Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Ան նաեւ նշեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը Ռաֆահի անցքին ճամբով անմիջապէս պիտի սկսի մուտք գործել Կազա:
Համաս յայտարարեց, որ ըստ համաձայնութեան, ազատ պիտի արձակէ 19 տարեկանէն փոքր եղող 50 գերիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմաց Իսրայէլ 3 պաղեստինցի կին եւ երեխայ գերիներ ազատ պիտի արձակէ:
Նախքան այդ` Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ պըն Մոհամետ Անսարի յայտարարեց. «Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի գործնական ծրագիրի մանրամասնութիւններուն շուրջ Քաթարի եւ Եգիպտոսի վարած Իսրայէլի եւ Իսլամական դիմադրութեան շարժումին (Համաս) միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ դրական կերպով կ՛ընթանան»:
«Զինադադարի սկիզբի ժամկէտին վերաբերեալ յայտարարութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ ժամերուն», ըսաւ ան` նշելով, որ երկու կողմերուն հետ Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի` «երաշխաւորելու համար զինադադարի սկիզբը, եւ ապահովելու առնչակիցներուն համաձայնութիւնը յարգելու պէտք եղած երաշխիքը»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Պաղեստինեան Համաս շարժումին դէմ կռիւին առնչութեամբ ուրբաթ օրուընէ առաջ զինադադար պիտի չըլլայ, հակառակ կողմերուն սկիզբը յայտարարածին»:
Իսրայէլեան իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ Համասի կողմէ գերեվարուածներու ազատ արձակումը ուրբաթ օրուընէ առաջ պիտի չսկսի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր իր, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ միջնորդութեան յաջողութիւնը` նշելով, որ գործարքը կը ներառէ պաղեստինցի կիներու եւ երեխաներու ազատ արձակման դիմաց գերի 50 կին եւ երեխայ իսրայէլացիներու ազատ արձակումը:
Նախարարութիւնը նշեց, որ «յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին» պիտի յայտարարուի սկիզբը մարդասիրական զինադադարին, որուն տեւողութիւնը 4 օր է:
Իսրայէլեան կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր հաւանութիւն տուաւ Համասի հետ գերիներու փոխանակման գործարքին, իսկ Համաս հաստատեց գործարքին շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումը յայտնեց. «Մեր մօտ գտնուող գերիները ոչ քաղաքայիններ են, եւ ազատ պիտի չարձակուին, մինչեւ որ մեր բոլոր գերիները ազատ արձակուին»:
Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Համասի կողմէ ազատ արձակուելիք աւելի քան 50 գերիներու շարքին են 3 ամերիկացիներ, որոնցմէ մէկը 3 տարեկան է: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ եւս զինադադար կ՛ըլլայ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնեց. «Բանակը հաւանական զինադադարի ժամկէտի աւարտէն ետք պիտի շարունակէ Կազայի մէջ իր գործողութիւնները»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քաթարի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ. «Կը գնահատեմ համաձայնութեան գործադրման երաշխաւորման համար զինադադարին աջակցելու Նեթանիահուի խոստումը»:
Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Նեթանիահուի հետ եւ ընդգծած Լիբանանի հետ սահմանին վրայ եւ Այսրյորդանանի մէջ հանդարտութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Ան չորեքշաբթի օր նաեւ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Համասը` իբրեւ խմբաւորում եւ ոչ թէ կառավարութիւն կամ պետութիւն, յաջողեցաւ զգետնիչ հարուած հասցնել սիոնական գոյացութեան, որ մեծ կարելիութիւններ եւ սպառազինութիւն ունի»:
Բրիտանիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն ողջունեց Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարի յայտարարութիւնը` նշելով. «Կազայի մէջ արգելափակուած կարգ մը գերիներու ազատ արձակման այս համաձայնութիւնը հիմնական քայլ է»:
«Կռիւի այս դադրեցումը առիթ մըն է շատ աւելի մեծ քանակութեամբ սննդեղէնի, վառելանիւթի եւ կեանք փրկող այլ օժանդակութիւններու Կազա հասնիլը երաշխաւորելու», նշեց Քամերոն եւ բոլոր կողմերը յորդորեց «երաշխաւորելու համաձայնութեան ամբողջութեամբ կատարումը»` շեշտելով. «Կ՛ուզենք բոլոր գերիներու անմիջապէս ազատ արձակումը` 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի արհաւիրքէն վնասուած ընտանիքներու վերամիաւորումը տեսնելու համար»: