Հայկական կողմի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միջոցառումներուն մասնակցելէ հրաժարիլը չի համապատասխաներ հանրապետութեան ժողովուրդի շահերուն: 22 նոյեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Այդ որոշումը, ի հարկէ, ափսոսանք կը յառաջացնէ: Մենք չենք կարծեր, որ ատիկա կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի երկարաժամկէտ շահերուն եւ պիտի նպաստէ մեզի համար բարեկամ այդ երկրին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս կը հասկնանք, հայ գործընկերները մտադիր չեն արգելակել կազմակերպութեան կանոնադրային մարմիններու աշխատանքները, պիտի չխոչընդոտեն արդէն համաձայնեցուած փաստաթուղթերու որդեգրումը: Ըստ էութեան, ատիկա Երեւանի համար դուռը բաց կը պահէ եւ անոր կարելիութիւն կու տայ հետագային միանալ աշխատանքին: Լիայոյս ենք, որ հայ դաշնակիցները պիտի օգտուին այդ կարելիութենէն: Համոզուած ենք, որ ՀԱՊԿ-ը ներկայ իրավիճակին մէջ կոչուած է կարեւոր դեր խաղալու շրջանային կայունութեան գործին մէջ», ըսած է ան:
Նախքան այդ հաղորդուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան պիտի չմասնակցին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն:
«Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը, որուն վերաբերող որոշումը առաջուան պէս սեղանին վրայ է, ի հարկէ, ծանրակշիռ գործօն պիտի դառնար Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ` ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, որ կը շարունակէ ցոյց տալ իր լիակատար անարդիւնաւէտութիւնը», յայտնած է Զախարովա:
«Եւրոպական առաքելութիւնը կ՛իրագործէ առաջադրանքներ, որոնք հեռու են յայտարարուած նպատակներէն: Մենք բազմիցս այդ մասին յայտարարած ենք», ըսած է ան լրագրողներուն:
«Միամտութիւն կը թուի խօսիլ Հայաստանին ֆրանսական «Պասթիոն» զրահապատ մեքենայի մատակարարման օգուտներուն մասին: Ուքրանիոյ մէջ իրական մարտական պայմաններու մէջ անոնք շատ ցած արդիւնաւէտութիւն ցոյց տուած են», յայտնած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, եթէ նշուած սպառազինութիւնը ուղղակի ցուցադրուի հրապարակներու վրայ, ապա թերեւս առաքումները իմաստ ունին:
Զախարովան համոզուած է, որ Ֆրանսան Հայաստանին վաճառած է «անպիտան բան մը», որ Փարիզը չէ կրցած այլ ուղղութիւններով վաճառել: Իսկ թէ ինչպէ՛ս այս մեքենաները պիտի կարենան Հայաստանի տարածքը պաշտպանել, առեղծուած կը մնայ:
«Երեւանը կ՛ուզէ բանակցիլ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի մէջ, թէեւ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը շարք մը պատճառներով կրնան բարեխիղճ միջնորդներ նկատուիլ: Անոնց գործողութիւններուն նպատակն է Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն դուրս մղել:
«Անոնք կ՛ուզեն ոչնչացնել գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան մեքանիզմները եւ միեւնոյն ժամանակ գողնալ եւ փոխել Մոսկուայի մասնակցութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները: Հետեւաբար, անոնց միջնորդութենէն իրական արդիւնք չի կրնար ըլլալ: Երեւանի անխոհեմ գրաւը, թէ Արեւմուտքը իրեն պիտի օգնէ, ձախողեցաւ: Հակառակ գոյութիւն ունեցող հրաւէրներուն, խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները սառեցուած են», ըսած է ան:
Զախարովա ընդգծած է, որ ռուսական կողմը բազմիցս Հայաստանը հրաւիրած է Մոսկուայի եւ այլ վայրերու մէջ բանակցութիւններուն մասնակցելու, սակայն «Երեւանէն յստակ պատասխան չկայ»:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ «Ֆրանսան հող կը նախապատրաստէ մեր շրջանին մէջ նոր պատերազմներ շղթայազերծելու համար», Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Գիտէք` մեզ ընդհանրապէս չի զարմացներ Պաքուի կողմէ Ֆրանսայի քայլերուն վերաբերեալ նման կտրուկ գնահատականը: Կը կարծենք, որ թէ՛ Պաքուի, թէ՛ շարք մը այլ վայրերու մէջ արդէն յոգնած են Փարիզի կպչունութենէն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իր քաղաքական անունը վերականգնելու անյաջող փորձեր կը կատարէ»:
«Ցաւօք, Հարաւային Կովկասի մէջ (զինուորական գործողութիւններու) կրկնութեան վտանգները կը պահպանուին: Այս առնչութեամբ Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աշխատի շրջանային բոլոր երկիրներու եւ դրացի պետութիւններու շահերու հիման վրայ շրջանը կայունութեան, բարգաւաճման ու զարգացման գօտիի վերածելու ուղղութեամբ», շարունակած է ան:
Զախարովա ընդգծած է, որ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արեւմտեան միջնորդներու, մասնաւորաբար` Ֆրանսայի նպատակները ամբողջովին այլ են. անոնք կ՛ուզեն Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան գօտիի: