Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ գերիներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութեան արձանագրումը յայտարարեց` յոյս յայտնելով, որ շուտով լաւ լուրեր կրնան հաղորդուիլ:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթմար Պըն Ղաֆիր յայտարարեց. «Կը մօտենանք Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման, եւ բոլորս պարտաւոր ենք յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին դժուար որոշումներ տալու»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց. «Կառավարութիւնը մտադիր է այս գիշեր գերիներու փոխանակման հարցով կարճ ժողով մը գումարելու, եւ ժողովէն ետք ելեկտրոնային կայքի վրայ պիտի հրապարակուին անունները այն գերիներուն, որոնց ազատ արձակուիլը կը նախատեսուի»:
Կայանը նշեց, որ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կառավարութեան անդամներուն ուղղուած նամակի մը մէջ նշած է. «Կառավարութեան գերիներու գործարքին համամտութիւն տալէն ետք հանրութեան 24 ժամ պիտի տանք ատոր դէմ առարկելու համար»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութեան խորհրդատուն եւ արդարադատութեան պատասխանատուները կը քննարկեն անունները պաղեստինցի գերիներուն, որոնց ազատ արձակումը կը սպասուի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, մեկնաբանելով Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդութիւնը, յայտարարեց. «Կողմերը կարեւոր փուլ հասան, եւ գերիներու հարցին շուրջ համաձայնութեան հասնելու պարագային հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակուի»:
«Միջնորդութիւնը հասաւ նուրբ փուլի մը, որ իր պահանջները ունի, եւ անմիջապէս որ համաձայնութիւն գոյանայ, կողմերը այդ մասին պիտի յայտարարեն», նշեց բանբերը` լաւատեսութիւն յայտնելով ժամանակաւոր զինադադարի մը գոյացման առնչութեամբ, որ իր կարգին Կազայի մէջ ամբողջական զինադադարի պիտի առաջնորդէ:
«Այժմ առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն է, եւ ներկայիս Կազայի յետպատերազմեան ճակատագիրին մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ երեկոյեան նշեց. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը Քաթարի հետ միացեալ ջանքով աշխատանքը կը շարունակեն»:
«Կը յուսանք կարելի ամէնէն մօտ ժամանակին հասնինք գերիներու փոխանակման վերաբերեալ արդիւնքի: Մենք մնայուն կապի մէջ ենք, եւ կը յուսանք դրական արդիւնքներ ունենալ», աւելցուց Էրտողան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երկուշաբթի երեկոյեան յայտարարած էր. «Կը կարծեմ, որ Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւն մը մօտալուտ է»: Սպիտակ տունն ալ նշած էր, որ «Կազայի մէջ պատանդներու ազատ արձակման համաձայնութեան գոյացման աւարտին կը մօտենանք»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պատանդներու վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան գործադրումը կախեալ է բոլոր կողմերուն իրենց յանձնառութիւնները յարգելէն»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երկուշաբթի գիշեր հաղորդեցին. «Մենք վճռական ժամերու մէջ կը գտնուինք եւ այս անգամ գերիներու գործարքին աւելի մօտ ենք»: Ըստ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին, «գերիներու փոխանակման գործարքը հինգ օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատում կը ներառէ»: Կայանը նաեւ նշեց. «Իսրայէլ գերիներու գործարքին կանաչ լոյս տուաւ եւ կը սպասէ Համասի պատասխանին»:
Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ յայտարարած է, որ պաղեստինեան դիմադրութեան շարժումը միջնորդներու միջոցով մօտ է Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան:
«Ռոյթըրզ»-ի հաղորդումով, Հանիէ ըսած է, որ Համասը իր պատասխանը փոխանցած է քաթարական կողմին եւ այլ միջնորդներուն:
Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Իզզաթ Ռիշք եւս յայտարարած է, որ պաղեստինեան շարժումը զինադադարի համաձայնութիւն կը ձեռք բերէ Իսրայէլի հետ, եւ որ Քաթարի եւ Եգիպտոսի իշխանութիւնները համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարեն յառաջիկայ ժամերուն:
Ան մանրամասնած է, որ իսրայէլեան կողմը, յատկապէս վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, կը յետաձգեն զինադադարին շուրջ բանակցութիւնները:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նախքան այդ հաղորդած էին, որ զինուորական նախարարաց խորհուրդը իշխանութիւններուն կանաչ լոյս տուած է` Համասի հետ գերիներու ազատ արձակման շուրջ գործարք կատարելու:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան երէկ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Երկու պետութիւններու ստեղծման առաջարկին հիմամբ համապարփակ լուծումի ուղղութեամբ աշխատանքէն դուրս ընդունելի առաջարկներ չկան, եւ այսօր շատ կարեւոր է, որ պատերազմին յաջորդող օրուան մասին մտածելու ընթացքին լուծումը միայն Կազային չվերաբերի»:
«Իսրայէլի` միջազգային օրէնքի ոտնահարումը շարունակելը կը տկարացնէ այսօր օրէնքին օրինականութիւնը, եւ բռնութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը կը հրահրէ», շեշտեց պըն Ֆարհան` աւելցնելով. «Այսօր մեր պատգամը յստակ է. պէտք է Կազայի մէջ պատերազմը անմիջապէս դադրեցնել եւ խաղաղութեան լուրջ հոլովոյթի նախաձեռնել»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պաղեստինի ապագային ու ճակատագիրին վերաբերող որեւէ դասաւորում պէտք է պաղեստինցի ժողովուրդի համամտութիւնը ստանայ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Կազայի հարաւի մէջ Իսրայէլի կողմէ տեղահանուածներու շարունակուող ռմբակոծումը «յստակ նպատակ ունի»:
Ան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց, որ Իսրայէլի նպատակը «ստիպելն է, որ Կազայի բնակիչները Կազայէն հեռանան»` աւելցնելով. «Եգիպտոս յստակօրէն յայտարարեց, որ բացարձակապէս կը մերժէ պաղեստինցիներու բռնի տեղահանման որեւէ փորձ»:


