Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներ (Զ.)

Մարտ 18, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներուն բովանդակային բաժինին մէջ կը նկատուի արդէն գաղափարախօսական առանցքային նոյնութիւն: Տարողութիւններու եւ նշման եղանակներու տարբերութիւնները չեն ստուերեր այն, ինչ որ իբրեւ առարկայացող պահանջատիրութիւն համատարած է հայութեան մօտ: Պահանջներու իրաւականացման գործընթացը կը սկսի 100-ամեակին: Այս մէկը արդէն Համահայկական հռչակագիրի ճշդած սկզբունքներուն յենած կ՛ապահովէ իր ընթացակարգը: Նախորդ բաժիններուն մէջ արծարծեցինք արդէն սպասուող քաղաքական այն գործընթացները, որոնց դէմ յանդիման Ցեղասպանութեան արծարծման ռազմավարական մօտեցումները կրնան խնդիրներ դիմագրաւել կամ բարենպաստ հանգրուաններ օգտագործել:

Աշխարհաքաղաքական օրակարգերը  այս օրերուն ստացած են արագընթաց, կտրուկ եւ յանկարծակիութեան գործօնի ձգած ազդեցութեան տակ յարափոփոխութեան իրավիճակ: Հայկական գործօնի դիտակէտով երկու տարածաշրջանի օրինակները այս առումով կրնան քաղաքական խորհրդածութիւններու անսահման դուռեր բանալ: Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու, Կովկասի յատկապէս եւ միջինարեւելեան տարածաշրջանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններու ահագնացումը կը խօսին տարածքներու ժողովրդագրական պատկերներու դիմաշրջումին, ցեղային զտումներով իրականացուող այլ շրջաններու ամայացումին եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւութիւն նոր երկիրներու ու պետութիւններու ձեւաւորման, նոր սահմանագծումներու իրականացման մասին:

Այս բոլորին մէջ հաւանաբար ամէնէն աւելի հայկական հիմնահարցերուն հետ կապուածը Քիւրտիստանի գէթ իրողական սահմաններու ուրուագծումն է: Յատուկ վերլուծական կանխատեսումներ ընելու պէտք չկայ  եզրակացնելու համար, որ քրտական գործօնը կամ Քիւրտիստանի ստեղծումը աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Այս կը նշանակէ, որ Անգարայի համար թիւ 1 գերխնդիր նկատուող այս իրականութիւնը յայտնուած է գերտէրութիւններու ուշադրութեան կիզակէտին: Իրաքեան Քիւրտիստանը կամ Սուրիոյ քրտական իրողապէս ինքնավար շրջանները վերջնական սահմանները չեն քիւրտերու առաջադրած Քիւրտիստանին: Հիմնականը Թուրքիոյ այսօրուան սահմաններուն մէջ ինկած տարածքներն են:

Թէ` քիւրտերու կողմէ առաջադրուած այդ տարածքներու ներառումը Քիւրտիստանին աշխարհաքաղաքական տնօրինումներուն մաս կը կազմէ, դժուար է հաստատելը: Պէտք չէ անտեսել սակայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի հրապարակած կանխատեսումը` յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ մասնատումը ընդգծող: Մինչ, ամերիկեան տարբեր կայքեր տարածաշրջանի նոր քարտէսներու հրապարակման ընթացքին դէպի Սեւ ծով հասնող ընդլայնուած սահմաններ կը տրամադրէին Հայաստանի Հանրապետութեան:

Այս նկատառումները կը մղեն հայկական կողմը ամբողջացնելու պահանջներու իրաւականացման տանող թղթածրարը: Սեւրն ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը ոչ միայն Համահայկական հռչակագիրին մէջ նշուած յղման կէտեր են, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներուն կողմէ պատեհ առիթներուն յիշեցուող փաստաթուղթեր: Ըստ երեւոյթին, նաեւ ոչ միայն հայկական շրջանակներ սկսած են  յիշել այս մասին:

Ինքնութեան խնդիրներու ալիքաւորումը սպառնալիք է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Եւ պատահական չէ, որ պաշտօնական թէ անպաշտօն աշխարհաքաղաքական կեդրոնները տարբեր առիթներու կ՛արծարծեն այս խնդիրները` Քիւրտիստանը, Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութիւնը, տարածաշրջանի նոր քարտէսները:

Այս գործընթացներուն հետեւելու եւ պատրաստ ըլլալու խնդիր ունի հայկական կողմը: Իսկ ներազգային իմաստով` Ցեղասպանութեան թղթածրարի ընկալման հիմնահարց: Կամ ընկալման փիլիսոփայութեան փոփոխութեան հարց:

Այսպէս: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու աւարտին, համայն հայութիւնը պիտի նախապատրաստուի նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Երեք տարի իրարմէ կը բաժնեն երկու հարիւրամեակները: Այս կը նշանակէ, որ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, միեւնոյն թրքական ուժերը Արեւմտահայաստանը ամայացնելէ եւ արեւմտահայութիւնը բնաջնջելէ ետք կը սպառնային ամայացնել Արեւելահայաստանն ու նոյն ճակատագրին ենթարկել հայութեան մնացորդացը: Հայկական կողմը ձախողեցուց համընդհանուր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւական ժառանգորդն է ցեղասպանական համընդհանուր քաղաքականութիւնը ձախողեցուցած եւ հանրապետութիւն կերտած անկախութեան սերունդին:

Մեր ընդհանուր պահանջատիրութեան շրջանակներուն մէջ ընդգծելի է ի մասնաւորի այն  հանգամանքը, որ Ա. հանրապետութեան 71.000 քառակուսի քիլոմեթրէն մեծ բաժին մը բռնագրաւուած է 1920-ի  աշնան` թրքական նոր ներխուժման ժամանակ: Իրաւական տեսանկիւնէն  ցայսօր բաց կը մնայ Կարսի մարզի ու Արտահանի նահանգի այդ տարածքներու ապօրինի խլման հանգամանքը: Եւ երբ թուրքերը ցոյց կու տան  իրենց մեծ հետաքրքրութիւնը, Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ  տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հարցին մէջ իր յատուկ տեղը ունի հանրապետութեան տարածքներու ապօրինի բռնակցումը օրինականացնելու  պարագան: Ի դէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկով,  ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խնդրի  ուսումնասիրութեան նկատառումով հայ իրաւաբաններու  միջազգային  խումբ ստեղծելու առիթով,  օրուան գլխաւոր  դատախազը եւս խօսեցաւ հայկական  տարածքներու վերատիրացման մասին: Իսկ այդ շեշտադրումով խօսքը  կը վերաբերի մասնաւորապէս  առաջին Հանրապետութեան: Կը նշանակէ, որ հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին առիթով հարկ է պատրաստուիլ եւ հիմնաւորուած շեշտադրումով, օրին, առանձին արծարծման նիւթ դարձնել  յատկապէս այս խնդիրը:

Այսօրուան Հայաստանի հզօրացումը ամէնէն ազդու եւ ամէնէն ուժեղ պատասխանն է Ցեղասպանութեան: Հզօր հայրենիքը միայն կրնայ առաւելներ քաղել աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ստեղծելի բարենպաստ պայմաններէն: Մեր գերխնդիրն ու թիւ մէկ նպատակը` հայրենատիրական գիտակցական մօտեցումով եւ առաջնային օրակարգով Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումն է:

Նախորդը

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Նոր Համաձայնագիր Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Եւրանեսթի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?