Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պահանջատիրական, Նաե՛ւ Զօրակցական

Ապրիլ 18, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

100_aanniversary_logo-300x251-420x233Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութիւնները` ներազգային, լիբանանեան (հասարակական եւ պետական), ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու վերաբերեալ, տարբեր առիթներով լոյսին բերուած են եւ յատուկ ընդգծումներ ապահոված: Հրատարակչականէն քարոզչական, մշակութայինէն կրթական ու գիտական, անցնելով արխիւայինէն մինչեւ ցուցական-պահանջատիրական, այս գաղութը 100-ամեակ նշելու իր ցուցաբերած կորովին ու հաւաքած թափին մէջ կը շարունակէ գրաւել սփիւռքեան շրջաններու համեմատութեամբ առաջին հորիզոնականը:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներն ու քրիստոնեայ տարրին կտրուկ արտահոսքը եւ տակաւին Վատիկանէն հնչած ահազանգները զուգահեռներ եւ ագուցումներ գծեցին Հայոց ցեղասպանութեան հետ եւ նպաստեցին խնդիրի այժմէականացման ընթացքին:

Զգօնութիւնը կարեւոր է ցեղասպանութեան զուտ կրօնական բնոյթ չտալու: Այլ շարժառիթներէ մղուած հակառակորդը կրօնական շահարկումը կրկնուող մարտավարական մօտեցումի վերածած էր` հարցը իր հիմնական էութենէն շեղելու եւ իրականացուած Ցեղասպանութեան բուն շարժառիթներուն վրայ ծխածածկոյթ յառաջացնելու համար:

Կը նկատուի, որ լիբանանեան առաւելաբար քրիստոնեայ զանգուածներն ու քաղաքական ուժերն են, որոնք վերջին շրջանին սուր կերպով կ՛արծարծեն Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտանքի անհրաժեշտութիւնը: Սովահարացումով ջարդեր եւ սպանդ կազմակերպելու Օսմանեան կայսրութեան մոռցուած վարքագիծին նկատմամբ հաւաքական յիշողութեան վերադարձ կատարած է յատկապէս Լիբանանի քրիստոնեայ հատուածը:

Բազմաշերտ է այս առումով նաեւ իսլամական դաշտը: Մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ երբեմն ուղղակի Անգարայի կեցուածքներու նկատառումը, միւս կողմէ` Թեհրան-Անգարա գէթ երեւութական մերձեցման նախադրեալները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը ունին նաեւ մեր հարցերուն շուրջ լիբանանցի համաքաղաքացիներուն ունենալիք կամ խուսանաւելիք կեցուածքներուն որդեգրման վրայ:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման հարցերու նկատմամբ դիրքորոշուիլը կամ այդ դիրքորոշումներու ամրութեան եւ կարծրութեան չափերը ճշդելը սերտօրէն առնչուած են միեւնոյն տրամաբանութեան հետ կապուած գործընթացներու ելեւէջներուն հետ:

Այս բոլորով հանդերձ միաժամանակ պարզ է, որ լիբանանահայ քաղաքական միաւորը` քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցչութեամբ, կ՛աշխատի 100-ամեակի մեծագոյն նշումին ապահովել համալիբանանեան մասնակցութիւն:

Կուսակցութիւններ, երեսփոխաններ, համագործակցականներ, կրթական հաստատութիւններ, յարանուանական հովանոցներու տակ գործող հաստատութիւններ հրապարակային ձեւով սկսած են յայտնել իրենց կեցուածքը ոչ միայն զօրակցելու, այլ նաեւ մասնակցելու ուղղութեամբ:

Աւելի պարզ եւ ժողովրդային բացատրութեամբ, այս տարի միայն լիբանանահայերը չէ, որ պիտի քալեն ու պահանջեն, պիտի յիշեն ու յիշեցնեն, այլ անոնք իրենց կողքին պիտի ունենան լիբանանցի համաքաղաքացիները, լիբանանեան քաղաքական ուժերու եւ հոսանքներու ներկայացուցիչները, երեսփոխաններն ու նախարարները:

Այս տարի, 100-ամեակի տարին, միայն պահանջատիրական քայլարշաւ չէ, որ պիտի համախմբէ տասնեակ հազարաւորները: Այս տարուան քայլարշաւը պահանջատիրականին առընթեր պիտի ըլլայ նաեւ զօրակցական եւ հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման ի խնդիր փողոց դուրս պիտի բերէ լիբանանահայութեան կողքին լիբանանեան այլ համայնքներու ներկայացուցիչները եւս:

 

 

 

Նախորդը

Քի Մուն Մերժած Է Պապին Օգտագործած «Ցեղասպանութիւն» Բնութագրումը

Յաջորդը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Կ՛օգտագործէ Նշանակալից Լուսանկար Մը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?