Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Թալան Եւ Կոտորած Արցախի Հայկական Գիւղերուն Մէջ Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդէն Կոչեր` Անգլիական Հրամանատարութեան Խոսրով Բէկ Սուլթանով` Ղարաբաղի Եւ Զանգեզուրի Նահանգապետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խոսրով բէկ Սուլթանով Ազրպէյճան անգլիացիներու միջոցով Անդրանիկի Շուշի մուտքը ձախողութեան մատնելէ ետք, Արցախի վրայ իր իշխանութիւնը տարածելու համար, բոլորովին ազատ զգաց ինքզինք` դիմելու ահաբեկչութեան եւ ջարդերու քաղաքականութեան: Արցախի յարակից շրջաններու թաթարները, Ազրպէյճան գտնուող օսմանցի սպաներու ղեկավարութեամբ, սկսան արշաւանքներ կազմակերպել հայկական գիւղերուն վրայ, թալանելով եւ կոտորածի ենթարկելով անոնց բնակիչները: Ալիանլու գիւղի թաթարները 1918 դեկտեմբեր 22-ին եւ 23-ին յարձակեցան Արփագեադուկ,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Անդրանիկ Գորիսի Մէջ Եւ Բանակցութիւններ Անգլիացիներուն Հետ` Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Համար

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Անդրանիկ Գորիսի Մէջ Եւ Բանակցութիւններ Անգլիացիներուն Հետ` Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Համար

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անդրանիկ Գորիսի մէջ Անդրանիկ Զանգեզուրէն ճամբայ ելած էր Շուշի մտնելու, Արցախի հայութիւնը թաթարներու սանձարձակութիւններէն պաշտպանելու եւ հայկական հինաւուրց երկրամասը Հայաստանի միացնելու առաջադրանքով: Դէպի Շուշի յաղթական արշաւանքի ճամբուն վրայ Անդրանիկի մօտ ժամանած Պաքուի անգլիացի զինուորական կառավարիչ զօրավար Թոմսընի ուղարկած «հաշտարար» պատուիրակութիւնը հասած էր իր նպատակին: Հայկական զօրքը պիտի դադրեցնէր հրացանաձգութիւնը եւ պիտի վերադառնար Գորիս: Անդրանիկ դաշնակիցներու հրամանատարութեան առաջարկեց զօրքը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Անդրանիկի Ուղղուած Թոմսընի Նամակը` Կանգնեցնելու Դէպի Շուշի Յառաջխաղացքը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Անդրանիկի Ուղղուած Թոմսընի Նամակը` Կանգնեցնելու Դէպի Շուշի Յառաջխաղացքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անդրանիկ իր մարտիկներուն հետ Արցախցիներուն օգնութեան հասնելու առաջադրանքով Գորիսէն ճամբայ ելած Անդրանիկ յաղթական արշաւով ծանր հարուած հասցուց թաթարական ուժերուն: Հայկական ուժերուն առջեւ այլեւս բացուած էր դէպի Շուշի ճանապարհը, երբ Անդրանիկի ուղարկուեցաւ Պաքու հաստատուած անգլիական զինուորական իշխանութեան ներկայացուցիչ զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թոմսընի անստորագիր հեռագիրը, ուր անոր կը հրահանգուէր գրոհի չանցնիլ թրքական կամ ազրպէյճանական զօրքերուն դէմ: Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութիւնը եւ...

Անդրանիկի Յաղթական Արշաւանքը Դէպի Արցախ Եւ Զօրավար Թոմսընի Հեռագիրը

Անդրանիկի Յաղթական Արշաւանքը Դէպի Արցախ Եւ Զօրավար Թոմսընի Հեռագիրը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թոմսըն Առաջին աշխարհամարտէն պարտուած դուրս եկած օսմանեան զօրքերու Ազրպէյճանէն հեռացման պայմաններուն տակ, 17 նոյեմբեր 1918-ին բրիտանական զօրքեր Պաքու ցամաք ելան: Զօրավար Ուիլիըմ Թոմսըն Պաքուի զինուորական կառավարիչ հռչակուեցաւ: Այդ օրերուն զօրավար Անդրանիկ երեք հազար հոգինոց իր զօրքը Զանգեզուրի Կոռնիձոր, Տեղ եւ Խնձորեսկ գիւղերուն մէջ կեդրոնացուցած էր եւ կը պատրաստուէր օգնութեան հասնելու Ղարաբաղի հայերուն: Ապահովական նկատառումներով, որոշուած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մսմնայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Արցախը նուաճելու առաջադրանքով Մսմնա հասած թրքական զօրքը 18 հոկտեմբեր 1918-ի երեկոյեան հիւրասիրուեցաւ գիւղացիներուն կողմէ: Նոյն ժամերուն Վարանդայի մարտական ուժերը դարան մտան Մսմնայի ձորի նեղ կածանի երկու կողմերը: Միաժամանակ սուրհանդակներու միջոցով լուր ղրկուեցաւ շրջակայ գիւղերուն` պատրաստ ըլլալու: Հայկական մարտական ուժերը բռնեցին նաեւ Մաշադիշէնի արեւմտեան սահմաններուն բլուրները եւ Ղաւախանի ու Մսմնայի միջեւ տարածուող ձորակին բարձունքները: Արեւածագէն...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախի Կառավարութեան Լուծարք Եւ Վերջնագիր` Ճանչնալու Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախի Կառավարութեան Լուծարք Եւ Վերջնագիր` Ճանչնալու Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարտակերտ Թուրք-թաթարական զօրքերու Շուշի մուտքէն քանի մը օր ետք, 1 հոկտեմբեր 1918-ին թրքական հրամանատարութիւնը լուծարքի ենթարկեց Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութիւնը: Կառավարութեան անդամները, որոնց շարքին` նախագահ Եղիշէ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ շարք մը մտաւորականներ, վաճառականներ, արհեստաւորներ, քահանաներ եւ ուսուցիչներ, աւելի քան վաթսուն հոգի, ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան: Հարցաքննութեան ժամանակ անոնք խոշտանգուեցան եւ յետոյ կոխկռտուեցան: Թրքական հրամանատարութիւնը Շուշիի եւ յարակից գիւղերու զինաթափումը...

Կովկասի Իսլամական Բանակի Իրերայաջորդ Նուաճումները.  Շաքիի Եւ Պաքուի Հայերու Կոտորածը  Թուրք-Թաթարական Զօրքերու Մուտքը Շուշի

Կովկասի Իսլամական Բանակի Իրերայաջորդ Նուաճումները. Շաքիի Եւ Պաքուի Հայերու Կոտորածը Թուրք-Թաթարական Զօրքերու Մուտքը Շուշի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաքուի հայ պաշտպանները Նորաստեղծ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, Ֆաթալի խան Խոյսկիի եւ Մուսաւաթ կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, կ՛առաջադրէր Թուրքիոյ միջոցով թրքական մեծ պետութեան մը ստեղծումը, որ պիտի ընդգրկէր Միջերկրական ու Սեւ ծովերու ափերէն մինչեւ Անդրկասպեան շրջաններ եւ Թուրքեստան: Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Գանձակը, քանի որ Պաքուի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուած էր բոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ: Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ թրքական զօրքերու Ազրպէյճան մուտքէն...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ազրպէյճանի Կազմաւորումը Եւ Արցախը Հպատակեցնելու Քայլեր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազրպէյճանի Կազմաւորումը Եւ Արցախը Հպատակեցնելու Քայլեր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Թրքական բանակները, բոլշեւիկեան 1917-ի հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու ռազմաճակատներէն հեռացումէն ետք, 1918 փետրուարին յարձակման անցած էին: Հայկական ուժերը անկարող եղան դիմադրելու թրքական գերազանց ուժերուն: Թուրքեր իրար ետեւէ գրաւեցին Երզնկան, Կարինը, ապրիլին` Կարսը եւ մայիսի կիսուն մտան Ալեքսանդրապոլ եւ հասան Արարատեան դաշտ: Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն, գերմարդկային ճիգերով մաքառելով, վերջապէս յաջողեցաւ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ռուսական Յեղափոխութենէն Ետք Թաթարներու Կողմէ Արցախի Շրջափակում, Ջարդ Եւ Աւերածութիւններ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Յեղափոխութենէն Ետք Թաթարներու Կողմէ Արցախի Շրջափակում, Ջարդ Եւ Աւերածութիւններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արամայիսի հօրենական տունը Փրջամալի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութեամբ ցարական միապետութիւնը տապալեցաւ: Նիկոլայ Բ. կայսր 2 (15) մարտ 1917-ին հրաժարեցաւ գահէն: Կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն` իշխան Գէորգի Լվովի գլխաւորութեամբ: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մարտ 9 (32)-ին ստեղծեց Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ (օզակոմ): Օզակոմի կարգադրութեամբ գաւառական, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ ստեղծուեցան մարտ 13 (26)-ին կազմուեցաւ քառասուն հոգիէ բաղկացած Ղարաբաղի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ամարասի Վանքին Դիմադրութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ամարասի Վանքին Դիմադրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամարասի վանք Շուշիի եւ շրջակայքին մէջ հայ-թաթարական կռիւները գրեթէ աւարտած էին 1906-ի ամրան, երբ Թուրքիայէն օգնական ուժեր հասան Կովկասի թաթարներուն: Թուրքիայէն հասնող ուժերը եւ թաթար հրոսակախումբերը Սօս գիւղի ուղղութեամբ յարձակման անցան եւ գրաւեցին Ամարասի վանքը: Ամարասի վանքը, Խազազ եւ Լուսաւորիչ լեռներուն միջեւ, հիմնուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ: Հոն թաղուած է անոր թոռը` Աղուանքի առաջին եպիսկոպոս Սուրբ Գրիգորիս,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

Ինքնապաշտպանութեան Գործի Կազմակերպում Եւ Ժողովուրդը Զինելու Աշխատանքներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի բերդ Շուշիի մէջ հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած  էին 1906-ի յուլիսին: Երկօրեայ բուռն կռիւներէ ետք, յուլիս 14-ին զինադուլ հաստատուած էր: Հայկական մարտական ուժերը յուլիս 16-էն 17 լուսցող գիշերուան ընթացքին մեծ դժուարութեամբ սկսան անցք մը փորել թաթարական ամէնէն վտանգաւոր նկատուող Դիքտան Ղուռունի դիրքին մօտ, շէնքին տակէն: Դիքտան Ղուռունի դիրքի թաթար զինեալները մութին մէջ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Եւ Խրամորթի Յաղթական Գօտեմարտերը  Հաշտութեան Բանակցութիւններ Եւ Պատրաստութիւն Նոր Կռիւներու

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Եւ Խրամորթի Յաղթական Գօտեմարտերը Հաշտութեան Բանակցութիւններ Եւ Պատրաստութիւն Նոր Կռիւներու

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի լեռները բարձրացած թաթար վրանաբնակ խաշնարած ցեղերը ճամբայ ելած էին իրենց պետերուն կողմէ մշակուած ռազմական յստակ ծրագիրով: Շուշիի շրջանի հայկական բնակավայրերը 1906-ի ամրան սկիզբը պաշարուած էին թաթար զինուած ուժերու կողմէ: Քոչուորները անպատիժ սկսած էին թալանել հայկական գիւղերը եւ սպաննել անոնց բնակիչները: Շուշիի շրջակայ բարձունքները գրաւուած էին թաթար հրոսակախումբերուն կողմէ եւ քաղաքին հայկական թաղերը ամբողջութեամբ մեկուսացած էին: Արցախի մարտական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Թաթար Քոչուորներու Զանգուածային Տեղաշարժեր Եւ Շուշիի Շրջափակումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Թաթար Քոչուորներու Զանգուածային Տեղաշարժեր Եւ Շուշիի Շրջափակումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի, Սիւնիքի եւ յարակից շրջաններու հայութեան համար կատարեալ պատուհաս էին թրքական քոչուոր ցեղերը: Անոնց տարեկան զանգուածային տեղափոխութիւնները` հայկական տարածքներու մէջ գտնուող լեռնային արօտավայրերը, աղիտալի հետեւանքներ կ՛ունենային հայութեան համար: Սպառազինուած քոչուոր ցեղերը շարժուն բանակներ էին: Գարնան անոնք իրենց ոչխարներու անհամար հօտերով, ուղտերով, ձիերով եւ էշերով ու ամբողջ ունեցուածքով ձմեռանոցներէն զանգուածաբար լեռնային արօտավայրեր կը բարձրանային եւ ջուրերու եզրին վրաններ կը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Ռուսական Պատժիչ Արշաւախումբը Հայկական Գիւղերուն Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մէջ ծայրայեղ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր, երբ 1906 յունուարի սկիզբը Գանձակէն հոն հասաւ Համազասպ եւ ստանձնեց Խաչենի ու Ջիվանշիրի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը: Խաչենի մէջ Համազասպի օգնական նշանակուեցաւ Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան: Վարանդայի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնեցին Հայրում եւ Մածուն Խեչօ, Դիզակի հրամանատարութիւնը` Գերասիմ Բալայեան: Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու ընդհանուր հրամանատարը Խանասորայ Վարդանն էր: Ան,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Սէօգիւթլուի Գրաւումը, Նուկզարի Դիմադրութիւնը Եւ Թիֆլիսի Կռիւները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Սէօգիւթլուի Գրաւումը, Նուկզարի Դիմադրութիւնը Եւ Թիֆլիսի Կռիւները

Քոչուորներու Յարձակումները Արցախի Գիւղերուն Վրայ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ մարտիկները Սէօգիւթլուի մէջ Գանձակի մէջ հայ-թաթարական կռիւները 1905-ի դեկտեմբերին աւարտած էին հայերու յաղթանակով: Աւազակաորջերու վերածուած թաթարական շարք մը բնակավայրեր չէզոքացուած եւ աւերուած էին: Գանձակէն կռիւները տարածուեցան դէպի գաւառները: Թաթարներ յարձակեցան հայկական Բադաձոր եւ Գետաբեկ գիւղերուն վրայ եւ քարուքանդ ըրին զանոնք. գիւղացիներէն շատեր սուրի քաշուեցան: Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը հակադարձեցին` գրաւելով եւ քանդելով թաթարական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գանձակի սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին Հայ-թաթարական կռիւներու ալիքը 1905 նոյեմբերին հասած էր Գանձակ: Գանձակի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավարութիւնը Համազասպի յանձնուած էր: Ան ժողովրդական հերոս էր եւ զինուորներն ու ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունէին անոր հանդէպ: Համազասպ իր շուրջ անձնուրաց եւ քաջ երիտասարդներ հաւաքեց եւ հիմը դրաւ Գանձակի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Կամաւորներ հասան Պաթումէն, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն:...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած էին 1905-ի ամրան: Վրանաբնակ թաթար քոչուորներ, որոնք իրենց անհամար անասուններու հօտերով զանգուածաբար ամարանոց կը բարձրանային Արցախի լեռները, ամէն տեսակ խժդժութիւններ ի գործ կը դնէին հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան վրայ: Խաչենի շրջանի զինուորական հրամանատար Համազասպ հրաման արձակեց ռազմական գործողութիւններու ժամանակ երբեք զէնք չբարձրացնել կիներու, երեխաներու, ծերերու եւ անզէն մարդոց վրայ: Համազասպ նաեւ հրամայեց ամենախիստ վերաբերմունք դրսեւորել բոլոր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Համազասպ` Ժողովրդական Հերոս.  Ոճրագործ Ոստիկանապետի Ահաբեկում Եւ Թաթար Աւազակաորջերու Մաքրագործում

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Համազասպ` Ժողովրդական Հերոս. Ոճրագործ Ոստիկանապետի Ահաբեկում Եւ Թաթար Աւազակաորջերու Մաքրագործում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1905 օգոստոսին, Համազասպի հրամանատարութեան տակ, Ասկերանի մէջ ուժգին հարուած հասցուցին թաթար հրոսակներուն: Շուրջ մէկ շաբաթ տեւած կռիւներէն հայերը դուրս եկան լիակատար յաղթանակով: Ասկերանի կռիւներուն իրենց քաջագործութիւններով անուանի դարձան Մեսրոպ քահանայ Շահիջանեան, Ալեքսան  Տայի, Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան, Սերգէյ Բաբայեան, Չարչոնց Երեմեան եւ Աղասի Վերդեան: Ասկերանի յաղթանակը ոգեշնչեց արցախահայութիւնը եւ բարձրացուց անոր մարտական ոգին: Համազասպի հռչակը տարածուեցաւ ամբողջ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Համազասպի Հրամանատարութեամբ` Ասկերանի Փայլուն Յաղթանակը, Ադիգէոզալ Բէկի Ջախջախումը Եւ Թաթարներուն Կոտորածը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Համազասպի Հրամանատարութեամբ` Ասկերանի Փայլուն Յաղթանակը, Ադիգէոզալ Բէկի Ջախջախումը Եւ Թաթարներուն Կոտորածը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազասպ Շուշիի վրայ արշաւելու եւ զայն գրաւելու նպատակով յարձակման անցած թաթարները 18 օգոստոս 1905-ին ծանր հարուած ստացան Ասկերանի կիրճին մէջ: Հայկական ուժերու շեշտակի հարուածներէն ցիրուցան եղած թշնամին հաւաքուեցաւՂարաղաջի մէջ եւ երկու խումբի բաժնուելով արշաւեց Խրամորթի վրայ: Խրամորթի պաշտպանութեան օգնութեան հասան Խաչենի ինքնապաշտպանական ուժերը` Համազասպի գլխաւորութեամբ եւ ջարդելով թշնամին խուճապահար փախուստի մատնեց զայն: Համազասպի զինուորական տաղանդին եւ հմտութեան շնորհիւ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի Հայ-թաթարական կռիւները ամէնէն աւելի բուռն եւ արիւնալի եղան Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ: Շուշիի մէջ թաթարներ հայկական թաղերուն ուղղութեամբ առաջին գնդակը արձակեցին 16 օգոստոս 1905¬ի յետմիջօրէի ժամը 4:00¬ին, եւ կռիւը սկսաւ: Հայկական մարտական ուժերը, որոնք նախատեսած էին թուրքերու յարձակումը, պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուէին: Քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման համար հայկական թաղերուն մէջ դիրքեր հաստատուած էին: Շուշիի կեդրոնական գօտիին...

Page 3 of 15 1 2 3 4 15

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?