ՇԱՔԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Այսօր, սփիւռքի մէջ, աւելի քան 85 տարի շարունակ, հայ ժողովուրդի սիրտը ներկայացնող Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ տեւաբար եւ մայրաբար գործող ԼՕԽ-ը չի սահմանափակուիր ծառայելու, որպէս` լոկ մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն, այլ հաստատ համոզումով կը շարունակէ ազգապահպանման ծանր, սակայն սրբազան առաքելութեան վսեմ գործը` որպէս իր իտէալը. տակաւին, եղած է ու կը մնայ հայ կնոջ նկարագիրի, բարոյական կազմաւորման` հայուհիի արժանիքները ի յայտ բերող հոգեմտաւոր զարգացման դարբնոցը, ուր հայ կինը շատ բան ունի սորվելիք, ապա որպէս ԼՕԽ-ական շատ բան ունի տալիք իր ընտանիքին, շրջապատին եւ ազգին զաւակներուն:
Այս հսկայական, բազմատեսակ եւ բեղուն գործունէութիւն ունեցող ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին մէջ գործող ընկերուհիները անկասկած որ կ՛ունենան թերացումներ, թիւրիմացութիւններ, զիրար չհանդուրժելու մարդկային սովորական տկարութիւններ եւ ակամայ տեղի ունեցած սխալներ, որոնք բնական երեւոյթներ են, որովհետեւ ո՛ւր որ գործ կայ, հոն անպայման սխալ կրնայ ըլլալ® Սակայն գիտակից ԼՕԽ-ական ընկերուհին քաջութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ նախ ինքնիրմէ հաշիւ պահանջելու, ինչպէս որ կը պահանջէ ուրիշներէն. ներողութիւն խնդրել` սխալելու պարագային, եւ թէ` ներել, երբ ուրիշներ սխալած են գործին մէջ, կամ` իրեն նկատմամբ վստահ ըլլալով, որ ներողամտութիւնը ուժի գերագոյն աստիճանն է, մանաւանդ երբ նուիրումի, զոհողութեան եւ սիրոյ գործ է, որ կը կատարենք:
Այսպիսով, պէտք է զօրացնենք մեր հիմքն ու կառոյցը համոզումով եւ գիտակցութեամբ, որ վարչականները կը փոխուին, վարչութիւնները կը մնան, Շրջանային վարչութեան անդամները կը փոխուին, Շրջանային վարչութիւնը կը գործէ եւ կը գոյատեւէ… ընթացքին` մանաւանդ անհատական «ես»-երը զիջելով, ապա յարգելով ու զօրացնելով համեստ ընկերուհիներու ինքնավստահութիւնը` ունենալու համար «մենք»-ը, դառնալու համար ուժեղ եւ մէկ ամբողջ:
Չարենցի հետեւողութեամբ, թէ` մեր հզօրացումը եւ գոյատեւումը մեր հաւաքական ուժին մէջն է:
Ուշագրաւ եւ ուրախալի երեւոյթ է նաեւ Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու մէջ ներկայութիւնը երիտասարդ ընկերուհիներու, որոնք երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող ընկերուհիներու կողքին, իրենց գիտելիքներով եւ պատրաստութեամբ, ժամանակին հետ քայլ պահելով` իրենց ներդրումը կ՛ունենան` միշտ երիտասարդ եւ աշխուժ պահելու մեր կազմակերպութիւնը:
Համեստութեան դէմ պիտի ըլլայ թէեւ, սակայն արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի բոլոր շրջանայիններու մէջ այսօր ԼՕԽ-ը ունի ամէնէն աւելի բազմատեսակ, բեղուն, կազմակերպուած կառոյցները եւ մասնագիտացած գործունէութիւնը` շնորհիւ անցեալին գործած եւ անցած մեր ընկերուհիներուն հսկայ փաղանգին, որոնց անունը եւ խօսքը չկայ, սակայն կայ գործը: Մեծ իրագործումներով ԼՕԽ-ը իր գործունէութեամբ սիրոյ եւ հաւատքի ջահ մըն է, որ կը լուսաւորէ մեր ազգային կեանքը, եւ որով ջերմ ու տոկուն կը պահէ հայ ժողովուրդը:
ԼՕԽ-ի ենթահողը` հիմը մասնաճիւղերն են: Եսակեդրոն չգործենք, այլ որոշումներուն եւ գործին մասնակից դարձնենք բոլոր ընկերուհիները, որպէսզի միասնաբար վայելենք յաջողութեան գոհունակութիւնը, վստահ ըլլալով, որ ընկերովի եղած աշխատանքը կ՛ըլլայ աւելի արագ, հաճելի եւ մանաւանդ` արդիւնաւէտ:
Բանաստեղծի խօսքերով` «Տո՛ւր ինծի, տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական»:
ԼՕԽ-ականի յատուկ վարուելակերպով եւ կենցաղով աւելի գրաւիչ եւ նախանձելի դարձնենք մեր կազմակերպութիւնը` ներգրաւելով մօտիկ, հեռու բոլոր ընկերուհիները. բազմացնենք եւ խտացնենք մեր շարքերը:
Մնանք պատնէշի վրայ` անխոնջ աշխատանքով, գործով, եւ յարատեւէ ԼՕԽ-ը իր սրբազան առաքելութեան մէջ` իբրեւ կանացի հզօր կազմակերպութիւն:
Գիտենք, որ ԼՕԽ-ի նպատակին մէջ կարեւորութեամբ նշուած է, նաեւ ազգային ինքնուրոյն մշակոյթի պահպանումը, որուն առանցքը մայրենի լեզուն է. գուրգուրանքով եւ սրբութեամբ պահպանենք մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն` մեր գոյատեւման միակ երաշխիքը:
Հարիւր տարի առաջ թուրքը որոշեց վերջնականապէս ոչնչացնել հայ ժողովուրդը… անողոք թշնամին չհասաւ իր նպատակին:
Մենք գոյատեւեցինք ազգային մշակոյթի քաղաքականութեամբ:
Այժմ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ մայրերը, քոյրերը եւ յատկապէս խաչուհիները ամենայն նախանձախնդրութեամբ յանձնառու ըլլանք պատրաստելու մեր անժամանցելի` արդար Դատին տէր կանգնելու պահանջատէր սերունդներ:
10 ապրիլ 2015