«Չեմ Կարծեր, Թէ Ֆրանսան Կրնայ Զինուորական Միջամտութեամբ Պաշտպանել Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքոռնիւ չի կարծեր, թէ Ֆրանսան կրնայ զինուորական միջամտութեամբ պաշտպանել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Լըքոռնիւ յայտնած է, որ Փարիզ Կ՛ուսումնասիրէ Երեւանի պաշտպանական կարիքները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Նախագահը անձամբ կը հետեւի այս հարցին, որ կարեւոր է Ֆրանսայի, շատ ֆրանսացիներու եւ այն ֆրանսացիներուն համար, որոնք կը սիրեն Հայաստանը եւ կապեր ունին այդ երկրին հետ: Նախագահ...




















