ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մոսկուայի մէջ Լեւոն Շանթի պատուիրակութեան եւ խորհրդային ղեկավարութեան միջեւ բանակցութիւնները տակաւին չէին աւարտած, երբ վարչապետ Համօ Օհանջանեան 15 յուլիս 1920-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Երեւանի ներկայացուցչական խորհուրդի նիստին զեկուցեց, որ Հայաստանի պատուիրակութեան բանակցութիւնները Ռուսաստանի հետ շատ դանդաղ կ՛ընթանան, եւ Հայաստան չի կրնար չնշմարել Քեմալի եւ Լենինի մերձեցումը:
Կոռնիձորի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին եւ քարայր-բնակարանները
Օհանջանեան շարունակեց ըսելով որ եթէ Խորհրդային Ռուսաստան անկեղծօրէն չէ կանգնած Հայաստանի անկախութեան տեսակէտին վրայ, եւ եթէ ան որոշած է հայ ժողովուրդի դիակներուն վրայով ձեռք մեկնել Թուրքիոյ ու Հայաստանի ոչնչացման գնով հասնիլ իր հետապնդած նպատակներուն եւ եթէ, իբրեւ հետեւանք քեմալականներու ու համայնավարներու համաձայնութեան, բոլշեւիկ խռովարարներ պիտի շարունակեն իրենց նենգ յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ապա ուրեմն Խորհրդային Ռուսաստան մեզի համար բացայայտ թշնամական պետութիւն է:
* * *
Ռուս-թրքական եւ հայ-ռուսական միաժամանակ ընթացող բանակցութիւններէն ակնյայտ կը դառնար, որ Մոսկուայի համար առաջնահերթութիւնը թուրքերու հետ բարեկամական կապերու հաստատումն էր:
Մոսկուա առաքուած թրքական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին քեմալական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Պեքիր Սամի, երեսփոխան Եուսուֆ Քեմալ եւ համայնավար Ֆուատ Սապիթ:
Թուրք պատուիրակները ռուսերուն մանրամասն տեղեկութիւններ տուին հայերու եւ Հայաստանի հանդէպ իրենց ձեռնարկած եւ ձեռնարկելիք քայլերու մասին:
* * *
Մուսթաֆա Քեմալ 26 ապրիլ 1920-ին նամակ գրած էր Վլատիմիր Լենինի: Նամակը Մոսկուա հասած էր յունիս 3-ին:
Քեմալ կ՛առաջարկէր ընդհանուր մարտավարութիւն մշակել Կովկասի մէջ, որպէսզի Խորհրդային Ռուսաստան պաշտպանուած ըլլայ կայսերապաշտական վտանգէն: Այդ մարտավարութիւնը կը վերաբերէր այսպէս կոչուած Կովկասեան պատնէշի վերացման: Այդ պատնէշը առաջին հերթին Հայաստանն էր եւ երկրորդ` Վրաստանը:
Քեմալ կը գրէր, որ «Թուրքիա պարտաւորութիւն կը ստանձնէ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ համատեղ պայքարիլ կայսերապաշտական երկիրներու կառավարութիւններուն դէմ, որպէսզի ազատագրուի բոլոր շահագործողներէն, եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մասնակցելու կայսերապաշտներու դէմ Կովկասի մէջ մղուող պայքարին, եւ յոյս ունի, որ Խորհրդային Ռուսաստան կ՛աջակցի Թուրքիոյ վրայ յարձակած կայսերապաշտական երկիրներու դէմ պայքարին մէջ»:
Կայսերապաշտներուն դէմ համատեղ պայքարի համար Քեմալ նիւթական եւ զինուորական աջակցութիւն կը խնդրէր թրքական զօրքերուն համար, որոնք մարտական գործողութիւններ պիտի վարէին Թուրքիոյ արեւելքը: Թուրքիոյ արեւելք ըսելով կը հասկցուէր Հայաստանը:
* * *
Գարեգին Նժդեհ դէմ էր Արցախէն հայկական զինուած ուժերը հեռացնելուն, եւ այդ հարցով իր եւ Դրոյի միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած էր:
Արցախէն զօրքը հեռացնելը անընդունելի նկատած էր նաեւ Զանգեզուրի ընդհանուր կոմիսար Սերգէյ Մելիք Եոլչեան: Ան կը գրէր. «Ղարաբաղում վիճակն անորոշ է: Մեր ձեռքով մենք կործանել ենք Ղարաբաղը»:
Գարեգին Նժդեհ կը գտնէր, որ Արցախը իր բախտին ձգելը բացասաբար կ՛անդրադառնայ Զանգեզուրի պաշտպանութեան վրայ:
