Խմբագրական 100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)
Արդարացի է ժողովրդային ակնկալութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը իրաւամբ պէտք է նոր բարձրակէտ նուաճէ եւ արտակարգ հնչեղութիւն ապահովէ իր տարողունակութեամբ եւ ձգելիք արձագանգներով: Խնդիրը նշումի տարողութեան, ոչ հայկական` պետական, հասարակական, զանգուածային առաւելագոյն շրջանակներ ներգրաւելու վրայ կը կեդրոնանայ: Եւ այս առումով, պարզ է, որ հայ մարդը կը սպասէ առաւելագոյն կարելին, թէ՛ իբրեւ բարձրորակ, թէ՛ իբրեւ իւրայատուկ եւ թէ՛ իբրեւ արձագանգում ապահովող...