Հայաստանը Ազրպէյճանի դէմ միջպետական գանգատ կը նախապատրաստէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ` Արցախի գոյքային իրաւունքի վերականգնման հարցով:
Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակի մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան:
Ան նշեց, որ հայցը պիտի ներկայացուի յառաջիկային, սակայն որոշակի ժամկէտ չնշեց:


