Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Հակահայ Նախճիրները Սանձելու Ուղղուած Քայլեր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

December 11, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայերը Խոչընդոտ` Ազրպէյճանական
«
Ազգ–Պետութեան» Կազմաւորման Ճամբուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Առաքել գիւղի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին

Ազրպէյճանական բանակը եւ թաթար խուժանը Շուշին աւերելէն եւ անոր բնակիչները կոտորելէն ետք, լայնածաւալ յարձակման անցնելով, 3 ապրիլ 1920-ին գրաւեցին Ասկերանը:

Հայկական մարտական ուժերը նահանջեցին Ասկերանի ճակատէն, իսկ ազրպէյճանական զօրքերը Խաչենի շրջան մտնելով սկսան հրդեհել հայկական գիւղերը:

Սիւնիքէն Արցախ մտած հայկական ուժերը բռնեցին նահանջի ճամբան: Գնդապետ Թարվերդեան, նկատի ունենալով որ միայն հինգ հարիւր ռումբ ունի իր տրամադրութեան տակ, նախընտրեց, առանց թշնամի դիրքերը ռմբակոծելու, թնդանօթներով, հեծելազօրքով եւ հետեւակազօրքով քաշուիլ Տումի` Զանգեզուր անցնելու նպատակով, այն մտավախութեամբ որ թշնամին կրնայ բռնել Զանգեզուր-Խծաբերդ գիծը եւ անելանելի կացութեան մատնել հայկական ուժերը:

Թարվերդեանի զօրքին նահանջէն ետք Վարանդայի ճակատին մօտ գտնուող հայկական գիւղերու բնակիչները խուճապահար փախուստ տուին դէպի Տումի:

Սակայն տեղացի մարտիկները վճռեցին հաստատ մնալ իրենց դիրքերուն վրայ: Բուռն բախումներէ ետք անոնք կասեցուցին թշնամիին յառաջխաղացքը:

Տեղահան եղած գիւղերու բնակիչները ապրիլ 6-ին վերադարձան իրենց տուները:

Թարվերդեանի նահանջած զօրքը տեղացի 54 մարտիկներու հետ կրկին բռնեց լքուած դիրքերը:

Ծաղկավանքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Ազրպէյճանական ուժերը յարձակման անցան Հադրութ, Առաքել եւ Խրմանջուղ (ներկայիս` Ծաղկավանք) գիւղերուն ուղղութեամբ, բայց ետ մղուեցան:

Գնդապետ Թարվերդեան Վարանդայի ռազմաճակատ վերադառնալով վերականգնեց դրութիւնը եւ վերջ տուաւ խուճապին:

* * *

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Երեւանի խորհուրդը, 4 ապրիլ 1920-ին, լսելով Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի վերջին դէպքերու մասին Սիմոն  Վրացեանի զեկուցումը, որոշեց բոլոր միջոցներով աջակցիլ կառավարութեան` ապահովելու համար Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան:

Երեւանի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու Հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ ապրիլ 7-ին ընդհանուր ժողովի հրաւիրուեցաւ: Միութեան վարչութեան նախագահ Դաւիթ Անանուն (Տէր Դանիէլեան) ժողովականներուն տեղեկացուց Ղարաբաղի արիւնալի անցքերու մասին: Ժողովականները կոչով մը դիմեցին դրացի ժողովուրդներու «դեմոկրատական» կազմակերպութիւններուն, որ անոնք ի գործ դնեն բոլոր միջոցները` սանձելու արցախահայութեան դէմ ուղղուած բարբարոսութիւններուն:

* * *

Արցախահայութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կազմակերպած բարբարոսութիւններուն դէմ բողոքի ձայն բարձրացուց Հայաստանի կառավարութիւնը եւ վճռեց անյապաղ օգնութեան հասնիլ:

Կառավարութիւնը դաշնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց հայութեան նկատմամբ Ղարաբաղի մէջ սաստկացող կոտորածներուն վրայ եւ կոչ ուղղեց ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` այդ արիւնահեղութիւններուն վերջ տալու համար:

Վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան Ազրպէյճանի գործողութիւններու մասին տեղեկացուց Անդրկովկասի մէջ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական եւ ռազմական ներկայացուցիչներուն:

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Թումանեան Խատիսեանի զեկուցեց, որ Մեծն Բրիտանիոյ կոմիսար Ուորդրոպ ըսած է, որ ինք ոչինչ կրնայ ընել, եւ Ազրպէյճան ու Հայաստան իրենք պէտք է լուծեն իրենց խնդիրները: «Տպաւորութիւնս այն է, որ Ուորդրոպը Ղարաբաղի խնդրում ձեռները լուանում է եւ կը խառնուի միայն այն դէպքում, երբ դա կը պահանջեն անգլիական շահերը», կը գրէր Միքայէլ Թումանեան:

Միւս կողմէ, վրացիք լրջօրէն մտահոգուած էին հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեամբ, եւ փորձեցին միջնորդական քայլեր նախաձեռնել: Արցախի մէջ իրադարձութիւններու հետագայ բարդացումը կրնար աւելի հաւանական դարձնել բոլշեւիկներու ներխուժումը Ազրպէյճան եւ հոնկէ` Վրաստան: Ազրպէյճան իր բանակին մեծագոյն մասը ուղարկած էր Ղարաբաղ եւ հիւսիսէն յարձակման պարագային չէր կրնար դիմադրութիւն ցոյց տալ:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Եւգենի Գեգեչկորի Միքայէլ Թումանեանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ ազրպէյճանցիները լուրեր կը տարածեն, որ Ղարաբաղի մէջ հայերը կը գործակցին բոլշեւիկներուն հետ: Գեգեչկորի շարունակեց ըսելով, որ ազրպէյճանցիք կ՛աշխատին զինք համոզել, որ հայերը բոլշեւիկներուն հետ կապեր հաստատած են, եւ որ Ղարաբաղի ապստամբութիւնը հետեւանք է անոնց ընդհանուր դաւադրութեան: Գեգեչկորի աւելցուց, որ ինք չի կարծեր որ Ղարաբաղի դէպքերը Հայաստանի կառավարութեան ձեռքով կազմակերպուած ըլլան, որովհետեւ այլապէս սահմանին վրայ եւ Ղարաբաղի մէջ իսկոյն հայկական զօրքեր կ՛երեւէին:

Իր կարգին Պաքուի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Մարտիրոս Յարութիւնեան ապրիլ 15-ին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ֆաթալի խան Խոյսկիի հետ հանդիպման ժամանակ խստօրէն դատապարտեց Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը:

Մարտիրոս Յարութիւնեան ապրիլ 16-ին Խատիսեանին գրեց, թէ ինչ կը պատմեն Շուշիի դէպքերու մասին իրենք` թաթարները. «Մեր կողմերը այլեւս հայ չէք գտներ եւ ոչ ալ այնպիսի թուրքի կրնաք հանդիպիլ, որ հարիւր հազարէն պակաս թալան բերած ըլլայ: Այնպիսի մարդ կայ, որ մէկ միլիոնէն աւելի ապրանք բերած է. բոլորը մէկ դասակարգ եղան: Ոչ հարուստ կայ, ոչ չունեւոր, բոլորը հաւասարեցան»:

* * *

Ազրպէյճանի պետական եւ քաղաքական գործիչները լաւ գիտէին, որ այն տարածքներուն վրայ ուր իրենք պետականութիւն ստեղծեցին, այդ անունով պետութիւն չէ եղած եւ այդ տարածքները իրենց չեն պատկանած: Այդ առումով իրենց պետականութիւնը Թուրանի կազմէն ներս կրնար ապահովել իրենց ազգակից ու կրօնակից Թուրքիան:

Թուրանի ճամբուն վրայ կար մեծ խոչընդոտ մը` Հայաստանը եւ հայութիւնը: Ազրպէյճան զրկուած էր Թուրքիոյ հետ անմիջական սահմանէ: Այդ հիմամբ ալ Ազրպէյճան իր ստեղծման առաջին օրէն սկսաւ հողային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի:

Թուրքիոյ հետ կապուելու համար Ազրպէյճան Հայաստանէն կը պահանջէր Արցախը, Սիւնիքը, Շարուրը, Նախիջեւանը, Վիդիբասարն ու Զանգիսբասարը (ներկայ Արարատի մարզ), Սուրմալուն եւ Կարսը, նաեւ` Սեւանայ լիճի ափամերձ գօտին` Բասարգեչարը (Վարդենիս):

Ազրպէյճանի պետական գործիչներու հիմնական նպատակն էր միատարր բնակչութեամբ «ազգ-պետութիւն» ստեղծել եւ երկիրը թրքացնել: Հայերուն թիւը Ազրպէյճանի մէջ մօտաւորապէս կէս միլիոն էր եւ անոնք երկրի շուրջ երկու միլիոն բնակչութեան քառորդը կը կազմէին:

Ազրպէյճանի պետական գործիչները կը գտնէին, որ իրենց երկրին մէջ այդպէս հոծ բնակչութեամբ հայութեան գոյութեան պայմաններուն տակ պետականութիւն չի կրնար ըլլալ: Հետեւաբար հայութեան ոչնչացումով կարելի էր հասնիլ Ազրպէյճանի բնակչութեան միատարրութեան: Հայութիւնը ոչնչացնելով անոնք այլեւս չէին յաւակներ եւ պայքարեր իրենց պատմական տարածքներուն համար:

Միւս կողմէ, Պաքու հայութեան հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր: Պաքուի նաւթահորերուն զգալի մասը հայ արդիւնաբերողներուն կը պատկանէր: Հայեր կարեւոր դերակատարութիւն ունէին արդիւնաբերութեան շարք մը ճիւղերու, արտաքին եւ ներքին առեւտուրին մէջ: Անոնք տեղացի իսլամ արդիւնաբերողներուն եւ առեւտրականներուն լուրջ մրցակիցներն էին: Անոնցմէ ազատուելու միակ ճանապարհը զանոնք բնաջնջելն էր: Հայ արդիւնաբերողները ոչնչացնելով, առանց մեծ ջանքերու, ազրպէյճանցիները միլիառներու հասնող դրամագլուխի տէր կը դառնային:

Տնտեսական միւս գործօնը սերտօրէն կապուած էր Ազրպէյճանի բնակչութեան գերակշիռ մասը կազմող քոչուոր անասնապահներուն կենսատարածք նուաճելու հանգամանքին հետ: Հայեր բռնած էին Ղարաբաղի եւ յարակից գօտիներու լեռնային եւ նախալեռնային գօտիները: Հայ բնակչութիւնը կոտորելով քոչուոր ցեղախումբերուն հնարաւորութիւն կը տրուէր տիրանալու նոր արտօնավայրերու եւ մեծ քանակութեամբ անասուններու:

Իսկ դաշտային շրջաններու հայերը կոտորելով, ազրպէյճանցիք հարուստ գիւղեր ու շէներ եւ նոր վարելահողեր ձեռք կը ձգէին:

* * *

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ինչո՞ւ Շուշին դարձուց իր հարուածին հիմնական թիրախը:

Նախ` Շուշին Ղարաբաղի մայրաքաղաքն էր: Հոն էր որ կազմաւորուած էր Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութիւնը, որ հայկական երկրորդ պետութեան մը կազմաւորման առաջին քայլն էր: Շուշիի մէջ կեդրոնացած էին քաղաքական հիմնարկները եւ երկրի կառավարման լծակները: Ոչնչացնել այդ բոլորը` կը նշանակէր գլխատել Ղարաբաղի հայութիւնը:

Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կը թուէր, թէ աւերելով Շուշին` արցախահայութիւնը կը յուսալքուի եւ գլխատուած ժողովուրդը Ազրպէյճանի ողորմութեան կը յանձնուի: Այսինքն` հայկական այդ երկրամասը վերջնականապէս Ազրպէյճանի կը կցուի եւ կը լուծուի Ղարաբաղի խնդիրը:

Միւս կողմէ, Շուշին հայկական մշակութային կեանքի գլխաւոր օճախներէն մէկն էր, գրականութեան, արուեստներու եւ գիտութեան նշանաւոր գործիչներու, ինչպէս նաեւ յեղափոխական աննկուն հերոսներու ծննդավայրը, որ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունէր հայոց քաղաքակրթական համակարգին մէջ: Ոչնչացնելով Շուշին` ազրպէյճանցիներուն կը թուէր, որ այդպիսով կը կտրուի հայոց պատմական առաքելութեան կենսական զարկերակը:

Անգնահատելի էր նաեւ Շուշիի ռազմագիտական արժէքը: Շուշի Արցախի կեդրոնն էր եւ հայկական այդ երկրամասը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող հիմնական օղակը: Շուշիի ոչնչացումով Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ գրեթէ անհնար կը դառնար:

Բերձոր

Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ամբողջութեամբ կտրելու համար կը մնային Բերձորի հայկական գիւղերը, որոնք աւերելը այլեւս այնքան ալ դժուար չէր: Իսկ հայկական Շուշիի աւերումէն ետք այդ գիւղերուն գոյութիւնը այլեւս անհնար կը դառնար:

Բերձորի հայկական բնակավայրերը աւերելէ ետք դաշտային շրջաններու մէջ կեդրոնացած թաթար քոչուոր ցեղերը հնարաւորութիւն կը ստանային կապուելու Քաշաթաղի քիւրտերուն հետ:

Շուշիի մէջ հայկական ջարդերու կազմակերպման եւ քաղաքի աւերման մէջ մեծ դեր ունեցան շուշեցի թաթարները: Շուշիի հայկական թաղերը ծաղկուն ու բարգաւաճ էին, եւ հայեր իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էին առեւտուրը, արդիւնաբերութիւնը եւ արհեստները: Հայերու կողքին ապրող թաթարները, մոլեռանդ եւ ոխակալ, կամայ թէ ակամայ հակակրանք եւ ատելութիւն ունէին հայերուն նկատմամբ: Շուշիի հայերէն թալանուած կայքին ու գոյքին տէր դարձան գլխաւորաբար քաղաքին թաթար բնակիչները:

* * *

Աղտամ-Շուշի ճանապարհը թաթարներու հակակշիռին տակ անցած էր, եւ այսպիսով Արցախ երկու մասի բաժնուած էր: Դիզակն  ու Վարանդան կտրուած էին Խաչեն, Ջրաբերդ եւ Գիւլիստան գաւառներէն:

Վարանդայի ուղղութեամբ ապրիլ 5-էն 13 բուռն մարտեր մղուեցան: Սղնախ գիւղին մօտ թշնամին ծանր կարուստներ կրեց: Նոյն ժամանակ լուր հասաւ, որ Հայաստանէն օգնական ուժեր ճամբայ ելած են դէպի Արցախ:

Արդարեւ, ստեղծուած ծանր կացութեան պայմաններուն տակ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանական ուժերը որոշեցին օգնութեան ձեռք մեկնել Արցախին: 13 ապրիլ 1920-ին Զանգեզուրի կողմէն Վարանդա մտան Դրոյի հրամանատարութեան տակ գտնուող զօրքերը: Այնուհետեւ Դիզակ մտան Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեան տակ գործող զօրքերը: Արցախահայութիւնը ամէնուրեք ցնծութեամբ դիմաւորեց իր ազատարարները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.