ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պաքու հաստատուած անգլիական զինուորական իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմէին արցախահայութեան ստիպելու համար որպէսզի ընդունի Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը փորձեց դիւանագիտական միջոցներով ազդել բրիտանական քաղաքականութեան վրայ:

Արտաքին գործոց նախարար Սիրական Տիգրանեան 21 մարտ 1919-ին նամակ յղեց Երեւանի մէջ բրիտանական ռազմական ներկայացուցչութեան` հետեւեալ առաջարկներով. ա) Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը պէտք է Ազրպէյճանէն անկախ ըլլան. բ) եթէ բրիտանական հրամանատարութիւնը անհնար կը նկատէ տուեալ պահուն իրականացնել այս առաջարկը, ապա անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան իր զօրքերը հեռացնէ Ղարաբաղի տարածքէն:
Հայկական կողմը կ՛առաջարկէր նաեւ ստեղծել նահանգապետութիւն կամ որեւէ վարչական մարմին, որ ունենար անգլիացի նահանգապետ:
Երեւանի մէջ մարտի 28-ին տեղի ունեցաւ զօրավար Թոմսընի եւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
Զրոյցի ժամանակ Թոմսըն հիմնական շեշտը դրաւ տեղահանուածներու եւ բրիտանացիներուն կողմէ անոնց տրամադրուող օժանդակութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ Սուլթանով իր պարտաւորութիւնները կը կատարէ եւ կ՛ապահովէ օգնութեան առաքումը Ղարաբաղ: Ինչ կը վերաբերի զօրքերուն, ապա անոնք Աղտամէն եւ Խանքենդիէն պիտի չհեռանան:
Ալեքսանդր Խատիսեան ըսաւ, որ հայութեան համար Ղարաբաղը ոչ թէ տեղահանուածներու, այլ քաղաքական հարց է: Իսկ Սուլթանով Թուրքիոյ գործակալ է:
* * *
Ազրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած յարձակումներուն առաջքը առնելու համար անգլիական հրամանատարութիւնը որեւէ միջոցի չդիմեց, հակառակ Արցախի եւ Պաքուի Ազգային խորհուրդներու բողոքներուն: Որեւէ միջոցի չդիմեց, որովհետեւ այդ յարձակումները զօրավար Թոմսընի հետ միասին ծրագրուած էին:
Զօրավար Թոմսըն այնքան յղփացած էր Ազրպէյճանի կառավարութեան առատաձեռն նուէրներով եւ լկտիացած անգլիական գլխաւոր հրամանատարութեան խրախուսանքներով, որ ազատ համարձակ կը գործէր:
Թոմսըն 1919 մարտի վերջաւորութեան Անդրկովկասի մէջ բրիտանական ուժերու գլխաւոր հրամանատար նշանակուեցաւ: Պաքուի մէջ զայն փոխարինեց գնդապետ Շաթելվորտ, որ շարունակեց Արցախը յօգուտ Ազրպէյճանի բռնագրաւելու քաղաքականութիւնը եւ փորձեց ուժով ու խաբէութեամբ արցախահայութիւնը ենթարկել Ազրպէյճանի:
* * *
Արցախի Ազգային խորհուրդը մարտ 20-ին որոշեց Պաքու ուղարկել նախագահ Ասլան Շահնազարեանը եւ Շուշիի քաղաքապետ Գերասիմ Մելիք Շահնազարեանը:
Անգլիացիք ինքնաշարժ տրամադրեցին հայկական պատուիրակութեան Շուշիէն Եւլախ հասնելու համար:
Պատուիրակները ապրիլ 4-ին Շուշի վերադարձան եւ Ազգային խորհուրդին ներկայացուցին հանդիպումներուն արդիւնքները:
Պաքուի հայկական ազգային բոլոր կառոյցները դրականօրէն արձագանգած էին Ազրպէյճանի իշխանութիւնը չընդունելու Արցախի հայութեան որոշման, սակայն անգլիացիները անդրդուելի մնացած էին:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Տէր Գրիգորեան եւ Հրանդ Բահաթրեան Շաթելվորտին ներկայացուցած էին հայերու պատմական իրաւունքները` բացատրելով որ դարեր շարունակ Արցախ հայկական եղած է: Շաթելվորտ չէր ընդունած այդ բացատրութիւնները եւ պահանջած էր անպայման ենթարկուիլ Թոմսընի ժամանակին ըրած կարգադրութեան եւ ճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը:
Այնուհետեւ Շաթելվորտին հետ հանդիպում ունեցած էր Ասլան Շահնազարեանի պատուիրակութիւնը եւ ներկայացուցած արցախահայութեան չորրորդ համագումարին մանրամասնութիւնները: Շաթելվորտ պնդած էր անգլիական դիրքորոշման վրայ եւ պահանջած Ղարաբաղի մէջ նոր համագումար կազմակերպել:
Հրանդ Բահաթրեան Պաքուէն մեկնեցաւ Թիֆլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի հետ ու քննարկեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Խատիսեան ըսաւ, որ Արցախի հայութեան դիրքորոշումը ճիշդ է եւ խորհուրդ տուաւ անսասան մնալ եւ չենթարկուիլ անգլիական հրամանատարութեան պահանջին:
Քաջազնունի ըսաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայիս թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական ամենածանր պայմաններու մէջ կը գտնուի: Պատերազմի եւ յեղափոխութեան յաջորդած անիշխանութեան պատճառով մեր ժողովուրդը ուժասպառ եղած է: Դաշնակիցներու լայնախոհութեան եւ բարեացակամութեան վրայ յենելով, վճռական որեւէ քայլ առնել յուսալի չի նկատուիր եւ նախընտրելի է բանակցութեան մէջ մտնել անմիջականօրէն Ազրպէյճանի իշխանութեան ներկայացուցիչին` Սուլթանովի հետ, համաձայնութեան եզր գտնել առժամաբար, քանի որ Արցախի եւ մեր այլ հողերու Հայաստանի կցելու հարցը համաշխարհային վեհաժողովին մէջ պիտի որոշուի:
* * *
Ալեքսանդր Խատիսեան ապրիլ 8-ին նամակ գրեց Թիֆլիսի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսին, ներկայացնելով Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը Արցախի հարցով: Նամակին մէջ կ՛ըսուէր. «Հայաստանի կառավարութիւնը կը ցանկայ, որպէսզի Ղարաբաղի լեռնային մասը, որ բնակեցուած է հայերով, յայտարարուի ազրպէյճանական նահանգապետութեան սահմաններէն դուրս, եւ անոր ղեկավարումը մնայ Ազգային խորհուրդին ձեռքը, իսկ ազրպէյճանական զօրքերը անյապաղ հեռացուին Ղարաբաղի սահմաններէն: Այդ շրջանը հայկական կառավարութիւնը կը նկատէ Հայաստանի անբաժան մասը: Կառավարական վերահսկողութիւնը, որ հաստատած է բրիտանական հրամանատարութիւնը, կրնայ իրականացուիլ միայն ազգութեամբ անգլիացիի մը կողմէ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ապրիլ 11-ին փոխգնդապետ Միքայէլ Արզումանեանը Շուշիի մէջ բրիտանական հրամանատարութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակեց:
Ծնունդով շուշեցի Արզումանեանի նշանակումը դժգոհութեամբ ընկալուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ:
Նոյն օրը գնդապետ Շաթելվերտ «մթնոլորտը խաղաղեցնելու ցանկութեամբ» պահանջեց, որ Շուշիէն հեռանան Ազգային խորհուրդին ազդեցիկ ներկայացուցիչները:
* * *
Ազրպէյճան տեւաբար կը շեշտէր Ղարաբաղի բնակչութեան ընկերային տնտեսական դրութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւնը եւ իր գերիշխանութիւնը ընդունելու պարագային կը խոստանար սնունդ, վառելիք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ մատակարարել ղարաբաղցիներուն:
Խոսրով բէկ Սուլթանով Պաքու լոյս տեսնող «Ազրպէյճան» թերթին մէջ անդրադառնալով Ղարաբաղի հարցին կը գրէր.
«Ժողովուրդին համար ցանկալի է այն իշխանութիւնը, որ զինք կը կշտացնէ, հագուստ կու տայ եւ իր կեանքն ու ինչքը կը պաշտպանէ: Վերջին երկու ամիսներու ընթացքին հայերը բոլորովին անվտանգ կ՛երթան-կու գան Ղարաբաղի իսլամական մասերը: Եւլախ-Շուշի ճամբայէն օրական տասնեակներով ֆայթոններ կ՛անցնին: Իսլամներու հետ հայերը ոչ մէկ նոյնիսկ ամենադոյզն թիւրիմացութիւն չեն ունենար: Աղտամ քաղաքը ամէն կիրակի հազարաւոր հայերով կը լեցուի, որոնք մթերքներ կը գնեն»:
Սակայն Սուլթանովի այս յայտարարութիւնը չէր համապատասխաներ իրականութեան: Տակաւին ամիս մը առաջ` մարտ 16-ին թաթարները յարձակած էին Խծաբերդի վրայ: Բացի այդ, անոր նկարագրած Եւլախ-Շուշի ճանապարհը քիչ թէ շատ անվտանգ էր միայն անգլիացի զինուորներու պարեկութեան կամ ուղեկցելու պարագային:
Ուշագրաւ է նաեւ Սուլթանով այն միտքը, որ ինք կրցած է երկու ամսուան ընթացքին փոխել անգլիացիներուն վերաբերմունքը. «Անգլիացիները վարժուեցան իրենց կարծիքները հիմնել փաստացի իրականութեան վրայ, եւ ես գրաւեցի անգլիացիներու լիակատար վստահութիւնը երկամսեայ աշխատանքով` անկողմնակալ եւ արդար վերաբերմունքով դէպի բոլոր ազգութիւնները»:
Ինչ կը վերաբերի Աղտամի մէջ առեւտուր ընելուն, ապա հայերը իսկապէս կ՛երթային հոն, սակայն պատճառը ոչ թէ անվտանգ ու ապահով կեանքն էր, այլ անելանելի դրութիւնը:
* * *
Արցախահայութեան հինգերորդ համագումարը կայացաւ 1919 ապրիլ 23-էն 29, Շուշիի թեմական դպրոցի դահլիճին մէջ: Ներկայ էին նաեւ գնդապետ Շաթելվորտ, Սուլթանով եւ Վահան արքեպիսկոպոս Տէր Գրիգորեան:
Համագումարը քննարկեց հետեւեալ հարցերը.
ա) Ազրպէյճանի նահանգապետութեան հարցը, բ) վարչական մարմինի վերակազմութեան հարցը, գ) շրջանային խորհուրդներու վերակազմումը, դ) դրամական հաշիւներ, ե) Ազգային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ զեկուցում, զ) քոչի խնդիրը եւ է) Ազգային խորհուրդի հրաժարականը եւ անոր ընտրութիւնը:

Արցախահայութեան համագումարին ճառով հանդէս եկաւ նաեւ Շաթելվորտ ու յայտարարեց, թէ անգլիական հրամանատարութեան որոշումով Ղարաբաղը պէտք է ճանչնայ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, մինչեւ որ ճշդուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու հարցը:
Համագումարին մասնակիցները իրենց վրդովումը արտայայտեցին անգլիական հրամանատարութեան այդ յայտարարութեան համար:
Շաթերվորտ ապրիլ 24-ին առանձին հանդիպում ունեցաւ Ազգային խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Եղիշէ Իշխանեանի հետ եւ փորձեց զայն մեղադրել անգլիական հրամանատարութեան պահանջը արցախցիներու կողմէ մերժուելու կապակցութեամբ:
Եղիշէ Իշխանեան Շաթերվորտի պատասխանեց, որ համագումարը կատարած է արցախահայութեան կամքը, ապա աւելցուց, որ արցախցիները ատելով կ՛ատեն ազրպէյճանցի թուրք դահիճները, որոնք հազարաւոր հայերու արիւն թափած են Պաքուի, Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ այլ վայրերու մէջ:
Համագումարը երկրորդ անգամ լսելով անգլիացի հրամանատարին պահանջը դարձեալ «միանգամայն անհնարին կը գտնէ փոխելու իր ժխտական որոշումը, որ թելադրուած է Ղարաբաղի ամբողջ հայութեան անյողդողդ կամքով», քանի որ «Ազրպէյճան միշտ աջակից եւ գործակից եղած է Տաճկաստանի կողմէ ընդհանրապէս հայերու եւ մասնաւորաբար Ղարաբաղի հայութեան դէմ ուղղուած գազանութիւններուն»:
Ապրիլ 24-ի նիստին Ազգային խորհուրդի դիւանի կազմի եւ 48 պատգամաւորներու ստորագրութեամբ ընդունուած բանաձեւին մէջ վճռական կերպով ըսուած է. «Համագումարը անընդունելի կը նկատէ Ազրպէյճանի հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ վարչական ծրագիր»:
Դժգոհ ու բարկացած, Շաթելվորտ յայտարարեց. «Նկատի ունեցէք, որ ձեր ճանապարհները կրնան փակուիլ. այդ ժամանակ դուք ուրկէ՞ մթերք կը ստանաք, ինչպէ՞ս կը պահպանէք հաղորդակցութիւնը արտաքին աշխարհին հետ: Կրնան ձեզ տնտեսապէս պոյքոթ յայտարարել, կրնա՞ք առանց հացի ապրիլ: Եւ եթէ յուզուած, զինուած ամբոխը յարձակի ձեր վրայ, կրնա՞ք պաշտպանուիլ»:
Համագումարի աւարտին Արցախի հայութեան անունով յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ, ուր կ՛ըսուէր. «Ղարաբաղը ի սկզբանէ եղած է Հայաստանի անբաժան մասը, իբրեւ անոր գաւառներէն մէկը, եւ իբրեւ այդպիսին, պիտի կցուի Հայաստանի: Մերժել եւ ոչ մէկ կերպով չճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը»:



