Խմբագրական. Իրազեկել Ազգային Արժէքներուն Մասին
«Ազդակ» վաղը կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 90-րդ տարին: Յոբելեանը ամէնէն առաջ կը խօսի հսկայական ժառանգութեան մը մասին, որ պատմութիւն է, բայց նաեւ ապրուած օրեր, իրադարձութիւններու անհատնում շտեմարան, առանց չափազանցութիւններու երթալու` ազգային արժէք: Իսկ այդ ազգային արժէքի տէր կանգնողներու իրերայաջորդ սերունդներու աշխատանքային հանրագումարն է, լրատուութենէն թղթակցութիւն, խմբագրականէն ակնարկ ու առաջնորդող յօդուած, ինքնագիր յօդուածներէ վերլուծումներ եւ մեկնաբանական հրապարակագրութիւն` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կնոջական, մարզական,...




