* * *
Ազրպէյճանի մէջ թէեւ իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցած էր, սակայն մուսաւաթական բազմաթիւ կարկառուն ներկայացուցիչներ անցած էին խորհրդային իշխանութեան կողմը եւ կը շարունակէին իրենց հակահայ քաղաքականութիւնը:
Մուսաւաթական բանակը արագօրէն վերակազմուեցաւ իբրեւ Խորհրդային Ազրպէյճանի կարմիր բանակ: Բանակի նախկին հրամանատար Ալի Աղա Շիխլինսքի, պատերազմական նախկին նախարար Մամէտ բէկ Մեհմանդարով եւ զինուորական գործիչներ Նախիջեւանսքի եւ Ուսուբով դարձան կարմիր հրամանատարներ:
Ազրպէյճան կ՛օգտագործէր խորհրդային դառնալու իր փաստը, փորձելով ռուսերուն միջոցով լուծել տարածքային իր յաւակնութիւնները:
Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերին կը գրէր. «Պաքուի ընկերներու անկարգապահութիւնը ակնյայտ հակասութեան մէջ է Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական գիծին հետ: Այն ժամանակ, երբ Կեդրոնական կոմիտէն որոշած է փոխզիզումներու երթալ Վրաստանի եւ Հայաստանի քաղքենիական կառավարութիւններուն հետ եւ դիւանագիտական միջոցներով դուրս մղել դաշնակիցները հոնկէ, Պաքուի ընկերներուն գործողութիւնները կը նպաստեն ապստամբութիւններու բռնկման, եւ մեր ուժերով վիճելի տարածքներու միացումը Ազրպէյճանի ընդհանրապէս անհնարին կը դարձնէ Հայաստանի հետ համաձայնութիւնը»:
* * *
Արցախ մուտք գործելէն ետք, Ազրպէյճան սկսաւ յաւակնութիւններ սնուցանել Զանգեզուրի նկատմամբ:
Արցախի մէջ կեդրոնացած տասնմէկերորդ կարմիր բանակը Զանգեզուրի սահմաններուն մօտ կեդրոնացուց 28-րդ բաժանմունքի 281-րդ եւ 299-րդ հետեւակային գունդերը, առաջին եւ երկրորդ հեծեալ գունդերը` ընդհանուր առմամբ ութ հազար զինուոր եւ տասներկու թնդանօթ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Զանգեզուրի ընդհանուր կոմիսար Սերգէյ Մելիք Եոլչեան Երեւան մեկնեցաւ, շրջանի իրավիճակի մասին զեկուցելու համար կառավարութեան, եւ զայն փոխարինեց Զախար Եոլեան:
Տասնմէկերորդ կարմիր բանակի հրամանատար Միխայիլ Լեւանդովսկի 32-րդ բաժանմունքի հրամանատար Շտեյգէրէն զեկուցում ստացաւ, որուն համաձայն Ղարաբաղի բնակչութեան վերաբերմունքը իրենց նկատմամբ դրական է, եւ իրավիճակը հանգիստ է, իսկ ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի, ապա շրջանի հիւսիսային մասի քիւրտերը թշնամական յարաբերութիւններ ունին հայերուն հետ:
* * *
Արցախի եւ Զանգեզուրի հայութեան գլխուն մահացու վտանգ կախուած էր:
Արցախը հնազանդութեան մէջ պահելու եւ Զանգեզուրը նուաճելու համար Ազրպէյճան իբրեւ լծակ կ՛օգագործէր կարմիր բանակը եւ հայ բոլշեւիկները:
Օրհասական դրութիւնը դիմագրաւելու համար Կապանի հանքերուն մէջ Կապարգողթի (Կապան, Արեւիք, Գողթան) հայութեան ներկայացուցիչներու ժողով գումարուեցաւ:
Ժողովը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը քաղաքական խաղ է` ստեղծուած թուրք եւ թաթար ռազմապաշտներու ձեռքով` Հայաստանի անկախութիւնը եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը վտանգելու համար: Բոլոր տեսակի շարժումները, որոնք ուղղուած են Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ու Զանգեզուրի ազատագրութեան դէմ, կը նկատուին դաւաճանութիւն, եւ 18-էն 60 տարեկան բոլոր կապանցիները պէտք է զէնքի դիմեն` Ազրպէյճանի դէմ կռուելու համար:
Իրենց կարգին բոլշեւիկները աշխուժ քարոզչութիւն ձեռնարկեցին, մամուլի մէջ հրապարակելով աշխատաւորներու նամակներ, ուր անոնք կարմիր բանակէն կը խնդրէին գալ եւ ազատագրել զիրենք:
Նոյն օրերուն Գարեգին Նժդեհ կոչ ուղղեց հայութեան` զգաստ ըլլալու, եւ ներկայացուց Ազրպէյճանի նենգ քաղաքականութիւնը, որուն զոհ գնաց Ղարաբաղը:
Նժդեհ կը գրէր. «Կեղծ, կարմիր բանակի տակ աղուէսաբար թշնամին մօտեցաւ մեր դիրքերին, առերես եղբայրացաւ, հաւատացրեց, որ էլ կարիք չկայ դիրքեր պահելու, արթուն ու անքուն սարերի վրայ նստելու, որ ամէն ինչ փոխուել է, գայլը գառին ընկեր է դառել, որ յեղափոխութիւն է, հաշտութիւն: Այսպէս օձի լեզուով, խօսեց ձեռները հազարաւոր շուշեցիների արեան մէջ թաթախած նենգ թշնամին ու միամիտ ղարաբաղցին հաւատաց եւ շատ տեղ թողեց դիրքերն ու իջաւ լեռներից եւ ի՞նչ` իր սեփական ձեռքով քանդեց իր տունը, փորեց իր գերեզմանը եւ զրկուեց մի շարք ու շէն գիւղերից:
Ահա թէ ինչպէս բոլշեւիկացած աղուէսը խաբեց Ղարաբաղի միամիտ առիւծին: Զգուշացէք Ադրբեջանի կարմիր աղուէսից»:
* * *
Տասնմէկերորդ կարմիր բանակի զօրամասերը փորձեցին առանց մեծ բախումներու Արցախէն Զանգեզուր թափանցել:
Առաջին հերթին բոլշեւիկներ 29 յունիս 1920-ին տասնհինգ հոգինոց պատուիրակութիւն մը ուղարկեցին Գորիսի մօտակայ Տեղ գիւղը, բնակիչներուն հետ բանակցելու համար: Պատուիրակներէն մէկը պարսկահայ էր, մէկը` լեհ, իսկ միւսները թուրքեր էին:
Պատուիրակները տասնմէկերորդ կարմիր բանակին եւ խորհրդային իշխանութեան անունով յայտարարեցին, որ եկած են Զանգեզուրի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատելու համար: Անոնք հանդիպում ունեցան Զանգեզուրի ներկայացուցիչներ Գեղամ Տէր Մինասեանի եւ Նիկողայոս Դորունցի հետ, որոնք կտրականապէս մերժեցին խորհրդայնացուելու առաջարկը:
Յուլիս 4-ին կարմիր բանակի վաշտ մը ձիաւորներ Արցախէն Զանգեզուր թափանցեցին եւ քանի մը հայ սպաներ ձերբակալելէ ետք պաշարեցին Կոռնիձորը եւ բոլոր կողմերէն կրակի տակ առին: Հայկական փոքրաթիւ ուժերը քաշուեցան դէպի Դարալագեազ:
Յուլիս 5-ին կարմիր բանակը մտաւ Գորիս եւ Զանգեզուրը յայտարարեց խորհրդային:
Բոլշեւիկները քաղաքին մէջ գնդակահարեցին պահեստներու պահպանութիւնը ստանձնած երեք զինուորներ:
Գորիսի մէջ Զանգեզուրի գաւառային յեղափոխական կոմիտէ ստեղծուեցաւ, որուն անդամներն էին Յակոբ Կամարի, Միքայէլ Չալեան եւ Համբարձում Տէր Յովհաննիսեան:
Այնուհետեւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակի 32-րդ բաժանմունքի զինուորական կոմիսար Քարլ Ռատնէր դիմեց զանգեզուրցիներուն, ըսելով.
«Հեռաւոր Խորհրդային Ռուսաստանէն ձեր մօտ եկած է բանուորագիւղացիական կարմիր բանակը, որպէսզի ձեզի օգնէ ազատագրուելու դաշնակցական կառավարութեան ճնշումէն, որպէսզի օգնէ ձեզի կառուցելու նոր, խաղաղ կեանք` ձեզի եւ աղքատ ու տանջուած թաթարական ժողովուրդը յոգնեցուցած անիծեալ պատերազմի փոխարէն»:
Իր կարգին Գարեգին Նժդեհ զանգեզուրցիներուն ուղղուած կոչ մը հրապարակեց, ուր կ՛ըսուէր.
«Հայ ժողովո՛ւրդ, Կապարգողթի եւ Բաղաբերդի հերոս ժողովուրդ, վտանգը, բոլշեւիզմի կեղծ, կարմիր փետուրներով զարդարուած ադրբեջանական վտանգն է կանգնած դրանդ: Ուրեմն, ինչպէս եւ միշտ, եղիր արթուն, սպառազէն եւ միշտ պատրաստ դիրքերում, յանկարծակիի չգալու համար: Աստուած եւ իմ սուրը քեզ հետ»:
Գորիսի գրաւումով կարմիր բանակը կանգ առնելու մտադրութիւն չունէր: Շուտով դէպի Նախիջեւան շարժեցաւ 252-րդ գունդը, իսկ մնացեալ ուժերը պատրաստուեցան շարժելու մէկ կողմէ դէպի Կապան եւ Մեղրի եւ միւս կողմէ դէպի Սիսիան եւ Դարալագեազ: