ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստան 1920-ի աշնան կենաց մահու պատերազմ կը մղէր երկու ճակատի վրայ: Թրքական բանակը գրաւած էր Սարըղամիշն ու Կաղզուանը, որմէ ետք, հոկտեմբերի սկիզբը դիրքաւորուած էր եւ ճակատի գիծը կայունացած էր: Իսկ ազրպէյճանական կարմիր բանակը Արցախէն թափանցած էր Սիւնիք եւ հասած Շուանիձորի մօտակայքը:
Գարեգին Նժդեհի մարտիկները Շուանիձորի վրայ կարմիր բանակին գրոհները ետ մղած էին:
Համայնավար յեղափոխականի դիմակ հագած ազրպէյճանցիներուն նպատակն էր Սիւնիքի վրայով հասնիլ Նախիջեւան:
Հայ ժողովուրդի անսակարկելի իրաւունքներու հաշուոյն կատարուած ռուս-թրքական գործարքը կը սպառնար Հայաստանի անկախ հանրապետութեան գոյութեան:
* * *
Գարեգին Նժդեհ ռազմական դրութեան մասին գրութիւն ուղարկեց կառավարութեան: Ան կը գրէր, որ յաջողութեան հասնելու պարագային ինք պիտի սկսի Կապարգողթի ազատագրման գործողութեան: Միաժամանակ ան օգնութիւն կը խնդրէր:
«Մի աւելորդ անգամ եւս խնդրում եմ արագացնել ձեր օգնութիւնը: Ոչ մի կերպ չեմ կարողանում հաշտուել այն մտքի հետ, որ դուք կարող էք անտես առնել Ղափանի, Գենուազի եւ Գողթանի ռազմական խոշոր նշանակութիւնը մանուկ Հայաստանի համար, ինչպէս նաեւ այդ շրջանների հերոսական ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան կարեւոր խնդիրը»,- կը գրէր ան:
* * *
Տասնմէկերորդ կարմիր բանակի ստորաբաժանումները 4 հոկտեմբեր 1920-ին երեք ուղղութիւններով յարձակման անցան:
Հայկական մարտական ուժերը, հերոսական դիմադրութենէ ետք, ստիպուած նահանջեցին Շուանիձորէն եւ դիմադրութիւնը շարունակեցին Բարթազ, Շահպազ Եուրդի եւ Ալանգեազ գիծին վրայ:
Փոքրաթիւ հայ մարտիկները չորս կողմէն շրջապատուեցան անհամեմատ հզօր թշնամի ուժերէն:
Նժդեհ կրկին հեռագիր ուղարկեց Երեւան, ուր կը գրէր. «Միայն իմ զինակիցները գիտեն, թէ ինչ ռազմադաւերի, ինչ թշնամու համար անծանօթ տակտիկական ձեւերի, ինչ երբեմն խենթութեան հասնող խիզախ քայլերի եմ դիմել ռազմամթերքի ծախսը ամենամինիմալ չափերի հասցնելու համար: Կռուել եմ ուժականով, պայթուցիկ տակառներով, տեղումս պատրաստուած սուիններով»:
Զինամթերքի խնայողութեան համար հայ մարտիկները դիմեցին գիշերային յարձակման, պայթուցիկ տակառներով թշնամին խուճապի մատնելու եւ ոչնչացնելու մարտավարութեան:
Գիշերը Նախիջեւանի կողմէն կարմիր բանակի ջոկատ մը թափանցեց Սիւնիք եւ Ալանգեազի մօտէն սկսաւ յառաջանալ ձորի մէջէն:

Նժդեհի մարտիկներէն քսան հոգինոց խումբ մը դարանակալ սպասեց ծորին մէջ: Երբ թշնամին կ՛անցնէր նեղ կածանէն, անոնք երկու կողմէն գլորեցին պայթուցիկ տակառները, որոնք ցիրուցան ըրին զինուորները: Ողջ մնացողները ստիպուած անձնատուր եղան: Մեծ եղաւ անոնց զարմանքը, երբ զէնքը ձեռքերնին ընդառաջ դուրս ելան միայն քսան մարտիկներ:
Առաւօտուն թշնամի ուժերը նահանջեցին դէպի Օրտուպատ:
Հոկտեմբեր 5-ին Գարեգին Նժդեհ կոչ ուղղեց Կապանի բնակչութեան: Ան կ՛ըսէր, որ քաղաքի անկումէն ետք ինք խումբ մը քաջերով կը պայքարի Կապանի կորսուած փառքը վերականգնելու համար:
«Ղափա՛ն, զղջո՞ւմ ես արարքիդ համար. ի՞նչ եղաւ Ադրբեջանին ծախուած հայ սրիկաների քեզ խոստացած արքայութիւնը: Ոտքի՛, խաբուած ժողովուրդ, ոտքի ել, փրկութիւնդ մօտ է, ոտքի, զէնքը ծեռքիդ, կազմ ու պատրաստ ինձ սպասիր Խուստուփից», կ՛եզրափակէր Նժդեհ:
Կապանի գիւղերուն մէջ կազմակերպչական աշխատանքներ սկսան: Գիւղական մարտական խումբերը պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան, առաջին իսկ հնրաւորութեան պարագային զէնքի դիմելու: Միաժամանակ սկսան հետախուզական աշխատանքներ:
* * *
Հայկական բանակը լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Թէեւ մինչեւ 35 տարեկան բոլոր տղամարդիկը զօրակոչուած էին, սակայն դասալքութիւնը համատարած էր: Ներքին գործոց նախարարութիւնը աւելի խստացուց դասալիքներու դէմ պայքարը: Դասալիքներուն դէմ մահապատիժ եւ նաեւ անոնց ամբողջ գոյքի բռնագրաւում սահմանուեցաւ: Մինչեւ վեց ամիս բանտարկութիւն սահմանուեցաւ նաեւ դասալիքներուն աջակցած կամ ապաստան տուած անձերուն:
Զօրակոչուածները նաեւ պատշաճ կերպով չէին մարզուած եւ շատեր զէնքին չէին տիրապետեր: Կար նաեւ համազգեստի եւ այլ անհրաժեշտ իրերու պակաս: Յաճախ կամաւորները կը փոխարինէին կանոնաւոր զօրքը: Լաւ չէր կազմակերպուած նաեւ զօրակոչուածներու եւ կամաւորներու թիկունքային ապահովումը:
* * *
Թիֆլիսի մէջ, 6 հոկտեմբեր 1920-ին, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքին մօտ հանրահաւաք կազմակերպուեցաւ:
Հանրահաւաքին մասնակիցները յայտնեցին որ իրենք պատրաստ են ոտքի կանգնելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Յետոյ անոնք մօտեցան Խորհրդային Ռուսաստանի դեսպանատան շէնքին: Հանրահաւաքին մասնակիցները մեղադրեցին բոլշեւիկները Քեմալի հետ համաձայնութեան գալու համար:
Ցուցարարներուն ընդառաջ ելաւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակից Սթարք եւ ըսաւ.
«Արեւելքի մէջ մենք կ՛օգնենք եւ կը պաշտպանենք ճնշուած ազգերը ընդդէմ դաշնակիցներուն: Մեզի համար թանկ են հայ աշխատաւոր զանգուածներու շահերը: Բայց Դաշնակցութիւնը կայսերապաշտներուն կողմը բռնած է եւ Հայաստանը դարձուցած զէնք դաշնակիցներուն ձեռքը: Հայ ժողովուրդը պէտք է ընտրէ երկուքէն մէկը` կ՛ուզէ ըլլալ մեզի՞ հետ, թէ շարունակել հին քաղաքականութիւնը»:
* * *
Խուստուփ լերան լանջերուն փռուած Արխալըղ գիւղին մէջ 8 հոկտեմբեր 1920-ին Նժդեհի վաշտապետներու գաղտնի հանդիպում տեղի ունեցաւ, ուր որոշուեցաւ միացեալ ապստամբութիւնը սկսիլ Կապանէն: Կապանէն սկսած ապստամբութիւնը պիտի տարածուէր դէպի Արցախ:
Գարեգին Նժդեհ մարտական ուժերուն առջեւ խնդիր դրաւ Ղարաբաղը միաւորել Զանգեզուրի եւ Հայաստանի հետ:

Արցախի մարտական ուժերու հրամանատար Թեւան Ստեփանեան, որ Հադրութի Տումի գիւղէն էր, արդէն բոլշեւիկներուն դէմ ապստամբական վիճակի մէջ կը գտնուէր: Ան բանտարկուած էր, բայց յաջողած էր բանտէն փախչիլ եւ շարունակել պայքարը:

Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորած մարտական ուժերը Դրոյի եւ Գարեգին Նժդեհի յանձնարարութեամբ ձեռնամուխ եղած էին Դիզակի հարաւային սահմանները ամրապնդելու հարցով: Թեւան յաջողած էր ազատագրել կարգ մը շրջաններ: Արցախի մէջ կեդրոնացած տասնմէկերորդ կարմիր բանակի զօրամասերը յարձակման անցած, բայց պարտութեան մատնուած էին:
Թեւան Ստեփանեան Արցախէն Կապան հասնելով հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի հետ:
Արցախի մէջ ապստամբութիւնը պիտի սկսէր Դիզակէն եւ պիտի ընդգրկէր ամբողջ երկրամասը:
* * *
Բոլշեւիկները տեղեակ էին նախապատրաստուող ապստամբութեան մասին եւ լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուցած էին:
Կապանի տարբեր հատուածներուն մէջ ամրացուեցան 251-րդ եւ 252-րդ հրացանաձիգ գունդերը, իսկ Հանքերուն մօտակայ գիւղերուն մէջ 400 զինուոր կեդրոնացուեցաւ:
Բոլշեւիկներու դէմ ապստամբութիւնը սկսաւ հոկտեմբեր 9-ին: Նժդեհի զինակից Արմենակ Դաւթեանի մարտիկները ձերբակալեցին Ճակատեն գիւղի յեղկոմի անդամները եւ գրաւեցին գիւղը: Որոշուած էր, որ Խուստուփ լերան շուրջ պիտի հաւաքուէին 300 մարտիկներ: Սակայն Շուանիձորի
գիծին վրայ բոլշեւիկեան ուժերը դիրքեր բռնած էին, եւ հայ մարտիկները ստիպուած մնացած էին իրենց տեղերը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Նժդեհ եօթը ընկերներով մեկնեցաւ Կապան, ուր հանդիպեցաւ Գերասիմ Աթաջանեանի եւ Արմենակ Դաւթեանի գլխաւորած մարտիկներուն:
Կապանի մէջ կեդրոնացած յիսուն մարտիկները գիշերը շարժեցան դէպի Գիւթկում գիւղը:
Գիւթկումի մէջ կեդրոնացած բոլշեւիկ զինուորները անհոգ քնացած էին եւ նոյնիսկ պահակներ չկային:
Հայ մարտիկները շրջապատեցին դպրոցին շէնքը եւ անոնցմէ քանի մը հոգին ներս մտան:
Կարմիր բանակի զինուորները արթնցան եւ տեսնելով զինուած մարդիկ` հասկցան, որ դիմադրութիւնը անիմաստ է:
Գարեգին Նժդեհ վրայ հասնելով ըսաւ որ իրենց պէտք է միայն զէնքն ու զինամթերքը, եւ երաշխաւորեց զինուորներուն կեանքը:
Նոյն օրը հայ մարտիկները տարբեր գիւղերու մէջ զինաթափեցին կամ ոչնչացուցին թշնամին եւ տարբեր կողմերէ մօտեցան Հանքերուն:
Հանքերուն մէջ կեդրոնացած կարմիր բանակի միաւորներուն վրայ պայթուցիկ տակառներ նետուեցան. միաժամանակ հայ մարտիկները կատաղի հրացանաձգութեան սկսան: Բոլշեւիկ զօրքերը խուճապի մատնուեցան, չկրցան դիմադրութիւն կազմակերպել եւ քիչ ետք շրջանը գրաւուեցաւ հայ մարտիկներուն կողմէ:
Կարմիր բանակի միաւորները անկանոն դիմադրութեամբ նահանջեցին դէպի Գորիս եւ Գեղուաձոր:
Հոկտեմբեր 10-ին Կապան ամբողջութեամբ ազատագրուած էր բոլշեւիկներէն:
Կարմիր բանակի միաւորները փախուստի դիմեցին, ձգելով քսան գնդացիր, 200 հրացան, 200է- աւելի ձի, հարիւր հազար փամփուշտ եւ այլ զինամթերք:
Հետապնդելով թշնամին, կատաղի մարտեր ծաւալեցան Կաւարտ եւ Բարաբաթում գիւղերուն մէջ, որոնց կը մասնակցէին նաեւ հայ բոլշեւիկները եւ տեղական յեղկոմները: Սակայն շուտով անոնք շրջապատուեցան եւ անձնատուր եղան: Յաջորդ օր յեղկոմներու նախագահները եւ քանի մը պատասխանատու բոլշեւիկներ գնդակահարուեցան: