Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Լիբանանահայ Գաղութ (Ե.)

Մարտ 17, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան միջավայրին մէջ 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած աշխատանքներուն կարեւորագոյնները չեն սահմանափակուիր լիբանանեան համայնքով: Համասփիւռքեան, եթէ ոչ համահայկական նշանակութիւն ունեցող եւ մնայուն բնոյթ կրող ծրագիրներ են անոնք, որոնց վրայ կը կեդրոնանայ 100-ամեակին առիթով մշակուած համազգային ռազմավարութեան հետեւողներուն ուշադրութիւնը:

Նախ իբրեւ ժամանակահատուածը յատկանշող երեւոյթ, 100-ամեակի նախաշեմին, պէտք է յիշել անպայման Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած միջազգային ատեաններու մօտ հեղինակութիւն ճանչցուած իրաւագէտներու գիտաժողովը, որ առաջին անգամ ըլլալով քննեց հայոց իրաւունքները միջազգային օրէնքի ճշդած իրաւաչափութիւններուն նկատառումով արծարծելու ուղիները: Այս գիտաժողովը առարկայական հետեւանք ունեցաւ. երկու կաթողիկոսներու յայտարարած պահանջագիրին հետեւեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ, պահանջելու Սիսի կաթողիկոսութեան վերադարձը բուն իրաւատիրոջ: Հատուցման թղթածրարի կարեւորագոյն բաղադրիչին մաս կազմող այս քայլը իրաւական հետեւողականութիւն ունի Քոնկրեսի որդեգրած բանաձեւին հետ` կրօնական փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու իրենց հոգեւոր կեդրոնները: Նման բանաձեւերով, յայտարարութիւններով եւ ուղղակի դատական հայցերով կ՛առարկայանայ ճանաչումէն հատուցում անցումի առաջին փուլը:

Նման համասփիւռքեան եւ համահայկական տարողութեան ծրագիրներուն մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ 100-ամեակին առիթով  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ ձեռնարկուած Պիքֆայայի Նահատակաց հրապարակի շինարարութիւնը, Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգումը եւ Ժիպէյլի մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարանի կառուցումը` թանգարանային մասնագիտական ճարտարապետութեամբ եւ յագեցած ժամանակակից յղացքներու ամէնէն նորարար ոճերով: Պէտք է անպայման նշել նաեւ, որ Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասումէն եւ Տէր Զօրի մատրան պայթեցումէն ետք, նահատակներու մասունքներ ամփոփող Անթիլիասի Նահատակաց մատուռը, ըստ էութեան, իր այդ հանգամանքին մէջ կը դառնայ եզակի սրբավայր եւ որ իբրեւ այդպիսին կը ստանայ նոր հանգամանք եւ ընկալման նոր տարողութիւն, ոչ միայն ազգային իմաստներով:

Լիբանանահայ գաղութը առաջինն էր, որ ընդառաջելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի կոչին, ինքնակազմակերպումով ձեւաւորեց համագաղութային մարմին, որուն մէջ ներառուած են գաղութին մէջ գործող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական բոլոր շրջանակները: Ներկայացուցչական այս հանգամանքը կը գործէ ահաւասիկ գրեթէ չորս տարիէ ի վեր` քանդելով այն կարծրատիպը, որ միասնական ձեւաչափը գաղութներուն համար 24 ապրիլէ 24 ապրիլ է միայն: Մարմինին գործառոյթը հիմնականին մէջ համակարգել է բոլոր շրջանակներուն կողմէ այս ուղղութեամբ ծրագրած նախաձեռնութիւնները եւ ապահովել համագաղութային մասնակցութիւն այդ առաջադրանքներու իրականացման: Հոգեւոր, մշակութային, ընկերային, սկաուտական, երիտասարդական, հասնելու համար ազգային-քաղաքական` այս մարմինի հովանոցին տակ խմբուած ու կայացած են արդէն նոյնքան բնոյթի ձեռնարկներ, համերգներ, դասախօսական երեկոներ, ցուցահանդէսներ, քննարկումներ, խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ, ցոյցեր, քայլարշաւներ, յուշագիրներու յղումներ: Թիրախային ուղղուածութիւնը այս բոլորին եղած է ներազգային (շեշտելով երիտասարդական խաւը), լիբանանցի հասարակութեան վերաբերող եւ  օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները նկատի ունենալով: Յատկապէս այս երրորդ ուղղութեան համար մնայուն համակարգումը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ: Մարմինը իր աշխատանքային ծրագիրներու իրականացման ընթացքին ունեցած է խորհրդատուութիւնն ու օժանդակութիւնը պետական յանձնաժողովի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքներու ապրած տագնապներուն անդրադարձը նոյն ահագնութեամբ չէ այսօր լիբանանահայութեան պարագային: Այս մէկը չի նշանակեր, որ Անգարայի կողմէ աննկատ կ՛անցնին, կեդրոնական գաղութին միջավայրային իւրայատկութիւնները եւ այդ պայմաններուն մէջ պայքարունակ եւ պահանջատէր կազմաւորում ստացող հայ երիտասարդութիւնը: Անգարան լաւ կշռաչափած է ուժական պայքարին մասնակցած երիտասարդութեան ստացած դաստիարակութեան եւ առհասարակ պահանջատիրական կազմաւորման պայմանները եւ բնականաբար աննկատ չի կրնար ձգել գաղութի հնոցային իրողութիւնը:

Միայն այս հանգամանքը չէ, որ այս հանգրուանին յաւելեալ  զգօնութեան պիտի մղէ գաղութի պատասխանատուները: Լիբանանը միակ արաբական հանրապետութիւնն է մինչ այժմ, որ ամէնէն խիստ բանաձեւով ճանչցած ու  դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երեւութական կրաւորականութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ պէյրութեան ներկայացուցչութիւնը ժխտողականութիւն կիրարկելու: Փոխարէնը տենդագին աշխատանք կը փորձուի իրականացուիլ հիւսիսային Լիբանանի մէջ թիւրքմեն ազգաբնակչութիւնը կազմակերպ համայնքի վերածելու եւ Անգարայի հովանաւորութեան տակ քաղաքական գործօնի վերածելու: Կրթական, բարեսիրական շղարշին տակ քաղաքական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ չի բացառուիր, որ նոյն շրջանակներուն յուշուի նշել Կալիփոլիի 100-ամեակը, ապրիլ 24-ին: Անշուշտ, լուսարձակներէ հեռու, հետապնդողական ճիգ կայ Լիբանանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն հրաւիրելու Կալիփոլիի յոբելենական հանդիսութեան:

Թուրքիոյ դիմագիծի բացայայտման մեր աշխատանքները  կրնան միայն հայկական հարցին հետ չառնչուիլ: Ծայրայեղական միեւնոյն տարրերն են, որոնք ոտնձգութիւններ կը շարունակեն կատարել բանակին դէմ եւ որոնք կը սպառնան Լիբանանի կայունութեան: Այդ տարրերը կը զինուին եւ կը ֆինանսաւորուին նոյն կեդրոններէն: Համալիբանանեան  դատապարտանքը անհրաժեշտ է` պատուիրատու կողմին դէմ: Զուգահեռ` հետզհետէ կը բարձրանան լիբանանեան ձայներ, 100-ամեակի առիթով յիշող եւ յիշեցնող, որ նոյն Օսմանեան կայսրութիւնը սովամահութեամբ ջարդարարական քաղաքականութիւն կիրարկած է Լեռնալիբանանի նկատմամբ: Միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ բռնագաղթի եւ ջարդի ենթարկուող քրիստոնեայ դաւանանքներու լիբանանաբնակ համայնքները 100-ամեակին կը զօրակցին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման նպատակով ծաւալող շարժումին: Լիբանանահայ գործօնը այս հանգամանքները նկատի կ՛առնէ եւ իբրեւ լիբանանցի նաեւ կ՛արծարծէ սովամահութեան գործողութիւններ իրականացուցած օսմանեան պետական քաղաքականութեան ծանր հետեւանքները մայրիներու երկրին մէջ:

Տարբեր թիրախային ուղղուածութիւններ ունեցող բազմաբնոյթ ձեռնարկներով եւ համագաղութային միաւորներով, թանգարանի կառուցումով, թէ արարողութիւններով սրբավայր յայտարարելով,  սփիւռքի Ծիծեռնակաբերդի բացում կատարելով եւ տակաւին սփիւռքի ամէնէն մարդաշատ քայլարշաւները կազմակերպելով, միաժամանակ գերզգօնութեամբ թշնամիին շարժումներուն հետեւելով լիբանանահայ գաղութը, հակառակ իր դիմագրաւած քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական բազում դժուարութիւններուն, 100-ամեակին եւս, յառաջատար դիրքերը չլքելու պարտաւորութիւնը ունի:

Նախորդը

Հանդիպում` Քաղաքացիական Տարբեր Նախաձեռնութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Ճատրակ. Դանիէլեան, Մկրտչեան Եւ Աբրահամեան Կը Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In