Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երիտասարդութիւնը` Բարձունքի Վրայ

Ապրիլ 20, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khem_zom-2100-րդ ապրիլ 24-ին հաշուըւած օրեր մնացած են, եւ հայկական աշխարհը ամբողջ կ՛եռայ 100-ամեակի նշումներով: Ընդհանուր գնահատական թէ՛ գաղափարախօսական, թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ ներազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրած ձեռքբերումներուն, կանխահաս է կատարելը: Տարին ամբողջ 100-ամեակով բնորոշուած է եւ աշխատանքները կը ներառեն տակաւին հետագայ ամիսները:

Այս ուղղութեամբ գերաշխուժ վիճակի մէջ է լիբանանահայ համայնքը: Այս սիւնակներէն կատարուող աշխատանքներուն ռազմավարական մօտեցումներուն, արտաքին հանգամանքներուն եւ անոնց ձգած ազդեցութիւններուն մասին խորհրդածութիւններ կատարուած են: Անցնող շաբաթավերջը կը ստիպէ կեդրոնանալ յատուկ երեւոյթի վրայ, որ հեռանկարային է պարզապէս այն առումով, որ շեշտակիօրէն երիտասարդական բնոյթ կը կրէ թէ՛ իբրեւ նախաձեռնութիւն եւ թէ՛ այս անգամ մանաւանդ իբրեւ ստեղծագործութիւն:

Դաշնակցական ուսանողութեան, երիտասարդութեան եւ պատանեկան միութեանց կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկները թէ՛ ընտրուած ժամանակի, թէ՛ թեմաներու, բովանդակութեան եւ թէ՛ ուղղուածութեան առումներով համակարգաւորուած, ծրագրաւորուած եւ նպատակայնութեամբ յատկանշուած էին:

Եթէ Այնթուրայի որբանոցի ընտրութիւնը, ոչ միայն այսօրուան գործող դպրոցի շրջանակները, այլեւ ընդհանրապէս ԼԵՄ-ի մասնաճիւղի աշխարհագրական միջավայրի` լիբանանեան քաղաքական եւ ինքնակառավարման շրջանակները յաջողեցաւ ներգրաւել եւ փոխանցել հիմնական պատգամը, ապա մեր պատանիները Պէյրութի գլխաւոր հրապարակին վրայ ստեղծագործական բեմականացումներ հրամցուցին հանրութեան` դասական ընկալեալ սովորութիւններէ դուրս բերելով Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ իրազեկուածութիւն ապահովելու միջոցները: Իսկ Զաւարեանի կազմակերպած բազմահարիւր կանթեղներու դէպի երկինք բաց թողելը գրաւեց այդ ժամերուն գլխաւոր մայրուղին օգտագործող բազմահազար լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը: Մինչ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը այսուհետեւ նաեւ թաղային շրջաններու մէջ իրականացուող միացեալ ձեռնարկներուն կամ Ցեղասպանութեան վերաբերող նոր հրապարակուած ժապաւէններու ցուցադրութիւնը գրաւեց ձեռնարկներուն առանցքային բաժինը որոնողներուն ուշադրութիւնը: Այս բոլորին կուտակումը ինքնին կը նպաստէ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք  100-ամեակի երիտասարդական միացեալ հիմնական ձեռնարկի նախապատրաստութեան:

Ցեղասպանութեան շուրջ իրազեկումի աստիճանի բարձրացման միտող այս ձեռնարկները հասան լիբանանցիին, որ արդէն ամիսներէ ի վեր տարբեր առիթներու, յատկապէս լիբանանեան ակադեմական եւ աշակերտական շրջանակներու մէջ կազմակերպուող աննախընթաց նախաձեռնութիւններով այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուի 100-ամեակի առիթով երկրին մէջ ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտին:

Ուղերձ առաջինը այս բոլորին` լիբանանեան հասարակութեան հասանելի դառնալն է: Լիբանանցի անձնաւորութիւնները ոչ թէ հրաւիրելն է մեր ձեռնարկներուն, այլ ձեռնարկները  զուտ լիբանանեան միջավայրերու մէջ կազմակերպելն է:

Ուղերձ երկրորդը` երիտասարդութեան նախաձեռնողականութիւնն է: 100-ամեակի նիւթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն կարեւորագոյն համեմատութիւնը երիտասարդական բնոյթ կը կրէ:

Երրորդը` նախաձեռնութիւններու տարատեսակ բնոյթն է: Ցոյցեր, որոնք  տեղի կ՛ունենան Ցեղասպանութիւնը ցարդ չճանչցած եւ չդատապարտած երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ եւ որոնց առիթով կը յղուին պահանջագիրներ: Զուգահեռ բեմականացումներ` առանց ամպագորգոռ յայտարարութիւններու պատգամ հասցնելու արդի մեթոտաբանութեան կիրարկումով:

Չորրորդը` ստեղծագործ միտքն է: Այս տարի դաշնակցական երիտասարդական միաւորները հանդէս կու գան ոճի նորարարութիւններով, ժամանակին համահունչ միջոցներով եւ ատով իսկ կը գրաւեն ոչ միայն լիբանանցիներուն, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող  օտարազգիներուն ուշադրութիւնը:

Ուղերձներու շարքը կարելի է երկարել: Հիմնականը այն է, որ երիտասարդութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` բարձունքի վրայ է, քաղաքական ուղերձ յղելու իր պատրաստուածութեամբ, ներազգային գործընթացներուն մանրամասնութիւններուն իրազեկ, լիբանանեան հասարակութեան ճիշդ փոխանցումները կատարելու, եւ այդ բոլորին համար ժամանակակից ձեւերն ու ստեղծագործ միտքը օգտագործելու առումով: Եւ ճիշդ ա՛յս է հեռանկարայինը: Երիտասարդութիւնը կը հաստատէ այսպիսով, որ մեր իրաւատիրական երթը կ՛ընթանայ ճիշդ հունով: Նաեւ ճի՛շդ աշխատակարգով:

Նախորդը

Սան Սեպասթիան Միացաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչցած Սպանական Քաղաքներուն

Յաջորդը

Քանատայի Պետական Ռատիոկայանը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Անկարելի Ապաքինումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 20, 2023
Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In