Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Օղակներն Ու Ընդհանուր Շղթան

Ապրիլ 22, 2015
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agn_Davutoglu_mahcupyanԹուրքիոյ վարչապետին արդէն իսկ թոշակառու խորհրդականին ետքայլը չուշացաւ: Իրաւամբ ցեղասպանութեան հարցի մասին կատարած համարձակ բարձրաձայնումներէն ետք պարզ է, որ կա՛մ հրաժեշտ պիտի տար իր պաշտօնին, կա՛մ ալ մտածել պիտի տար, որ ամէն ինչ վերահսկուած է, եւ  վարչապետին կողմէ պատուիրուած, ինչ որ աւելի կը մղէր դիպաշարին հետեւողը այդ յայտարարութիւններուն ետին տեսնելու Անգարայի կողմէ կիրարկուած մարտավարական հանգրուանները:

8 ապրիլին, այս սիւնակներէն, ի լուր Մահճուբեանի կատարած աննախընթաց յայտարարութիւններուն, կը հաստատուէր. եթէ թոյլտուութեամբ կատարուած յայտարարութիւն չէ այս մէկը, ապա Մահճուբեանը պէտք է հրաժեշտ տուած ըլլար իր պաշտօնին: Ո՛չ ակնկալուած թրքական զայրոյթ կայ այս յայտարարութեան դիմաց, ո՛չ ալ Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ համապատասխան արձագանգ: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ հանդուրժողականութեան նմուշ կը բեմադրէ Անգարան միջազգային հանրութեան: Ի վերջոյ, միշտ նկատի ունենալով յայտարարողին հանգամանքը, կատարուածը Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան կիսաճանաչում է:

Ցեղասպանութիւն եզրի վերաշեշտումը աւելի համոզիչ կը դարձնէր այս երկուութեան յստակացումը. փաստօրէն, տարիքային սահմանագիծի պատրուակով Մահճուբեանը այլեւս գործող իրաւասու խորհրդական չէր: Բայց Մահճուբեանի մօտ կը նկատուի տեղատուութիւն-մակընթացութիւն ընթացք մը, ինչ որ ոչ միայն կը բարդացնէ յայտարարութիւններուն մեկնաբանութեան փորձերը, այլ ընդհանրապէս կը յուշէ որեւէ վերլուծողի չշտապել եւ սպասել յաջորդ յայտարարութեան: Աւելի քան օսմանցի եմ, քան հայ ըսողը մէկ օր ետք 15-ի դէպքերը բնորոշեց ցեղասպանութիւն, եւ աւելի՛ն` այդ հասկացողութիւնը դիտարկեց իբրեւ իրաւական եզր եւ ոչ թէ պատմական:

Այս ընթացքի կամ վարքագիծի ընկալումով ալ պէտք է կարդալ թոշակի երթալու իրողութեան իր բացատրողականը. Մահճուբեան կը պարզաբանէր, որ ինք չի դադրիր խորհրդականի պաշտօնէն, պարզապէս այդ աշխատանքին համար չի գանձեր` տրուած ըլլալով, որ հատած է աշխատանքի առաւելագոյն տարիքի սահմանը:

Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ իրաւականութեան մասին աննախադէպ յայտարարութիւն կատարելէ ետք, այս անգամ տեղատուութեան այլ յայտարարութիւն կը կատարէր միեւնոյն Մահճուբեանը:

Մահճուբեանը, ակնարկելով, որ աշխատանքէ հեռանալու հարցին մէջ կարեւոր եղած են Ցեղասպանութեան մասին իր յայտարարութիւններէն ետք իշխող կուսակցութեան կողմէ քննադատութիւնները` պնդած է, որ եթէ ինք Թուրքիոյ վարչապետը ըլլար, չէր ընդուներ Ցեղասպանութիւնը, քանի որ այսօրուան վարչապետը պատասխանատու է քաղաքացիներուն այսօրուան բարեկեցութեան համար:

Եթէ պահ մը բացառենք (թէեւ դժուար), որ այս յայտարարութիւնը ինքնակամ եւ ոչ թէ պատուէրային բնոյթ ունի, ապա փորձենք մնալ Մահճուբեանի որդեգրած տրամաբանական հետեւողականութեան սահմաններուն մէջ:

Մահճուբեան կը շարունակէ խորհուրդ տալ վարչապետին (թէեւ առանց վարձատրուելու): Ինք այս ձեւով խորհուրդ կու տայ չճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Այսինքն, խորհրդականը ի՛նք անձնապէս ցեղասպանութիւն կը նկատէ պատահարները, սակայն իր վարչապետին խորհուրդ կու տայ նման ճանաչում չկատարելու:

Եթէ խորհրդականի չվարձատրուող հանգամանքը պահուած է, ապա ինչո՞ւ այս խորհուրդին հրապարակային բնոյթ կու տայ երբեմնի գլխաւոր խորհրդականը եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու նոր դուռեր կը բանայ իր այ՛ս յայտարարութեամբ  եւ յայտարարութեան հրապարակայնացումով:

Հիմա կը մնայ մեկնաբանել, որ ցեղասպանութեան ընդունումը Անգարայի կողմէ ինչպէ՞ս կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ թուրք հասարակութեան բարեկեցութեան վրայ: Ցեղասպանութիւնը, ըստ Մահճուբեանի նախորդ յայտարարութեան, իրաւական եզր է. այս բացատրութեամբ կը թուի, որ Անգարայի համար ընկերատնտեսական խնդիր է:

Մահճուբեանը, թէեւ մակընթացութիւններով եւ տեղատուութիւններով, աննախադէպ յայտարարութիւններ կատարած է. եւ այդ մէկը կարեւոր է անշուշտ: Սակայն իր յայտարարութիւններու ընդհանուր շղթան պէտք է դիտարկել հետեւութիւններ կատարելու համար եւ ոչ թէ  տուեալ օղակը շղթայէն դուրս բերելով պէտք է յատուկ լուսարձակի տակ բերել: Քարոզչական մակարդակի վրայ կան օղակներ, որոնց առանձնացումը կը նպաստէ ընդհանուր առաջադրանքին: Բայց շղթան կարեւոր է Անգարայի մարտավարական խաղերը կարենալ ընկալելու համար:

 

«Ա.»

 

Նախորդը

Գերմանական Լրատուամիջոցներ Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Ներթափանցման Նոր Փորձ. Հակառակորդը Կորուստներ Կրելով` Զէնքերը Ձգեց Փախաւ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?