Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Մայիս 14, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բռնութիւններ Արցախի Մէջ Եւ Սիւնիքի Կռիւները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստան եւ Թուրքիա, Հայաստանը իրենց միջեւ բաժնելու ծրագիրին դիւանագիտական հիմնաւորում տալու նպատակով նախապատրաստական աշխատանք կը տանէին եւ այդ ծիրէն ներս ալ 1920 սեպտեմբերին Պաքուի մէջ գումարուեցաւ Արեւելքի ժողովուրդներու համագումարը:

Գարեգին Նժդեհ իր զինակիցներուն հետ

Հայկական հարցի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան փորձերը գնահատուեցան իբրեւ «դաշնակ կայսերապաշտներու ակնյայտ կայսերապաշտական նպատակներ», որոնք ժողովուրդը պատերազմի կը մղեն ընդդէմ «քաղքենիական լուծէն ազատագրուած Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն»:

Համագումարին կողմէ սեպտեմբեր 18-ին ստեղծուած քարոզչութեան ու գործողութեան խորհուրդը բանաձեւ ընդունեց, որ ուղղուած էր հայոց պետականութեան դէմ: Կ՛առաջարկուէր հնարաւոր բոլոր միջոցներով օգնել թուրքերուն եւ անոնց միջոցով հասնիլ Հայաստանի խորհրդայնացման:

Մշակուած ծրագիրին համաձայն ռուսական կարմիր բանակը «թուրք-հայկական նոր կոտորածներ» կանխելու առաջադրանքով պիտի մտնէր Հայաստան եւ խորհրդային կարգեր պիտի հաստատէր:

Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարգիս Կասեան սեպտեմբեր 20-ին գաղտնի որոշում ստորագրեց, ուր կուսակցութեան բոլոր միաւորներուն կը հրահանգուէր, հայ-թրքական պատերազմի բռնկումէն ետք արագացնել Հայաստանի պարտութիւնը եւ կազմալուծել հայկական կռուող բանակը բոլոր միջոցներով:

* * *

Համայնավար կարգ մը պատասխանատու դէմքեր վստահութիւն չունէին թուրքերուն վրայ. անոնք կը նկատէին, որ քեմալական շարժումը ոչ ժողովրդական է եւ ոչ ալ համայնավարական:

Համայնավար կուսակցութեան եւ խորհրդային պետական կարգ մը գործիչներ եւ յատկապէս Սերգէյ Կիրով, Գէորգի Չիչերին եւ Պորիս Լեգրան արդարացիօրէն կը գտնէին, որ Ղարաբաղ, Զանգեզուր եւ Նախիջեւան պատմականօրէն Հայաստանի անքակտելի մասը կը կազմեն եւ հետեւաբար պէտք է վերամիաւորուին անոր հետ:

* * *

Ազրպէյճան լայն քարոզչութիւն սկսած էր ծաւալել, կեղծելով ու եղծելով պատմութիւնը: Ազրպէյճանցի «պատմաբաններ» կը փաստարկէին, որ Ղարաբաղ, Զանգեզուր եւ Նախիջեւան պատմականօրէն Ազրպէյճանի բաղկացուցիչ մասն են:

Ազրպէյճան Խորհրդային Ռուսաստանի օգնութեամբ վճռած էր վերջնականապէս կլանել Արցախը եւ ահաբեկումներու,  բռնութիւններու ու ճնշումներու միջոցով ընկճել արցախցիները:

Արցախի մէջ բռնութիւնները օրըստօրէ կը սաստկանային եւ ահաւոր համեմատութիւններ ստացած էին: Հոս ու հոն սպանութիւնները առօրեայ բնոյթ ստացած էին: Ժողովուրդէն մթերքներու եւ անասուններու յափշտակումները կը կատարուէին ահաբեկումներով եւ խոշտանգումներով:

Խորհրդային Ռուսաստանի ներքին գործոց կոմիսարիատը 1920 սեպտեմբերին յատուկ յանձնաժողով ուղարկեց Արցախ:

Յանձնաժողովը, ստուգելով գիւղերուն մէջ կատարուած բռնագրաւումները, արձանագրեց. «28-րդ բաժանմունքի մթերային բաժինը սկսած է մթերումը:

Բնականաբար մթերողները նշանակած են իրենք, եւ կատարուեցաւ ոչ թէ աւելցուք մթերքներու հաւաքում, այլ գիւղացիներու իսկական թալանում… համարեա ուժի միջոցով»:

* * *

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուբէն Դարբինեան 1920-ին հրատարակած իր «Բոլշեւիզմը եւ Հայաստանը» գիրքին մէջ կը գրէր.

«Որ հայ բոլշեւիկները, փորձ անելով Հայաստանում հաստատելու իրենց իշխանութիւնը, վաճառել են իրօք հայ ժողովրդի շահերն ու իրաւունքները եւ այդպիսով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, վտանգել են ուզում ոչ միայն հայ ժողովրդի քաղաքական ապագան, այլ եւ նրա ֆիզիքական ապագան, գոյութիւնը, այդ արդէն կասկածից վեր է այսօր, երբ մեր ձեռքում բազմաթիւ ապացոյցներ կան: Հայ բոլշեւիկները կրկնակի վաճառք են կատարել. նրանք ծախել են Հայաստանը մի կողմից ռուսներին, միւս կողմից` թուրքերին:

… Հայ ժողովրդի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ֆիզիքական գոյութիւնն անհանդուրժելի է համաթուրանական, համաիսլամական իմպերիալիզմի տեսակէտով: Հայ ժողովրդի կատարեալ բնաջնջումը անհրաժեշտ է միանգամայն ընդմիշտ վերացնելու համար այն վտանգը, որ խանգարում է համաթուրքական մեծ նպատակների իրագործման: Հայ ժողովուրդը պէտք է ամբողջովին զոհուի, որպէսզի թրքութիւնը ազատ շունչ քաշի, ապրի իր նախկին սանձարձակ եւ կուլտուրաւեր կեանքով:

Տաճկական այս ծրագիրը վիժեց` շնորհիւ Տաճկաստանի պարտութեան: Բայց տաճկական ղեկավար տարրերը բնաւ չհրաժարուեցին այդ ծրագրի իրագործումից:

Ստեղծուած քաղաքական նոր պայմաններում պէտք էր միայն պայքարի ձեւերը փոխել: Եւ երիտասարդ թուրքերը, հայաջինջ ծրագրի հանճարեղ հեղինակները, փոխեցին Տաճկաստանում իրենց անունը եւ ծայր տուին ազգայնական մի «նոր» շարժման «միլլի» անունով: Այդ պէտք էր դաշնակիցներին մոլորեցնելու համար»:

* * *

Հայկական բանակի միաւորներ

Թուրք գործակալներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ լուրեր սկսան տարածել, թէ քեմալական զօրքերը կը պայքարին ոչ թէ հայ ժողովուրդին, այլ «կայսերապաշտներու գործակալ» դաշնակցականներուն դէմ, որ քեմալականները նոյնպիսի յեղափոխականներ են, ինչպէս ռուս բոլշեւիկները, եւ ազատութիւն պիտի բերեն հայ ժողովուրդին:

Նոյնպիսի քարոզչութիւն կը մղէին նաեւ հայ բոլշեւիկները, որոնք կը հաւատացնէին, որ փրկութիւնը պիտի գայ Ռուսաստանէն, եւ քայքայիչ գործունէութիւն կը կատարէին հայկական բանակին մէջ:

Միաժամանակ թուրք գործակալներ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամները կը հրահրէին, որպէսզի անոնք գրգռութիւններ ստեղծեն եւ իրենք ալ Հայաստանի գործերուն միջամտելու հնարաւորութիւն ունենան:

Թուրքեր Հայաստանի սահմաններուն մօտ կեդրոնացուցած էին 50 հազար զինուոր եւ 306 թնդանօթ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանին վրայ ունէր 30-էն 35 հազար զինուոր, 56 թնդանօթ եւ 184 գնդացիր:

* * *

Թուրքիա, առանց պատերազմ յայտարարելու, 1920 սեպտեմբեր 22-էն 23 լուսցող գիշերուան ընթացքին ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս:

Ռազմական վճռական գործողութիւնները ծաւալեցան սեպտեմբեր 28-ին: Քեազիմ Քարապեքիրի հրամանատարութեան տակ գործող թրքական բանակը շարժեցաւ Օլթիի, Սարըղամիշի, Կաղզուանի եւ Իգդիրի ուղղութեամբ:

Պատերազմը ի սկզբանէ անյաջող ընթացք ստացաւ հայկական կողմին համար: Տնտեսական ծանր վիճակի, սովի, համաճարակի եւ ներքին տարաձայնութիւններու պայմաններուն տակ կազմալուծուած եւ դասալքութեամբ թուլցած երբեմնի ուժեղ եւ մարտական հայկական բանակը սկսաւ նահանջել:

Հայաստանի կառավարութիւնը, ստեղծուած ծանր պայմաններուն տակ, արտակարգ միջոցառումներու ձեռնարկեց, երկիրը պատերազմական պայմաններուն համապատասխանեցնելու համար:

Վարչապետ Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը դիմեց դիւանագիտական քայլերու` դուրսէն ռազմական եւ նիւթական օգնութիւն ստանալու համար: Սակայն դաշնակից պետութիւնները` Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիոյ հետ իրենց շահերը հետապնդելով, հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ պահուն անտարբեր գտնուեցան եւ մերժեցին որեւէ օգնութիւն տրամադրել:

Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս չմիջամտելու քաղաքականութիւն կը վարէր: Կարմիր բանակը տեղակայուած էր հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին, բացայայտօրէն կ՛օգնէր ազրպէյճանցիներուն եւ կը սպասէր յարմար պահուն` մուտք գործելու եւ Հայաստանը խորհրդայնացնելու համար:

Թրքական զօրքերը սեպտեմբեր 29-ին գրաւեցին Սարըղամիշը եւ Կաղզուանը:

Ռազմաճակատի գիծը, հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ կ՛երկարէր, Իգդիրի մէջ` Խալֆալու եւ Սուլթանապատ, Օլթիի մէջ` Ջելաուս-Ռադիոնովկա, Սարըղամիշի մէջ` Հարամ-Վարդանի ուղղութիւններով: Թրքական բանակը դիրքաւորուեցաւ, եւ ճակատի գիծը յաջորդող օրերուն անփոփոխ մնաց:

* * *

Հայկական բանակը կը պատերազմէր երկու ճակատի վրայ: Սիւնիքի մէջ կատաղի մարտեր կը մղուէին ազրպէյճանական ներխուժող զօրքերուն եւ կարմիր բանակին դէմ:

Կարմիր բանակը 1 հոկտեմբեր 1920-ին յարձակման անցաւ Գենուազի ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով միաւորուիլ Նախիջեւանի հետ:

Գողթանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Աշոտ Մելիք Մուսեան

Գողթանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Աշոտ Մելիք Մուսեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչն էր Նախիջեւանի եւ Գողթանի մէջ, ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի հեռագիր ուղարկեց, ուր կ՛ըսէր.

«Գենուազում կռիւները շարունակւում են նախկին թափով: Սեղմում են մեզ երկու կողմից` 1.- Շուանիձորի, 2.- Օրդուբադի: Կասկածից դուրս է, որ Ադրբեջանը որոշել է կապուել Նախիջեւանի հետ` վերացնելով մէջտեղից Գենուազը»:

Զանգեզուրին օգնութեան հասնելու եւ թշնամիի ուժերը շեղելու համար հայկական զօրամասերը Դարալագեազէն յարձակման անցան Սիսիանի ուղղութեամբ:

Գարեգին Նժդեհի մարտիկները հոկտեմբեր 2-ին թեւանցեցին թշնամին Կարճեւանի մօտ եւ ստիպեցին նահանջել: Շուանիձորի վրայ թշնամիին բոլոր գրոհները ետ մղուեցան:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?