Գլխաւոր լուրեր

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Աշխատելու Արցախահայութեան Տունդարձին Ուղղութեամբ

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Պաշտօնական Յայտարարութիւնը

Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը անդրադարձաւ Կովկասի շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին ողբերգութեան, որուն հետեւանքով բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցան 120.000 հայեր: Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին ապահովելու տեղահանուածներու տունդարձն ու անոնց համապատասխան միջոցներու ապահովումը միջազգային օրէնքի եւ ինքնորոշման իրաւունքի սահմաններուն մէջ:

Ակնարկ.  Հայ Դատը, Հռոմի Կանոնադրութիւնն Ու «Չպետութիւն»-ը

Ակնարկ. Հայ Դատը, Հռոմի Կանոնադրութիւնն Ու «Չպետութիւն»-ը

Միջազգային քրէական դատարանի անդամակցութեան կամ այս պարագային Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստին իշխանութեան խմբակցութենէն հնչեցին Հայ դատի համակարգը պետականութեան հակադրող միտքեր: Անոնք բանաձեւուեցան Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նկատմամբ ընդդիմութեան դիրքորոշումին իբրեւ խորքային դրդապատճառներ: Առանցքայինը այդ դրդապատճառներուն, ըստ այդ հայեցակարգին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է կամ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածելակերպը: Իշխանական պատգամաւորի տրամաբանութեամբ, Դաշնակցութիւնը կամ անոր Հայ դատի համակարգը միջազգային քրէական դատարաններուն մրցակիցն է: Հետեւապէս,...

Զախարովա. «Հայաստանի Համար Ճակատագրական  Հարցի Վերաբերեալ Որոշումները Կայացած Են  Առանց Հայ Ժողովուրդի Կարծիքը Հաշուի Առնելու»

Զախարովա. «Հայաստանի Համար Ճակատագրական Հարցի Վերաբերեալ Որոշումները Կայացած Են Առանց Հայ Ժողովուրդի Կարծիքը Հաշուի Առնելու»

Հայաստանի իշխանութիւնները երկրին համար կարեւոր որոշումներ տալու հոլովոյթին մէջ հաշուի չեն առներ հասարակութեան կարծիքը: Այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանի եթերէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Առանց հանրային կարծիքի, առանց հանրաքուէի արդիւնքներու վրայ յենուելու, կը տրուին որոշումներ, որոնք համապետական նշանակութիւն ունին ոչ միայն այսօրուան, այլեւ ազգի պատմութեան ծիրին մէջ: Աւելի՛ն, կը տրուին որոշումներ, որոնք կը հակասեն այն...

Չեփա. «Մոսկուան Հռոմի Կանոնադրութիւնը  Վաւերացուցած Հայ Պատգամաւորներու Դէմ  Պատժամիջոցներ Կրնայ Կիրարկել»

Չեփա. «Մոսկուան Հռոմի Կանոնադրութիւնը Վաւերացուցած Հայ Պատգամաւորներու Դէմ Պատժամիջոցներ Կրնայ Կիրարկել»

Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Չեփա «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է. «Մոսկուան Հռոմի  կանոնադրութիւնը վաւերացուցած հայ պատգամաւորներու դէմ պատժամիջոցներ կրնայ կիրարկել»: «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ռուսաֆոպ քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի Միացեալ Նահանգներու ճնշումին տակ, սակայն նման քայլերու համար պատասխանատու են նաեւ պատգամաւորները», ըսած է ան:

Բագրատունի Ընդունեց Ճէյմի Օմիլիան

Բագրատունի Ընդունեց Ճէյմի Օմիլիան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու նոր նշանակուած խորհրդական Ճէյմի Օմիլիան եւ քաղաքական փորձագէտ Անի Էքմեքճին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ շրջանային կացութեան վրայ, յատուկ շեշտադրումով նախագահական ընտրութեանց, հնգեակի նախաձեռնութեան, սուրիացի տեղահանուածներու եւ երկրի ու ժողովուրդի տնտեսական վիճակին վրայ: Յատուկ կերպով քննարկումի նիւթ դարձաւ ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ,...

Ընդառաջելով Լիբանանցի  Պատասխանատուներու Կոչին`  Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ  Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Արցախի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու առհասարակ Արցախի իրավիճակը առանցքը կազմեցին լիբանանցի հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդաժողովին, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանցի զանազան անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու` «Արցախի անկումէն քաղուած դասերու» քննարկման եւ ընդվզումի դրսեւորման ուշագրաւ կոչին, լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու հոգեւոր հայրեր աւելի քան մէկուկէս ժամ...

Գերեվարուած Են Արայիկ Յարութիւնեանը,  Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանն  Ու Դաւիթ Իշխանեանը

Գերեվարուած Են Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանն Ու Դաւիթ Իշխանեանը

Երէկ երեկոյեան «Արցախփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը տեղափոխուած են Պաքու, իսկ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը գերեվարուած է եւ զայն կը տանին Պաքու: Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ ինք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վաւերացուց Հռոմի Կանոնադրութիւնը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Հռոմի Կանոնադրութիւնը

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու մասին նախագիծը ընդունուեցաւ Ազգային ժողովի նիստին` ստանալով 60 կողմ, 22 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներ: Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները դէմ քուէարկած են նախագիծին:  

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւններու  Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Արցախի Դէմ  Ազրպէյճանի Ոճրային Յարձակումն  Ու Հայութեան Բռնի Տեղահանումը

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Ոճրային Յարձակումն Ու Հայութեան Բռնի Տեղահանումը

Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօնը, երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Պաաս կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ...

Ընդառաջելով Լիբանանցի  Պատասխանատուներու Կոչին`  Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ  Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Ընդառաջելով Լիբանանցի Պատասխանատուներու Կոչին` Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Ընդառաջելով  լիբանանցի պատասխանատուներու եւ առնչակից անձնաւորութիւններու կոչին` Արցախի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արցախի, յատկապէս հոն արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն ու  քաղուած դասերու քննարկման յատկացուած այս խորհրդաժողովին ներկայ էին հայ եւ ոչ հայ լիբանանցի կուսակցական, միութենական պատասխանատուներ, պետական անձնաւորութիւններ ու հոգեւոր հայրեր եւ լրագրողներ: Այս առիթով ներկաները խօսք...

Սաատ Հարիրին Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Սաատ Հարիրին Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ին, ընդունեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց նախկին վարչապետ Հարիրիի ողջոյնները եւ միաժամանակ արտայայտեց անոր խոր ցաւը` ի տես Արցախի մէջ պատահող փոփոխութեանց, ժողովուրդին տեղահանութեան եւ աշխարհին լռութեան:...

Ակնարկ.  Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը

Ակնարկ. Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը

ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ոչ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ: Պաշտօնական լրահոսին համաձայն, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը պիտի փաստահաւաքագրէ, զինաթափման ընթացքին հետեւի եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրէ թէ՛ Արցախ մնացողներուն եւ թէ՛ Արցախէն բռնագաղթածներուն: Անհեթեթութեան սահմանը հատեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, որուն որոշումները պատերազմական վերջին գործողութիւններով...

Նախագահ Շահրամանեան Եւ Սակաւաթիւ  Պաշտօնատարներ Տակաւին Կը Մնան Արցախի Մէջ

Նախագահ Շահրամանեան Եւ Սակաւաթիւ Պաշտօնատարներ Տակաւին Կը Մնան Արցախի Մէջ

Ազրպէյճանի զինուժի յարձակումէն երկու շաբաթ ետք այսօր արդէն, ըստ արցախցի պաշտօնեաներու, Արցախը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Արցախի մէջ այս պահուն Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան շուրջ երկու տասնեակ փրկարարներ կը շարունակեն զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու որոնումը: Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդումով, մինչեւ որոնողական աշխատանքներու աւարտը Արցախի մէջ պիտի մնայ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան: «Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը խումբ մը...

Ազրպէյճանցիները Կրակ Կը Բանան Հայկական  Դիրքեր Սնունդ Փոխադրող Մեքենային Վրայ 1 Նահատակ, 2 Վիրաւոր

Ազրպէյճանցիները Կրակ Կը Բանան Հայկական Դիրքեր Սնունդ Փոխադրող Մեքենային Վրայ 1 Նահատակ, 2 Վիրաւոր

Հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ տեղափոխող մեքենայի ուղղութեամբ երէկ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակած կրակոցին պատճառով հայկական կողմը ունեցած է տուժածներ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն` նշելով, որ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին աւելի ուշ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու կրակոցին պատճառով հայկական կողմը ունի 1 զոհ եւ 2 վիրաւոր: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան...

Անդրադառնալով Ասկերանի  Շրջանին Մէջ Պայթումին`  «Ֆրանսան Պատրաստ Է  Շտապ Միջոցներ Ուղարկել»  Կ՛ըսէ Քոլոնա

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Պիտի Տեսակցի Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Հետ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա այսօր պիտի այցելէ Հայաստան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի տեսակցի Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու հետ: Ըստ Փարիզի, Քոլոնա պիտի վերահաստատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ պիտի ընդգծէ ծայրայեղ զգօնութիւնը զանոնք յարգելու նկատմամբ: Ան Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ պիտի ուսումնասիրէ բոլոր ոլորտներուն մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Օժանդակութեան Մարմին Արցախի Հայութեան` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովանաւորութեամբ

Քանի մը օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը, խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, նշանակեց Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որուն մաս կը կազմեն. - Անուշաւան արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին) - Թորգոմ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ գրասենեակի անձնակազմի ղեկավար եւ ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի աւագ քաղաքական խորհրդական Նիրաժ Սինկիհետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ՄԱԿ-ի առաքելութեան 1 հոկտեմբերին Արցախ այցելութեան, ինչպէս...

Արցախէն Հայաստան Բռնի Տեղահանուածներու Տեղափոխումը Մօտեցաւ Իր Աւարտին. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Հայաստան Տեղափոխուեցաւ 100.514 Հոգի

Արցախէն Հայաստան Բռնի Տեղահանուածներու Տեղափոխումը Մօտեցաւ Իր Աւարտին. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Հայաստան Տեղափոխուեցաւ 100.514 Հոգի

Արցախի Գրեթէ Ամբողջական Պարպումէն Ետք ՄԱԿ-Ի Առաքելութիւնը Հասաւ Ստեփանակերտ 1 հոկտեմբերի ժամը 20:00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 100 հազար 514 անձ հասած է Հայաստան: Հակարիի կամուրջը հատած է 21 հազար 106 փոխադրական միջոց: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան: Ան նշեց, որ ժամը 20:00-ին նախորդող 4 ժամուան ընթացքին 24 անձ տեղափոխուած է: «Վայրկեաններ...

Տասը Հազարէ Աւելի Ցուցարարներ Մասնակցեցան Պրիւքսելի Մէջ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Կատարուած Համաեւրոպական Հանրահաւաքին

Տասը Հազարէ Աւելի Ցուցարարներ Մասնակցեցան Պրիւքսելի Մէջ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Կատարուած Համաեւրոպական Հանրահաւաքին

Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Նետերլանտներէն հասած տասը հազարէ աւելի մարդ երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով: Հանրահաւաքի մասնակիցներու ձեռքերուն գտնուող պաստառներուն հիմնական մասը իրենց գրութիւններով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր...

Համազգային Եւ Զօրակցական Աղօթքի Օր`  Հայ Առաքելական Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Համազգային Եւ Զօրակցական Աղօթքի Օր` Հայ Առաքելական Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Երէկ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հայրենիքի եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ համազգային եւ զօրակցական աղօթք` առ ի զօրակցութիւն Արցախահայութեան: Ս. Էջմիածինի Մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ երէկ` 1 հոկտեմբերին, Արցախի համար համազգային աղօթքի օր էր: Դուրս բերուած են տարբեր սրբութիւններ եւ սրբազան մասունքներ, ներառեալ աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար բաց խորանին մէջ մնաց մինչեւ երեկոյեան...

Page 210 of 796 1 … 209 210 211 … 796

Արխիւներ