Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպաններուն հետ: Ան այս մասին յայտնած է «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ իր կատարած գրառումին մէջ:
Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: Նշուած է, որ Իրան ջանքեր կը գործադրէ երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:
«Հանդիպումին ընթացքին ես նշած եմ, որ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձուի Հարաւային Կովկասին:
«Իրանի դիւանագիտական անձնակազմի ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռուած ըլլայ այս շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վրայ` առանց օտարներու միջամտութեան:
«Ես կարեւոր նկատած եմ այս երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը` կառավարութեան բարի դրացնութեան քաղաքականութեան ներքեւ», գրած է Ապտոլլահեան:


