Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի միջեւ քաթարեան միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը մուտք գործեց գործադրութեան փուլ:
Ժամանակաւոր զինադադարի հաստատումէն ետք, տասնեակներով պաղեստինցի ընտանիքներ սկսան իրենց տուները վերադառնալ: «Շարք» հաղորդեց, որ ակամայ Արիշ շրջանին մէջ «բանտարկուած» 2000 պաղեստինցիներ կը պատրաստուին Կազա վերադառնալ:
Սակայն իսրայէլեան ուժերը արգելք հանդիսացան պաղեստինցիներու վերադարձին: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Ռանթիսի հիւանդանոցի մերձակայքին մէջ կրակ բացած է` քաղաքացիներու իրենց տուներ վերադարձը արգիլելու համար:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը զգուշացուցած է բնակիչները Կազայի հիւսիսային հատուած ուղղուելէ: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը թռուցիկներ նետած է Կազայի վրայ` բնակիչներուն կոչ ուղղելով չվերադառնալու Կազայի հիւսիս, որ, ըստ իսրայէլեան բանակին, տագնապի գօտի կը մնայ, հակառակ զինադադարին:
Օրաթերթը կը նշէ, որ պաղեստինեան իշխանութիւնները Կազայի տեղահանուած բնակիչներուն կոչ ուղղած են զինադադարի մեկնարկէն ետք վերադառնալու տուն:
«Ժազիրա» նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը կրակ բանալով վիրաւորած են երեք պաղեստինցիներ, երբ քաղաքացիներ փորձած են Կազայի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող իրենց բնակարանները վերադառնալ:
Եգիպտոս յայտարարեց, որ 4-օրեայ զինադադարի ընթացքին իւրաքանչիւր օր 130 հազար լիթր մազութով եւ կազով բեռնաւորուած 4 բեռնակառքեր մուտք պիտի գործեն Կազա: Ընդհանուր առմամբ 200 մարդասիրական բեռնակառքեր մուտք պիտի գործեն Կազա: Բացի ատկէ, Համաս յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է, որ Կազայի հարաւային մասին մէջ չորս օր, իսկ հիւսիսային մասին մէջ վեց ժամով` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, Իսրայէլ ամբողջութեամբ պիտի դադրեցնէ իր օդուժի թռիչքները:
Երէկ ժամը 4:00-ին 13 իսրայէլացի քաղաքային գերիներ ազատ արձակուեցան: Ընդհանուր առմամբ, կը սպասուի «մէկը երեքի դիմաց» սկզբունքով 50 իսրայէլացի գերիներու եւ 150 պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակումը:
Համաս սպառնաց, որ հակառակ զինադադարի համաձայնագիրին իր գումարտակները պիտի մնան «լիակատար մարտական պատրաստութեան մէջ` պաշտպանելու Պաղեստինի ժողովուրդը եւ դիմակայելու բռնագրաւումը»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր կարգին նշեց, որ Կազայի զինադադարը պիտի ըլլայ «կարճ դադար», որուն պիտի հետեւին առնուազն երկու ամիսով բուռն մարտեր:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտարարեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները մտադիր են մարդասիրական զինադադարէն ետք վերսկսիլ զինուորական գործողութիւնները եւ հասնիլ առաջադրուած բոլոր խնդիրներու լուծման, ներառեալ Համասի զինուորական եւ վարչական ներուժի ոչնչացման:
«Ես կ՛ուզեմ, որ դուք զիս ճիշդ հասկնաք. պատերազմը կը շարունակուի: Մենք պիտի շարունակենք, մինչեւ որ հասնինք մեր բոլոր նպատակներուն, վերադարձնենք բոլոր պատանդները, ոչնչացնենք Համասը եւ ապահովենք, որ պատերազմի աւարտէն ետք Կազան չկառավարէ Իսրայէլի համար սպառնալիք ներկայացնող որեւէ ուժ», ըսաւ Նեթանիահու:
Ան վստահեցուց, որ իշխանութիւնները մտադիր են վերականգնել անվտանգութիւնը երկրի թէ՛ հարաւային, թէ՛ ալ հիւսիսային սահմաններուն վրայ:
«Մենք թէ՛ հարաւի մէջ, թէ՛ հիւսիսի մէջ պիտի վերականգնենք անվտանգութիւնը, մենք կը յաղթենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ լիակատար յաղթանակ», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:
Պատուիրակութեամբ մը Տոհա այցելող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Կը յուսանք, որ Կազայի մէջ զինադադարը սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն դադրեցման սկիզբը ըլլայ»: Ան աւելցուց. «Եթէ Իսրայէլին ամերիկեան աջակցութիւնը չըլլար, Իսրայէլ պիտի չկարենար այս պատերազմը շարունակել»:
«Ամերիկեան կողմէն պատգամներ ստացանք, թէ իրենք պատերազմի ծիրին ընդարձակման չեն ձգտիր: Ամերիկացիներուն մեր պատասխանը այն է, որ Իսրայէլին իրենց աջակցութեամբ ու զէնքի մատակարարումով անոնք կ՛ընդլայնեն պատերազմի ծիրը», ըսաւ Ապտոլլահեան:
«Ամերիկան կը սխալի կարծելով, որ առանց պաղեստինցիներուն դիմելու ինք պիտի որոշէ, թէ Կազայի մէջ ո՛վ իշխանութիւնը պիտի ստանձնէ», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` ընդգծելով. «Կազայի ապագան պաղեստինցի ժողովուրդն ու պաղեստինեան դիմադրութիւնը կը ճշդեն»:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց. «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, վտանգաւոր է, անիկա շրջանէն բռնի տեղահանութիւն է»:
«Պէտք է իրենց բնակարանները կորսնցուցածներու պատսպարման համար ամբողջ Կազայի մէջ անվտանգութիւն ստեղծել», նշեց Սիսի:
Ան Սպանիոյ եւ Պելճիքայի վարչապետներուն հետ Գահիրէի մէջ հանդիպումէ մը ետք յայտնեց. «Երկու պետութիւններու ստեղծման լուծումի հոլովոյթի վերականգնման գաղափարը 30 տարի օգտագործուեցաւ, եւ շատ բան չիրագործեց: Պէտք է տարբեր հոլովոյթով ընթանալ, եւ յետպատերազմեան շրջանը կը պահանջէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը եւ զայն ՄԱԿ-ին մէջ ներառել»:
«Եգիպտոսը չէ փակած ու պիտի չփակէ Ռաֆահի անցակէտը, եւ Իսրայէլն է, որ խոչընդոտեց երկու քաղաքացիութեան տէր անձերու (Կազայէն) դուրս գալը», ըսաւ Եգիպտոսի նախագահը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք նշեց. «Մարդասիրական զինադադարը չափազանց կարեւոր է գերիներու տառապանքին վերջ տալու եւ Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու` «մեզ այս փուլ հասցուցած աշխուժ դիւանագիտութեան համար»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն նախքան այդ յայտարարեց, որ իր երկիրը 30 միլիոն սթերլինկի (37,38 միլիոն տոլար) յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Կազային:


