Արցախահայութեան Ութերորդ Համագումարը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը բացայայտ քայլերու ձեռնարկած էր Արցախը հպատակեցնելու համար: Արցախի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն միջեւ 22 օգոստոս 1919-ին Շուշիի մէջ ժամանակաւոր համաձայնագիր ստորագրուած էր: Այդ համաձայնագիրին հիմամբ Արցախի գաւառները ժամանակաւոր կերպով իրենք զիրենք Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ կը նկատէին` մինչեւ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին որոշումը:
Ազրպէյճանական զօրքեր մտած էին Շուշի եւ Խանքենդի (Ստեփանակերտ), կարեւոր ուժ կեդրոնացուցած էին Աղտամի մէջ եւ շրջափակած էին Արցախի գաւառները: Հայկական մարտական ուժերը գիշեր ցերեկ հերթապահութիւն կը կատարէին եւ կը մերժէին զէնքերը վար առնել:
Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը 1919-ի ամրան հաղորդեց, որ Պաքուի կառավարութեան կողմէ գաւառներուն մէջ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարուի, որ կրնայ պատճառ դառնալ հայերու կազմակերպուած կոտորածներու:
Նոյն ժամանակ Գանձակի գաւառին մէջ հայկական տասներեք գիւղեր հրդեհուեցան եւ անոնց բնակիչները տեղահանուեցան: Ծանր կացութիւն ստեղծուեցաւ նաեւ Շաքիի, Արէշի եւ Շամախիի գաւառներու հայութեան համար:
* * *
Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի նահանգապետ Խոսրով բէկ Սուլթանով 19 փետրուար 1920-ին կրկին անգամ դիմեց Արցախի Ազգային խորհուրդին` «Ղարաբաղը վերջնականապէս Ազրպէյճանի միացնելու հարցի անյապաղ լուծման» պահանջով:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Արցախի Ազգային խորհուրդը որոշեց փետրուար 28-ին, Շոշ գիւղին մէջ արցախահայութեան ութերորդ համագումար հրաւիրել:
Խոսրով բէկ Սուլթանով պահանջեց համագումարը Շուշի քաղաքին մէջ հրաւիրել:
Ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն ընտրուած պատգամաւորներու մեծ մասին մասնակցութեամբ փետրուար 28-ին Շոշի մէջ բացուեցաւ արցախահայութեան ութերորդ համագումարը:
Սակայն պոլշեւիկ եւ էսէռ պատգամաւորներուն մէկ մասը չգնաց Շոշ եւ Շուշի մնալով առանձին խորհրդակցութիւն կազմակերպեց: Անոնք որոշեցին Արցախը ձգել Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ, չճանչնալ Շոշ գիւղին մէջ տեղի ունեցող համագումարը եւ անոր ընդունած որոշումները: Պատգամաւորներու այդ խմբակը նաեւ հաւաստեց, որ Ղարաբաղ կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի տնտեսական մաս, եւ Հայաստան պէտք չէ խառնուի Ղարաբաղի ներքին գործերուն:
Շոշ գիւղին մէջ տեղի ունեցող համագումարը, որուն կը մասնակցէին տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, նաեւ` պոլշեւիկներ եւ էսէռներ, կը ներկայացնէր Գիւլիստանի, Ջիվանշիրի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի հայ բնակչութիւնը: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած շարք մը ներկայացուցիչներ:
Համագումարը, քննարկելով Արցախի ներքաղաքական վիճակի վերաբերեալ հարցեր, շեշտեց որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պարբերաբար խախտած է «օգոստոսեան ժամանակաւոր համաձայնութեան ամենագլխաւոր կէտերը»:
Համագումարին մասնակիցները բողոքի ձայն բարձրացուցին ի լուր քաղաքակիրթ աշխարհի` Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ եւ պահանջեցին անոր առաջքը առնել:
Պոլշեւիկ պատգամաւորները յայտնեցին, որ արցախահայութեան փրկութեան միակ ելքը օգոստոսեան ժամանակաւոր համաձայնագիրին պահպանումն է: Սակայն քաղաքական միւս ուժերու ներկայացուցիչները, մտաւորականները եւ գիւղական համայնքներու ներկայացուցիչները կը գտնէին, որ Արցախի հայութեան փրկութեան միակ ելքը մայր Հայաստանի հետ վերամիաւորումն է` թէկուզ զինուած պայքարի գնով:
Համագումարը վճռական կերպով մերժեց Արցախը վերջնականապէս Ազրպէյճանի միացնելու Սուլթանովի պահանջը:
Համագումարը փակուեցաւ մարտ 5-ին:
* * *
Շոշի մէջ կայացող արցախահայոց համագումարը տակաւին կը շարունակէր իր աշխատանքները, երբ Խոսրով բէկ Սուլթանովի որոշումով մարտ 1-էն սկսեալ Շուշիի բնակիչներուն արգիլուեցաւ քաղաքէն դուրս գալ: Միաժամանակ ցուցակագրուեցան բոլոր հայ սպաները, որոնք կրնային շրջաններ երթալ եւ ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել:
Մարտ 3-ին Շուշիի բանտէն եօթը բանտարկեալներ փախան, որոնցմէ երեքը հայեր էին: Յանցագործները գտնելու համար Սուլթանով երեք օր պայմանաժամ տուաւ: Հայկական ինքնապաշտպանական մարմինը կրցաւ բռնել անոնցմէ քանի մը հոգին եւ իշխանութեան յանձնեց, անսպասելի յարձակման պատրուակ չստեղծելու նպատակով:
Նոյն ժամանակ Սուլթանովի հրամանով քաղաքի հայկական թաղերու կարգ մը տուներու մէջ ազրպէյճանական բանակի սպաներ տեղաւորուեցան:
* * *
Համագումարի փակումէն ետք հակամարտութիւնը աւելի խորացաւ Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Ազրպէյճան իր ձեռքերը արձակուած նկատելով` սկսաւ տենդագին պատրաստուիլ Արցախը բռնի ուժով իրեն ենթարկելու համար:
Հայերու զգօնութիւնը բթացնելու նպատակով Սուլթանով սկսած էր տարբեր կազմակերպութիւններու պատկանող հայերը իրարու դէմ տրամադրել: Ան նաեւ Շուշիի գանձարանը եւ հեռագրատունը քաղաքի հայկական մասէն թաթարական մասը տեղափոխած էր, այդպէսով հայերը զրկելու համար տնտեսական միջոցներէ, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու ուղիներէ` փակելով նաեւ Շուշիէն դէպի Գորիս ճանապարհը:
Խոսրով բէկ Սուլթանով իր եղբօր` Սուլթան բէկ Սուլթանովի եւ հօրեղբօրորդի Ճենկիզ Եըլտըրըմի հրամանատարութեամբ քրտական եւ թաթարական հեծեալ եւ հետեւակ հրոսակախումբեր կազմաւորեց:
Բարձր գնահատելով Արցախը Ազրպէյճանի բռնակցելու գործին մէջ Խոսրով բէկ Սուլթանովի ջանքերը, կառավարութիւնը անոր առաջարկեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, որուն կ՛ենթարկուէր նաեւ Ղարաբաղի նահանգապետը, սակայն ան պատասխան նամակով Ղարաբաղէն իր հեռանալը տուեալ պահուն անթոյլատրելի նկատեց, գտնելով որ պէտք է զարգացնել ձեռք բերուած յաջողութիւնը եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը տարածել նաեւ Զանգեզուրի վրայ, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ լուծել նաեւ հարաւ-արեւմտեան Ազրպէյճանի հարցը: Սուլթանով կ՛ակնարկէր, որ Արցախի եւ Սիւնիքի Ազրպէյճանի միացնելը պայմաններ կը ստեղծէ հիւսիսային Իրանի` Ատրպատականի նկատմամբ յաւակնութիւններ ցուցաբերելու համար:
Թրքական բանակի բարձրաստիճան երկու սպաներ` Նուրի փաշա եւ Խալիլ փաշա, որոնք յունուարին արդէն Շուշի հասած էին, աշխուժացուցին հայերու դէմ ծրագրուող գործողութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները: Յետոյ, մարտի սկիզբը անոնց միացաւ նաեւ Քեազիմ բէկ` թուրք տասը սպաներու հետ:
Խոսրով բէկ Սուլթանով փորձեց փարատել հայերու կասկածները եւ բարձրաստիճան թուրք սպաները ներկայացուց իբրեւ ռազմական խորհրդատուներ:
Թուրք սպաներու խորհուրդով ամրացուեցան Շուշին եւ Խանքենդին: Անոնց անմիջական ղեկավարութեամբ Արցախի շուրջ կեդրոնացած աւելի քան տասը հազարի հասնող թաթարական զօրքերը եւ քրտական հրոսակախումբերը վերադասաւորուեցան այնպէս, որ հսկողութեան տակ առնուեցան ռազմավարական կարեւոր դիրքերը եւ հաղորդակցութիւնը դադրեցաւ Արցախի եւ Սիւնիքի միջեւ:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Շուշիի մէջ թաթարներու ժողով հրաւիրեցին եւ հայերու դէմ գրգռիչ ճառերով զանոնք տրամադրեցին հայերու դէմ:
Ազրպէյճանական բանակը մարտ 11-ին եւ 12-ին Արցախ ուղարկեց զէնքով ու զինամթերքով բեռնաւորուած 90 վակոն:
