Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախաձեռնութեամբ եւ երեսփոխանական գրասենեակի ջանքերով հայահոծ կարգ մը շրջաններու փողոցներու լուսաւորումի աշխատանքներու առաջին փուլը աւարտեցաւ, Մըզհեր-Պսալիմ շրջանին մէջ ելեկտրականութեան ԼԵՏ տիպի լոյսերու հաստատումով:
Առաջին փուլին լուսաւորումի աշխատանքը կատարուեցաւ Պէյրութի Խալիլ Պատաուի-Ռըմէյլ թաղամասին մէջ, ապա Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային բնակարաններու, իսկ երէկ աւարտեցան Մըզհերի շրջանի աշխատանքները:
Նախանձախնդիր ըլլալով մեր ժողովուրդի հանգիստին եւ ապահովութեան` Երեսփոխանական գրասենեակը պիտի շարունակէ հասնիլ մեր հայրենակիցներու տարաբնոյթ կարիքներուն:


