Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Գիտենք, Որ Կը Փորձեն Մեզ Ղարաբաղէն Դուրս Մղել, Սակայն Ռուսիայէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Նոյնպիսի Երաշխաւոր Ըլլալ»

November 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան որոշ երկիրներ կը փորձեն ապակայունացնել Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը եւ շրջանին մէջ բացայայտօրէն կը պայքարին Ռուսիոյ դէմ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Կ՛երեւի 3, 4, 5 տարի առաջ նման պայքարը կը տարուէր դիւանագիտական դիմակներու ետին: Այժմ այդ դիմակները շատոնց արդէն նետուած են, եւ պայքարը կը մղուի դէմ առ դէմ` բաց երեսով», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցի ընթացքին` մեկնաբանելով արեւմտեան քաղաքական գործիչներու «ռուս խաղաղապահները, զինուորականները շրջանէն վտարելու, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կապերը խզելու ուղղութեամբ նպատակներու մասին» յայտարարութիւնները:

«Իրօք, շարք մը երկիրներ տակաւին կը փորձեն ապակայունացնել Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը, ինչ որ, ի դէպ, յանգեցուց անոր, որ ազրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այդ երկիրները դժուար թէ յաւակնին միջնորդի որեւէ դերի, որովհետեւ իրենք միակողմանի դիրքորոշում որդեգրած են: Եւ, ի հարկէ, նման միակողմանի դիրքորոշում ունենալով բան մը պնդելը թէ՛ անկարելի է, թէ՛ անտեղի», եզրափակած է Փեսքով:

Անոր համաձայն, արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Ռուսիան դուրս մղել Արցախէն, սակայն ոչ ոք կրնայ հանդէս գալ իբրեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոյնպիսի երաշխաւոր:

«Այն, որ մեզ կը փորձեն դուրս մղել այնտեղէն, այո՛, մենք ատիկա գիտենք, սակայն մինչեւ հիմա ոչ ոք կրնայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւոր ըլլալ բացի Ռուսիայէն, եւ Ռուսիան կը շարունակէ իր ջանքերը», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ Հայաստանը ի վերջոյ լիովին պիտի վերսկսի իր մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ):

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նշած է, որ Հայաստանի դիրքորոշումը քաջ յայտնի է. «Մենք չենք կրնար ամէն ինչի շուրջ համաձայնիլ, որովհետեւ ՀԱՊԿ-ը կը մնայ արդիական: Բոլոր երկիրները միակարծիք են այս դաշինքի հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման հարցին մէջ», ընդգծած է Փեսքով:

Նախորդը

Ապտոլլահեան Հանդիպում Ունեցած Է Երեւանի Եւ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատուեցան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.