Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան ընթացքին արձանագրուած բախումներուն ընթացքին մահացած են շարք մը մարտական ղեկավարներ, որոնց շարքին են Քասսամի փաղանգներու զինուորական խորհուրդի անդամ եւ հիւսիսային Կազայի ջոկատի հրամանատար Ահման Ղանտուրը, Ուաէլ Ռաժապը, Ռաըֆաթ Սալմանը եւ Այման Սիամը:
Քասսամի փաղանգները խոստացան շարունակել անոնց ուղին:
Համաս շարժումն ու Իսրայէլը կիրակի գիշեր գերիներու փոխանակում կատարեցին: Համաս յայտարարեց, որ ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերուն, Ռուսիոյ քաղաքացի մը ազատ արձակած է:
Իսրայէլ իր բանտերուն մէջ կալանաւորուած 39 պաղեստինցի կիներ ու երեխաներ ազատ արձակեց, իսկ Համաս` 13 իսրայէլացի գերիներ եւ 5 օտարահպատակներ, որոնց շարքին ռուս մը եւ երեք թայլանտցիներ: «Արապիա» հաղորդեց, որ նախքան այդ, Համաս միջնորդներուն բողոք ներկայացուցած է` Իսրայէլի կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով: «Հուրրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը արգիլած է վառելանիւթի եւ պիւթակազի Կազա մուտքը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլի պատերազմի խորհուրդը այս գիշեր պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու համար Կազայի մէջ զինադադարի երկարաձգման կարելիութիւնը:
Նշենք, որ «Արապիա» շաբաթ օր հաղորդած էր, թէ քաթարեան պատուիրակութիւն մը հասած է Իսրայէլ` քննարկելու համար զինադադարի երկարաձգման դիմաց յաւելեալ գերիներու ազատ արձակման հարցը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յոյս յայտնեցին, որ զինադադարը 4 օրով կ՛երկարաձգուի եւ 40-էն 50 յաւելեալ իսրայէլացի գերիներ ազատ կ՛արձակուին:
Շաբաթ օր գործարքը տապալման եզրին յայտնուեցաւ, երբ պաղեստինեան շարժումը Թել Աւիւը մեղադրեց Կազա մարդասիրական օգնութեան առաքումը արգելակելու յանցանքով: Իսրայէլ սպառնաց, որ եթէ մինչեւ կէս գիշեր գերիները ազատ չարձակուին, պիտի վերսկսի Կազայի վրայ յարձակումներ գործել: Սակայն միջնորդներուն ջանքերով կարելի եղաւ գերիները ազատ արձակել:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ այցելեց Կազա, ուր յայտարարեց. «3 նպատակ ունինք` ոչնչացնել Համասը, վերադարձնել բոլոր առեւանգեալները եւ երաշխաւորել, որ Կազան այլեւս անգամ մըն ալ Իսրայէլին սպառնալիք պիտի չըլլայ»:
«Մեր ամբողջ ջանքը կը թափենք վերադարձնելու առեւանգեալները, եւ ի վերջոյ զանոնք բոլորն ալ պիտի վերադարձնենք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ Այսրյորդանանի Ժենին շրջանը ներխուժեցին: Համաս յայտարարեց, որ այդ արարքը անպատասխան պիտի չմնայ:
Իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր դարձեալ Կազայի բնակիչները զգուշացուց Կազայի հիւսիսային հատուած ուղղուելէ:
Համասի Յարձակումի Պատճառին Մասին
Պայտընի Ենթադրութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ արտասանած խօսքին մէջ ենթադրութիւն կատարած է այն պատճառին մասին, որ Համասը դրդած է յարձակելու Իսրայէլի վրայ:
«Ես չեմ կրնար ապացուցել, թէ ինչ կը պատրաստուի ըսելու, սակայն կը կարծեմ, որ Համասի հարուածին պատճառներէն մէկը այն էր, որ անոնք գիտէին, որ ես շատ սերտօրէն կը համագործակցիմ սէուտցիներու եւ շրջանի այլ երկիրներու հետ, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի Իսրայէլի հետ եւ Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը ճանչցուի», ըսած է Պայտըն:
Ան յիշեցուցած է, թէ ինչպէ՛ս «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին մէջ յաջողած է հասնիլ ընդունումին այնպիսի բանաձեւի, որուն մէջ կը նշուէր ամբողջ Միջին Արեւելքի ճամբով դէպի Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ եւ այլ երկիրներ ստորգետնեայ խողովակաշարի եւ երկաթուղիի կառուցման ծրագիրներու մասին:
«Գաղափարը հետեւեալն էր. կայ մեծ հետաքրքրութիւն, եւ ես կը կարծեմ, որ արաբական երկիրներու մեծ մասը գիտէ այդ մասին, համակարգել գործողութիւնները իրարու հետ, որպէսզի փոխուի շրջանի ընթացքը` երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Եւ ատիկա այն է, ինչի շուրջ ես կը պատրաստուիմ աշխատելու», ըսած է ան:
Պայտըն նաեւ յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղած է «կեդրոնանալու զոհերու թիւի նուազեցման վրայ` միաժամանակ փորձելով ոչնչացնել Համասը, ինչ որ անոր օրինական թիրախն է»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն, ատիկա դժուար խնդիր է, «եւ ես չեմ գիտեր, թէ ատիկա որքա՛ն ժամանակ պիտի պահանջէ»:
Պայտըն այս առնչութեամբ յոյս յայտնած է. «Մնացեալ արաբական աշխարհը եւ շրջանը եւս ճնշում կը գործադրեն բոլոր կողմերուն վրայ, որպէսզի դանդաղեցուի այս հոլովոյթը, եւ որքան կարելի է արագ վերջ դրուի ատոր»: