Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրօ Եւ Նժդեհ Արցախի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Դեկտեմբեր 18, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիւնիքի Եւ Արցախի Միջեւ Թաթարական Սեպի Վերացում Թիֆլիսի Համագումարը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

                                                                 Դրօ                                                               Գարեգին Նժդեհ

Շուշիի հայութեան կոտորածէն եւ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու աւերումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց օգնութեան հասնիլ կենաց մահու պայքար մղող Արցախի հայութեան: Դրոյի գլխաւորութեամբ հայկական մարտական ուժեր 13 ապրիլ 1920-ին Արցախ մտան:

Դրօ Ապրիլ 15-ին զօրահաւաք յայտարարեց Վարանդայի մէջ, եւ հեծելազօրքի հաւաք` Դիզակի մէջ: Զէնքի տակ հաւաքուեցաւ երեք հազար հետեւակ եւ հինգ հարիւր ձիաւոր: Միաժամանակ Զանգեզուրէն, Երեւանէն նոր ստացուած իննսուն հազար փամփուշտ եւ երկու հազար ռումբ Արցախ տեղափոխուեցաւ:

* * *

Մինչ Դրոյի մարտիկները Արցախ կը հասնէին, անդին Զանգեզուրի մէջ Գարեգին Նժդեհ կատաղի գօտեմարտեր կը մղէր թաթար հրոսակախումբերուն դէմ:

Նժդեհ Գողթան գաւառի թաթարական գիւղերը (բացի Արաքսի ափին գտնուող Եաջին եւ Դաստակ գիւղերէն) նուաճելէն ետք պաշարած էր Օրտուպատը եւ կը պատրաստուէր գրաւել զայն, երբ Ղափանէն սուրհանդակ հասաւ` տեղեկացնելով որ թշնամին գրոհի անցած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ գրաւած է Զէյվա (այժմ` Դաւիթ Բէկ) գիւղը:

Գարեգին Նժդեհ ստիպուած քակեց Օրտուպատի պաշարումը եւ հակագրոհի անցաւ: Նուրի փաշայի գլխաւորած ազրպէյճանական զօրքերը սարսափահար նահանջեցին դէպի Արցախի Փակաւան (Խոջահան) գիւղը եւ Դորդուլու:

Հայկական հրամանատարութիւնը վճռեց մէջտեղէն վերցնել Զանգեզուրի եւ Արցախի միջեւ գտնուող թաթարական սեպը` շուրջ հարիւր գիւղ, եւ կապ ստեղծել հայկական երկու երկրամասերուն միջեւ:

Հայկական ուժերը շարունակեցին իրենց յարձակումը: Թշնամին ծանր կորուստներ տալով սկսաւ նահանջել: Հայ մարտիկներուն ձեռքը անցաւ ազրպէյճանական բանակի սպայակոյտին արխիւը, որմէ յստակ կը դառնար որ ազրպէյճանական զօրքերուն մէջ կը գտնուին թրքական բանակի սպաներ:

Երեք օրուան կատաղի կռիւներէ ետք հայկական զօրքերը գրաւեցին Որոտանի ձախ ափին փռուած թաթարական գիւղերը:

Գարեգին Նժդեհ կը գրէ. «Մեր վաշտերը, Զանգեզուրը Ղարաբաղին միացնելու մի նոր նշանաբանով, շարունակում են իրենց գրոհները: Ռազմագիտական մի լուրջ խաղով յաջողւում է թեւանցի ենթարկել հռչակաւոր Դոնդարլուն, որի բարձունքներում, գերեզմանատանը եւ այգիներում ամրացած թշնամու ուժերը տեղի են տալիս, մեծ կորուստներով: Կռուի երրորդ օրը յաղթութիւններով արբեցած մեր վաշտերը մի վերջին խոլական գրոհով թշնամուց մաքրում են Որոտանի ձախ ափին գտնուող բոլոր գիւղերը` ամրացնելով իրենց դրօշակը գետափին բարձրացող լերան կատարին»:

* * *

Շիկահող

Շիկահող գիւղը, Մեղրիի լեռներու արեւելեան լանջին, Կապանէն հարաւ-արեւելք, խիտ անտառներով շրջապատուած է եւ ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ կը գտնուի: Գիւղին հիւսիսը Շարու քարն է, ուր հայկական ուժերը ամրութիւններ եւ պաշտպանական դիրքեր հաստատած էին:

Ասկիւլումի թաթարները, Զանգեզուրէն օգնութիւն ստանալով, յարձակման անցան Շիկահողի ուղղութեամբ, ռազմագիտական բարձունքները գրաւեցին եւ իրարմէ կտրեցին Արցախն ու Սիւնիքը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գարեգին Նժդեհ պահակային փոքր խումբեր ձգելով Որոտանի ափերուն, մարտական հիմնական ուժերը Շիկահող տեղափոխեց:

Հայկական ուժերը յարձակման անցան, եւ թշնամին, գրեթէ պաշարուած, լքեց Ասկիւլումի բարձունքները եւ փախուստի դիմեց:

Յաջորդ օրը երեկոյեան հայկական ուժերը, գրաւելով Ասկիւլումի աջ ու ձախ թեւերուն վրայ գտնուող թաթարական գիւղերը, կրակի տուին Խոջահանի շուկան:

Զանգեզուրի հարաւ-արեւելեան գօտին ամրացնելու եւ մինչեւ Արաքսի հովիտ թաթարները նուաճելու նպատակով Գարեգին Նժդեհ ձեռնամուխ եղաւ Զավնդուրի (Մեղրիի լեռնաշղթայի) գրաւման: Առաջին հարուածը տրուեցաւ Սոբու գիւղին: Թշնամին ծանր հարուածներ կրելէ ետք նահանջեց դէպի հարաւ-արեւելք:

Բարթազ

Հայկական զօրքերը ապրիլ 13-ին գրաւեցին Շուքիւրդարասի բարձունքը եւ մօտեցան Բարթազի:

Ճիպրայիլէն (Ջրական) եւ Ղարաբաղէն ազրպէյճանական օգնական ուժեր հասան ճակատ, կանխելու համար հայկական զօրքերու յառաջխաղացքը:

Գիշերային մթութենէն օգտուելով թշնամին փորձեց յառաջանալ, բայց հայ մարտիկները լոյսերով տեղեկացուցին իրենց ստորաբաժանումներուն, որոնք համազարկով ետ մղեցին թշնամին: Հայ մարտիկները լուսային-նշանային համակարգ կ՛օգտագործէին. եթէ լիալուսին պատկերուէր, ուրեմն թշնամին մօտ է, եթէ խաչ պատկերուէր, ուրեմն ամէն ինչ հանգիստ է:

Բարթազի կռիւը սկսաւ ապրիլ 14-ի արեւածագին: Բարձրունքէն հայ մարտիկները պայթուցիկ մահացու տակառներ գլորեցին եւ ճեղքեցին թշնամիի պաշտպանութեան շղթան:

Այնուհետեւ հայ մարտիկները գրոհի նետուեցան: Կարճ գօտեմարտէ մը ետք հայ կռուողները Բարթազի արեւելեան հատուածը իրենց հակակշիռին տակ առին:

Գարեգին Նժդեհ փոքր ջոկատի մը հետ շարժեցաւ դէպի Բարթազ, երբ տեսաւ որ մարտիկները պարբերաբար կը ծռին եւ ձնծաղիկ կը հաւաքեն: Նժդեհ ինք ալ բնազդաբար ծռեցաւ ձիւնին տակէն գլուխը դեռ նոր դուրս հանած ձնծաղիկի մը վրայ, երբ յանկարծ Արաքսի ափին բարձրացող բլուրէ մը ուժգին հրացանաձգութիւն սկսաւ հայ մարտիկներուն ուղղութեամբ: Բաց դաշտի վրայ, թշնամիի կրակին տակ ինկած փոքրիկ ջոկատը անտեղի զոհերէ ազատելու միայն մէկ միջոց կար` ուժանակային գրոհը: Մարտական կարգ ընդունելով, ջոկատը պայթուցիկներով առաջ նետուեցաւ: Վայրկեան մը անց գոռացին ուժանակները: Թշնամին լքեց իր դիրքերը եւ անյայտացաւ գետափի մացառներուն մէջ: Հայ մարտիկները մտան Բարթազ:

Այսպիսով, Ասկիւլումի եւ Զավնդուրի կռիւներով Գարեգին Նժդեհ մաքրեց Արցախի եւ Սիւնիքի միջեւ խրուած թաթարական սեպը` կապ ստեղծելով հայկական երկու երկրամասերուն միջեւ: Այնուհետեւ ան իր ընտիր վաշտերով անցաւ Արցախ եւ ստանձնեց Դիզակի պաշտպանութիւնը:

* * *

Մինչ Արցախի մէջ գօտեմարտեր կը մղուէին, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու նպատակով, Վրաստանի նախաձեռնութեամբ 9 ապրիլ 1920-ին Թիֆլիսի մէջ համաժողով հրաւիրուեցաւ:

Համաժողովին հայկական կողմէն կը մասնակցէին արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան, Ստեփան Մամիկոնեան, Սմբատ Խաչատրեան եւ Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բեկզադեան: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէին խորհրդարանի փոխ նախագահ Աղաեւ, Վրաստանի մէջ ազրպէյճանական դիւանագիտական ներկայացուցիչ Մամէտ Ռըզա բէկ Վեքիլով եւ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Օլգէր բէկ Կրիչինսկի: Վրացական կողմէն հանդէս կու գային արտաքին գործոց նախարար Եւգենի Գեգեչկորի, պատերազմական նախարար Գրիգորի Լորդկիպանիձէ եւ Հայաստանի մէջ վրացական դիւանագիտական ներկայացուցիչ Մախարաձէ:

Առաջին նիստին Գեգեչկորի յայտարարեց, որ անյապաղ պէտք է դադրեցնել բոլոր տեսակի բախումնեը Ղարաբաղի մէջ:

Ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը իր կարգին ըսաւ, որ նոյնը պէտք է ընել նաեւ Ղազախի, Օրտուպատի, Նախիջեւանի, Վեդիի եւ այլ վայրերու մէջ: Սակայն անոնք նաեւ նշեցին, որ իրենք այդպիսի հարցեր բարձրացնելու եւ որոշում կայացնելու համապատասխան լիազօրութիւն չունին:

Երկար քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ, որ ազրպէյճանական պատուիրակները պէտք է կապուին իրենց կառավարութեան հետ եւ համապատասխան լիազօրութիւն ստանան:

Երկրորդ նիստին Աղաեւ յայտնեց, որ իրենք փորձած են հեռաձայնով կապ հաստատել Պաքուի հետ, սակայն կարելի չէ եղած, եւ ստիպուած հեռագրած են: Իբրեւ պատասխան տեղեկութիւն ստացած են, որ անոնց պատասխանը պիտի տրուի օրուայ վերջաւորութեան կամ յաջորդ օրը:

Աղաեւ առաջարկեց քննարկել միւս հարցերը, մինչեւ հասնի Ազրպէյճանի պաշտօնական պատասխանը, սակայն հայկական կողմը առարկեց` նշելով, որ իրենք հաւաքուած են առաջին հերթին ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար:

Գեգեչկորի ըսաւ, որ համաժողովը երեք խնդիր ունի. ա) տարածքային, բ) արտաքին քաղաքականութեան մէջ երեք հանրապետութիւններու քայլերու համաձայնեցում, գ) համադաշնակցութիւն:

Գեգեչկորի յայտնեց, որ համաժողովը չի կրնար լուծել սահմանային հարցերը եւ պէտք է բաւարարուի ընդհանուր սկզբունքները համաձայնեցնելով: Ան նշեց, որ իբրեւ չաւարտող ազգամիջեան բախումներու լուծում` կարելի է դիտարկել բնակչութեան տեղափոխութեան տարբերակը:

«Այդ վէճերուն պատճառը երկրի ազգագրական քարտէսն է, ուստի այդ հարցի հիմք պէտք է դնել ազգաբնակչութեան գաղթը մէկ հանրապետութենէն միւսը, եւ այդ կերպով միատարր բնակչութեան ստեղծումը` միեւնոյն հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, ինչ որ կրնայ խաղաղեցնել երկիրը ու վերջ դնել երկպառակութիւններուն», հաստատեց Գեգեչկորի:

Ապրիլ 11-ին հասաւ Ֆաթալի խան Խոյսկիի հեռագիրը, որուն համաձայն ան կը լիազօրէր Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը համաժողովի ընթացքին քննարկել ամբողջ Անդրկովկասի մէջ տեղի ունեցող բախումներու կարգաւորման հարցերը:

Երկար բանակցութիւններէ ետք կողմերը համատեղ բանաձեւ ընդունեցին.

ա) Անմիջապէս դադրեցնել Ղազախի, Նախիջեւանի, Օրտուպատի եւ Ղարաբաղի մէջ այժմ տեղի ունեցող արիւնալի բոլոր ընդհարումները:

բ) Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն յանձնարարել անյապաղ ամենավճռական միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի համապատասխան հանրապետութեան սահմաններուն մէջ բացառուին հայ եւ իսլամ բնակչութեան ընդհարումները:

գ) Այս որոշման մասին շտապ տեղեկացնել ազրպէյճանական եւ հայկական կառավարութիւններուն` համապատասխան գործողութիւններու դիմելու համար:

Ապրիլ 13-ին համաժողովը երկրորդ բանաձեւ ընդունեց, որուն համաձայն պէտք է ստեղծուի վեց հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ բախումներու վայրերը այցելելու, անոնց պատճառները հետաքննելու եւ համաժողովի որոշումներու կատարումը վերահսկելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանցի Պէյրութահայ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?