Մարտ 12-ին Հաճի Սամլուէն Շուշի կանչուեցան Սուլթանովի հաւատարիմ շուրջ 150 թրքախօս քիւրտ կռուողներ:
Նովրուզ պայրամը տօնելու անուան տակ տարբեր շրջաններէ Շուշի բերուեցան հազարաւոր թաթարներ, որոնց Սուլթանով հրահանգեց պատրաստ ըլլալ եւ սպասել իր ազդանշանին` քաղաքին հայկական մասը հիմնայատակ կործանելու համար:
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները սկսան լուրեր տարածել, որ իբրեւ թէ հայկական զինուած երկու ջոկատներ Շուշի մտած են եւ կը պատրաստուին ապստամբութիւն բարձրացնելու:
* * *
Նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած նկատելով Խոսրով բէկ Սուլթանով վերջնագիր ներկայացուց հայերուն, պահանջելով թոյլ տալ ազրպէյճանական զօրքերուն անարգել մուտք գործել Դիզակի, Վարանդայի եւ Ճիպրայիլի շրջաններ: Մերժումի պարագային ան կը սպառնար ռազմական ուժ կիրարկել:
Նոյն ժամանակ լուրեր հասան Շուշի, որ Խանքենդիի եւ Աղտամի մէջ շուրջ չորս հարիւր հայեր դաժանաբար սպաննուած են ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ, իսկ անոնց տուները եւ ունեցուածքը թալանուած է:
Շուշի գտնուող թրքական բանակի բարձրաստիճան սպաները, որոնք հայերու կոտորածներ կազմակերպելու փորձառութիւն ունէին, Սուլթանովի թելադրեցին կոտորածի սկսելէն առաջ հայկական բնակավայրերը շրջապատել, արտաքին աշխարհէն կտրել եւ զինաթափուելու պահանջ ներկայացնել:
Մարտ 20-ին ազրպէյճանական իշխանութիւնները սկսան իրականացնել Արցախի հայ բնակչութեան բռնի զինաթափումը:
Հայերուն հրահանգուեցաւ երեք օրուան ընթացքին յատուկ նշանակուած վայրերու մէջ յօժարակամ յանձնել զէնքերը:
Արցախցիք, քաջ գիտակցելով որ այդ քայլով փորձ կը կատարուի զիրենք զրկելու ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ, վճռական կերպով մերժեցին զինաթափման պահանջը, ինչ որ նաեւ 1919 օգոստոս 22-ի ժամանակաւոր համաձայնագիրի խախտում էր:
Ազրպէյճանական զօրքերը, զօրավար Ճահանկիր բէկ Նովրուզովի հրամանատարութեամբ, սկսան յարձակումներ կազմակերպել Արցախի հայկական գիւղերուն վրայ:
Ազրպէյճան յայտարարեց, որ իր գործողութիւնները սկսած են ի պատասխան հայերու ապստամբութեան:
* * *
Թիֆլիսի «Մշակ» թերթը 21 մարտ 1920-ի թիւին մէջ «Վերջին ժամ» խորագիրով հրապարակեց Շուշիէն ուղարկուած նամակ մը` հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Շատ սարսափելի եւ ծանր դէպքեր են գալիս մեր գլուխը: Ոչ մի ապահովութիւն թէ կեանքի եւ թէ գոյքի: Օր չէ լինում, որ քաղաքից դուրս, 5-10 ճամբորդ հայերի դիակ չընդունուին այստեղ ու այնտեղ ընկած: Վերջին երկու ամսուայ ընթացքում քանի-քանի հայ ընտանիքներ մնացին որբ ու անտիրական: Դիմումներն ու գանգատները խորամանկ Սուլթանովի կողմից մնում են անհետեւանք: Տաճկական հայակեր եաթաղանը ամէն մի րոպէ կանգնած է մեր աչքերի առաջ: Մտնում ենք անկողին` յոյս չունենալով, թէ հետեւեալ առաւօտը կենդանի կը մնանք թէ ոչ: Չենք իմանում մեր այս կրիտիքական դրութեան մասին սկի այստեղ մտածող հոգ տանելող կա՞յ, թէ չէ»:
«Մշակ» հրապարակեց նաեւ թիֆլիսաբնակ ու երեւանաբնակ արցախցի հայերու միութիւններու նախագահներ Լէոյի եւ Բալայեանի յուշագիրը` ուղղուած դաշնակից պետութիւններու կովկասեան ներկայացուցիչներուն ու Վրաստանի կառավարութեան, ուր կը յիշեցուէր, որ «Ղարաբաղ ճանչցած էր պարոն նահանգապետի ժամանակաւոր իշխանութիւնը, իսկ ազրպէյճանական կառավարութիւնը երաշխաւորած էր հայերու մշակութային եւ ֆիզիքական կեանքը, ինչպէս նաեւ քաղաքական իրաւունքները ապահովող սահմանադրութիւն», որ սակայն կոպիտ կերպով խախտուած է, ողբերգական հետեւանքներով հասնելով ներկայի «խստօրէն վատթարացած դրութեան»: Խալիլ փաշա եւ Սուլթանով կրկին դիմած են ջարդերու ու ահաբեկման քաղաքականութեան` յուսալով ուժասպառ ընելով ու երկիւղ ներշնչելով հասնիլ իրենց նպատակին: