Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շարունակել Սկսուած Գործընթացը (Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով)

May 1, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20140501033234mayisi mekՄայիսմէկեան խորհուրդին քաղաքական այժմէական հնչեղութեամբ մեր իրականութեան պարզած վիճակները լոյսին բերելու որեւէ փորձ ներկայ պահուն անպայման պիտի յիշէ մեր երկրի ներքաղաքական դաշտը յանկարծակիօրէն ցնցած հարստապետութիւնն ու քաղաքականութիւնը իրարմէ կտրուկ ձեւով անջատելու ամէնէն բարձր մակարդակներով առնուած քայլն ու անոր անմիջական հետեւանքները: Խօսքը կը վերաբերի քաղաքական դաշտը  գրագիտացման ենթարկելու առաջադրանքին, որ մինչ այժմ մէկ յատուկ գործողութենէ անդին տարածուելու նախադրեալներ չէ պարզած:

Թէ ինչո՛ւ մայիսմէկեան խորհուրդը շեշտակիօրէն կը կապուի այս հարցին, պէտք է անմիջապէս ընդգծել ընդհանրապէս հարստապետական կարգերուն վերջ տալու առաջադրանքը, եւ ոչ թէ գործարարութեան եւ քաղաքականութեան տարանջատումը պայմանաւորել տուեալ պահու քաղաքական առաւել արձանագրելու հարցով:

Այսպէս. դիպաշարը այնպէս կը համոզէ, որ սկզբունքային առաջադրանքը կամ յանձնարարականը ձեւակերպուած է ոչ թէ իբրեւ կիրարկելի սկզբունք եւ տարածելի ամբողջ համակարգին վրայ, այլ քաղաքական պահը ի՛նք պատճառ դարձած է բանաձեւելու եւ առաջ քշելու սկզբունքային առաջադրանքը: Աւելի պարզ. ընդդիմադիր հիմնական ուժի չէզոքացումէն ետք գրագիտացման կարգախօսի արծարծումը բացակայ է պետական բեմերէն: Սահմանադրական բարեփոխումները, իրաւամբ կը բխին պետական շահերէ: Սահմանադրական բարեփոխումներու խոչընդոտման գլխաւոր արգելքի վերացման, քաղաքականօրէն չէզոքացման կամ ընդհանրապէս փոշիացման համար կը բանաձեւուի դաշտի մաքրման գաղափարը:

Մինչդեռ, մենաշնորհային կարգավիճակներու վերացումը, այո՛, քաղաքական դաշտի ապասակաւապետացումը, գործարարութեան յստակ տարանջատումը քաղաքական գործընթացներէ եւ այս բոլորին հետեւող հովանաւորչութիւնը,  պետական հարկերէ խուսափելու միջոցներու կիրարկումը, կամ առհասարակ ստուերի ահագնացումը երկրի ու պետութեան կայացման նախապայմանային իրականացումներ են:

Թէկուզ զուտ ներքաղաքական միտումներէ թելադրուած, այսուհանդերձ դարձեալ ողջունելի կ՛ըլլար սկսուած գործ մը օրինական սահմաններուն մէջ շարունակելը: Առանց հալածանքի, առանց վհուկներու որսի օրէնքի գերակայութեան տարածելիութեամբ ամբողջ գործարարութիւնը եւ յատկապէս ստուերային բաժինները օրինական դաշտ տեղափոխելու աշխատանքի սկիզբը:

Ազատական կարգերու մէջ առաւել եւս մենաշնորհը, հարստապետութիւնը, առեւտուրի եւ քաղաքականութեան սերտաճումի երեւոյթները եւ դասակարգերու կտրուկ բեւեռացումները կ՛առաջնորդեն միջին դասակարգերու փոշիացման, հասարակութեան մէջ սակաւապետութեան ծայրայեղ հարստացման եւ լայն զանգուածներու ծայրայեղ աղքատացման:

Խնդիրը սակայն աւելի քան ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կը սպառնայ երկրի անվտանգութեան: Երեւոյթով ընկերատնտեսական, խորքին մէջ սակայն ժողովրդագրական է հարցը իբրեւ հետեւանք, իբրեւ ստեղծուած ճգնաժամ:

Ճիշդ է, որ շրջափակումը եւ հակառակորդ պետութիւններու ճնշումի քաղաքականութիւնները կը հարուածեն երկրին զարգացման գործընթացը: Այս իր հերթին տեղի կու տայ ընկերատնտեսական լուրջ ճգնաժամերու, որոնք իրենց հերթին` արտագնայ աշխատանքներու կամ համատարած բառով` արտահոսքի: Ասոր կը կապուին ծնելիութեան ցած տոկոսներու արձանագրումն ու անոր իբրեւ հետեւանք ծերացող հասարակութեան երեւոյթները:

Այս բոլորը յաւելեալ պատճառներ են, որ գործարար դաշտը ապամենաշնորհելու գործընթացը թափ ստանայ, թելադրուած բարձրագոյն դիրքերէ: Քաղաքական դաշտի մաքրազտումը ապաքաղաքական եւ ոչ գրագէտ գործարարէ ինքնանպատակ եւ ապարդիւն կ՛ըլլայ, եթէ չհետեւի երկրորդ կարեւոր առաջադրանքի իրականացման գործընթացը: Մենաշնորհներու վերջ տալը, աշխատաւոր խաւի արդար վարձատրութիւնը, արժանապատիւ կենսամակարդակի ապահովման միտող քայլերը եւ ընդհանրապէս աղքատութեան յաղթահարման միտող գործողութիւնները:

Փոխպայմանաւորուած են իրականանալի քայլերը: Դաշտի գրագիտացում, ապամենաշնորհացում, հաւասար առիթներու ստեղծում, ներդրումներու խթանում` օրէնքի պաշտպանութեամբ, հարկերու արդար կիրարկում, աշխատաւորներու իրաւունքներու յարգումի երաշխիքներու ձեւակերպում, հովանաւորչութեան վերացում, օրէնքի գերակայութիւն եւ հաւասարութիւն անոր առջեւ: Համալիր այս ծրագիրին սկիզբ տալը անյետաձգելի հրամայական է, եւ ունի ռազմավարական նշանակութիւն ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման եւ ընդհանրապէս պետութեան ամրակայացման համար:

Նախորդը

Թրքական Լրատուամիջոցները Լայնօրէն Կ՛անդրադառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ Բացուած Դատին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.