Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Թիրախ Դարձուց Ճշմարտութիւնը Ներկայացնող «Մայատին»-ի Լրագրողները

Նոյեմբեր 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վայրագ, արիւնարբու, բայց միաժամանակ երկչոտ Իսրայէլը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախ դարձուց լրագրողները, որոնք աշխատանքի էին, այլ խօսքով` բախումներուն ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէին հանրութեան:

«Մայատին» կայանի լրագրող Ֆարահ Օմար եւ քամերամեն Ռապիհ Մաամարի երէկ զոհ գացին իսրայէլեան ռմբակոծումի մը, որ ուղղակի թիրախ դարձուցած էր զանոնք:

Լրագրողական այս խմբակին հետ զոհուեցաւ նաեւ Հիւսէյն Աքիլ անունով քաղաքացի մը, որ ուղեկցած էր անոնց:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:40-ին իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Թէյր Հարֆա-Ժըպպին շրջանին մէջ գտնուող լրագրողական կազմը:

«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը գուժեց իր անձնակազմի անդամներուն մահը` զանոնք կոչելով նահատակներ:

«Մայատին»-ի ընդհանուր տնօրէն Ղասսան պըն Ժըտտօ հաստատեց, որ գործընկերներ Ֆարահ Օմարն ու Ռապիհ Մաամարին նահատակուած են իսրայէլեան ուղղակի ռմբակոծումի մը պատճառով: Ան հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը թիրախ դարձուցած են «Մայատին»-ի լրագրողական կազմը եւ դիտաւորեալ կերպով ռմբակոծած են զայն:

Յետմիջօրէին իսրայէլեան բանակը հարաւային Սուրի Շաայթիէ շրջանին մէջ գտնուող քաղաքացիական ինքնաշարժ մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց: Ինքնաշարժին մէջ կային 4 հոգի, որոնք բոլորը զոհուեցան: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ անոնք Համասի պատասխանատուներ են:

Նշենք, որ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով երէկ զոհուեցաւ նաեւ 80-ամեայ կին մը ու վիրաւորուեցաւ անոր թոռը, երբ իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին  Քֆարքիլայի մէջ բնակարան մը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ լրագրողներ Ֆարահ Օմար եւ Ռապիհ Մաամարի, ինչպէս նաեւ Հիւսէյն Աքիլ իրենց արեամբ մկրտած են երկրին անկախութիւնն ու ազգային կամքը` պաշտպանելով ճշմարտութիւնը:

Ան շեշտեց, որ ճշմարտութիւնն է իսկական անկախութիւնը, որ կը վերահաստատուի, եւ անոր պաշտպանութիւնը միայն զոհողութեամբ կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը` աւելցնելով, որ անիկա կը փաստէ, թէ իսրայէլեան ոճիրները չափ ու սահման չունին:

Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց «Մայատին»-ի ընտանիքին եւ լրագրողներու հարազատներուն:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ կոչ ուղղեց արաբական եւ միջազգային միացեալ կեցուածքի մը` դիմադրելու իսրայէլեան բռնարարքներուն. ան հաստատեց, որ դատապարտանքի խօսքերը անիմաստ են:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքը եւ լրագրողները թիրախ դարձնելու ոճիրը` հաստատելով, որ դէպքը ինքնին կը վկայէ մարդկային իրաւունքներու միջազգային ուխտը խախտելու Իսրայէլի արարքներուն:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆարիտ Մքերի շեշտեց, որ երեխաներն ու հիւանդանոցները ռմբակոծողը` ռմբակոծումի թիրախ կը դարձնէ նաեւ ճշմարտութեան ձայնը ներկայացնողները:

Ան շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլ «Մայատին»-ը իրեն սպառնացող իսկական վտանգ կը նկատէ, որովհետեւ անիկա դիմադրող կայան մըն է, որ ճշմարտութիւնը արհեստավարժ կերպով կը ներկայացնէ:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց «Մայատին»-ի լրագրողներուն ռմբակոծումը` խոստանալով, որ լրագրողներն ու քաղաքայինները թիրախ դարձնելու գործողութիւնները անպատասխան պիտի չմնան: Կէսօրէ ետք ժամը 2:25-ին, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մանարա բնակեցման վայրին մէջ համախմբուած իսրայէլացի զինուորներ, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններ, որոնց շարքերուն մէջ արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Դիմադրութիւնը հաստատեց, որ այս գործողութիւնը կատարած է ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ լրագրողներու անձնակազմի ռմբակոծումին:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարց տուաւ, թէ Իսրայէլ տակաւին ի՞նչ յաւելեալ արարքներ կրնայ գործել` Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշելու համար:

Ան հաստատեց, որ եկեղեցի, երեսփոխանի բնակարան, քաղաքայիններ եւ լրագրողներ ռմբակոծելը պատերազմական ոճիրներ են: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց «Մայատին»-ի ընտանիքին:

Խմբագիրներու սենտիքան դատապարտեց լրագրող Ֆարահ Օմարի եւ քամերամեն Ռապիհ Մաամարիի դէմ գործուած բռնարարքը` հաստատելով, որ կանխամտածուած որեւէ տեսակի յարձակում սպանութիւն կը նկատուի:

Սենտիքան ցաւակցութիւն յայտնեց «Մայատին»-ին եւ լրագրողներու հարազատներուն:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի դատապարտեց լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը` հաստատելով, որ անիկա միջազգային օրէնքի խախտում եւ  պատերազմական ոճիր է:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ պիտի բողոքէ եւ պիտի պահանջէ դատապարտել լրագրողները թիրախ դարձնելու արարքը: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ դիտմամբ կը գործէ այդ ռմբակոծումները` ազատ խօսքը սահմանափակելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու 27 դեսպաններու ներկայութեան հաստատեց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր պատերազմէն խուսափելու իմաստով:

Ան կոչ ուղղեց միասնաբար գործակցելու` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները եւ լուծելու համար հարցերը:

Պու Հապիպ մաղթեց, որ Եւրոպական Միութեան երկիրները քաղաքական շինիչ դերակատարութիւն ունենան` լուծելու համար շրջանին տագնապը:

«Կազայի դէպքերը ոչինչէ չեն ծնած, այլ անոնց հիմնական պատճառն է Իսրայէլի կողմէ միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս թիւ 194, թիւ 242 եւ թիւ 338 բանաձեւերը չգործադրելու տրամադրութիւնը», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ քաղաքայիններ եւ լրագրողներ սպաննելու միջոցով Իսրայէլի սպառնալիքները կրնան հրահրել ապակայունութիւն, որ կրնայ ծաւալիլ եւ վերածուիլ ամբողջական պատերազմի:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագիծը բարդ եւ վտանգաւոր վիճակի մէջ է:

Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Կազայի պատերազմը չընդարձակուի եւ չհասնի Լիբանան:

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:22-ին,  Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Մթըլլէի բնակեցման վայրին մէջ թիրախ դարձուցած է բնակարան մը, որ լեցուն էր իսրայէլացի զինուորներով:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին նաեւ Հատպ Պուսթանի իսրայէլեան դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Ժամը 11:45-ին, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին Ռահեպի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Դիմադրութիւնը կէսօրէ ետք թիրախ դարձուց Ժալ Օլամի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներ արձակեց Ժալ Էլ Տիր իսրայէլեան դիրքին վրայ եւ արձանագրեց ուղղակի հարուածներ: Իսկ ժամը 3:50-ին Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլացի զինուորներու համախմբումը` Մալիքիէի դիրքին վրայ:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց Պայեատ Պլիտայի իսրայէլեան դիրքը:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան ժամը 7:36-ին հրետակոծեց Խիամը եւ Քֆարքիլան, ապա ժամ մը ետք ռմբակոծումի թիրախ դարձան Ռըպ Թլեթինը, Ռըմէյշը, Թէյր Հարֆան, Այթա Շաապը, Քֆարշուպան եւ Մաժտալ Զունը:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց լիբանանեան բանակին մէկ կեդրոնը, որ կը գտնուի Ուազզանիի մէջ: Ռմբակոծումը պատճառեց նիւթական վնասներ:

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է «Հայերու Պաշտպանութեան Հռչակագիրը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?