Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան Դիտորդական Առաքելութիւն Ուղարկելու Ուղղութեամբ Աշխատանքները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ը

November 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդական առաքելութիւն Հայաստան ուղարկելու նախագիծի ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

«Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ կանոնադրական մարմիններու յառաջիկայ նիստերու նախաշեմին, հայկական կողմը առաջարկած է քննարկումէն ետ վերցնել յայտարարութեան նախագիծը: Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու եւ այլ գործնական քայլեր կատարելու մասին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման նախագիծի վերաբերեալ աշխատանքները կը շարունակուին», նշուած է մեկնաբանութեան մէջ:

Երկուշաբթի օր յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան իր գործընկերներէն խնդրած է օրակարգէն վերցնել երկրին օգնութեան մասին փաստաթուղթը: Այս մասին 20 նոյեմբերին յայտարարած էր ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմականպեթովը Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումի ընթացքին:

Անոր Համաձայն, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախորդ տարուան նոյեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու կատարման ծրագիրի 34 կէտերէն 32-ը կատարուած են:

«Ցաւօք, երկու կէտ կարելի չէ եղած գործադրել. առաջինը մեր միջազգային հաղորդակցութիւններն են եւրոպական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը: Պատճառը անոնց դիրքորոշումն է: Երկրորդ հարցը Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յանձնարարականն է` վերջնական տեսքի բերելու Հայաստանին օգնելու մասին որոշումը: Թէեւ մնացեալ բոլոր դաշնակիցները սատարած են այս որոշումին, սակայն հայկական կողմը որեւէ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած այս փաստաթուղթին նկատմամբ եւ, աւելի՛ն, մեր աշխատանքի վերջին մասին խնդրած է զայն ընդհանրապէս վերցնել օրակարգէն», ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

2022 թուականի նոյեմբերին Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած էր ստորագրել Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերու մասին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումի նախագիծը:

ՀԱՊԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը հանդիպումէն ետք լրագրողներուն բացատրած էր, որ ընդհանուր առմամբ փաստաթուղթին  շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու քայլերու թղթածրարը սահմանուած է: Սակայն շարք մը կէտերով որոշման նախագիծը վերջնական տեսքի պէտք է բերուի:

Պետութիւններու ղեկավարները յանձնարարած էին վերջնական տեսքի բերել այս փաստաթուղթը եւ ստորագրելու համար իրենց ներկայացնել:

 

Նախորդը

«Պաքուն Պատրաստ Է Երեւանի Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններու, Ներառեալ Սահմանին Վրայ Հանդիպումի» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իմ Իրաւունքս»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Խմբագրական.  «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)

March 5, 2026
Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար.  «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար. «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.