջնագիրին: Ան նշեց, որ իրենց պատասխաններով ցոյց տուած էին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը տոգորուած է գերազանց խաղաղասիրութեամբ, սակայն կը հետեւի ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին, իսկ հայ ժողովուրդը պատրաստ է ամէն գնով պաշտպանելու Հայաստանի սահմաններն ու անկախութիւնը:
Օհանջանեանի յայտարարութեան դահլիճը արձագանգեց բուռն ծափահարութիւններով: Քննարկման ընթացքին երեսփոխան Սահակ Թորոսեան անդրադարձաւ ռուսական համայնավարութեան, համառօտ վերլուծութիւն եղաւ բանուորա-գիւղացիական դասակարգի մասին եւ եզրակացուց, որ համայնավարութեան կառուցման նախադրեալներ չկան Ազրպէյճանի մէջ, եւ տեղի ունեցածը կեղծիք է:
Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Ռուսաստանի, Թորոսեան նշեց, որ թէեւ հայ ժողովուրդը մշակութային կապերով կապուած է Ռուսաստանի հետ, սակայն կարեւոր է ինքնորոշման սկզբունքը, որ ընդունած է համայնավարներու Մոսկուայի համագումարը: Հայաստանի իշխանութիւնը Խորհրդային Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կը հիմնուի Լենինի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ, որ ամփոփուած է Թրքահայաստանի մասին «դեկրետ»-ով:
Խմբապետ Սեպուհ ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ իր զինուորներն ու հայկական բանակը մինչեւ վերջ կը կռուին հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Սեպուհ անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ ըսաւ որ բոլշեւիկներուն եւ ազրպէյճանցիներուն նպատակն է Զանգեզուրի վրայով միանալ Նախիջեւանի, ապա` Թուրքիոյ:
Նիստը աւարտեցաւ յատուկ բանաձեւի ընդունումով, ուր խորհրդարանը աջակցութիւն կը յայտնէր կառավարութեան գործելակերպին եւ կը հրահանգէր ձեռք առնել բոլոր միջոցները` փրկելու հայ ժողովուրդին գոյութիւնն ու ազատութիւնը: