Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իմ Իրաւունքս»

November 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու
համակարգող խորհուրդի համանախագահ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը դիմած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ստանձնելու իր պարտականութիւնները, բեկանելով Ազգային անվտանգութեան Ծառայութեան որոշումը: Այս մասին ան հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է.

«14 յուլիս 2022-ին, երբ ես կը մեկնէի Հայաստան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը արգելեց իմ մուտքս եւ արտաքսման հրաման տուաւ՝ ըսելով, որ ես «փերսոնա նոն կրաթա եմ»։

Դէպքերէն 13 ամիս ետք՝ 21 օգոստոս 2023-ին նախնական դատական նիստի ժամանակ դատաւորը Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն պահանջեց ներկայացնել իմ՝ Հայաստան մուտքի արգելքի պատճառները։ Իրադարձութիւններէն 13 ամիս ետք անոնք չկրցան նուազագոյն պատճառները ներկայացնել … Դատաւորը 14 օր ժամանակ տուած էր Անվտանգութեան ծառայութեան՝ ներկայացնելու իմ հեռացմանս պատճառները, այսինքն՝ մինչեւ 4 սեպտեմբեր։ Փաստաբաններս խնդրեցին, որ կարենամ յաջորդ նիստին ներկայ գտնուիլ, բայց դատաւորը մերժեց, փոխարէնը, սակայն, առաջարկեց հեռակայ կարգով մասնակցիլ: Անվտանգութեան ծառայութիւնը ի հարկէ երբեք չէ ներկայացուցած պահանջուող տարրերը: Հոկտեմբերին իմացայ, որ դատաւոր փոխած են, եւ 23 նոյեմբերին, ժամը 14:30-ին, պէտք է նոր նախնական դատական նիստ տեղի ունենայ։ Դատաւորի փոփոխութեան պատճառ չի նշուիր։

Կը դիմեմ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ձեռք բերելու իմ հեռացմանս պատճառները եւ ինծի իրաւունք տալու մասնակցելու այս դատավարութեան։ Իսկ եթէ Անվտանգութեան ծառայութիւնը դեռ շարունակէ չներկայացնել իմ հեռացմանս պատճառները, ես կ՛ակնկալեմ, որ այս որոշումը կասկածի տակ դրուի։ Իսկ եթէ ականատես ըլլանք արդարադատութեան պարզ ձեւականութեան, ես չեմ վարանիր հարցս փոխանցել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որպէսզի չեղեալ նկատէ այս անհիմն որոշումը: Ես պիտի պայքարիմ վերականգնելու համար Հայաստան վերադառնալու իմ իրաւունքս. երկիր, որուն համար պայքարած եմ աւելի քան 40 տարի»։

Փարիզ, 21 նոյեմբեր 2023

Նախորդը

«Հայաստան Դիտորդական Առաքելութիւն Ուղարկելու Ուղղութեամբ Աշխատանքները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ը

Յաջորդը

Խմբագրական. Ընթացիկ Անկախութիւն Եւ Ինքնահոս Հասարակարգ (Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.