22 նոյեմբերը փառքի եւ հպարտութեան զգացումները հրահրող օր մըն է` ազատ հայրենիքի հաստատման տեսլականով տոգորուած ազատութիւնն ու համակեցութիւնը ընտրած քաղաքացիներուն համար: Ու մենք` լիբանանցիներս, այս օրը կ՛ողջունենք ու կ՛ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներու ընթացքին զոհաբերութիւններ մատուցած են վասն այս հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին: Սակայն այս տարի այս օրը կը նշենք լիբանանցին տեսնելով զինք յուզող մտահոգութեան, անհանգստութեան ու դառնութեան մէջ: Արդարեւ, հարաւային մեր սահմաններու վրայ արիւնահոսութենէն մինչեւ Լիբանանին ու շրջանին սպառնացող վտանգները` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սիոնական գոյացութեան գործադրած վայրագութիւններուն հետեւանքով, յանգելով մինչեւ Սուրիոյ տագնապը եւ անոր պատճառած տեղահանութիւնը, այս բոլորը ազդակներ են, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին, կ՛ազդեն այսօր իրենց անկախութիւնը տօնող ժողովուրդին վրայ: Այս վտանգները կը չափազանցեն ու կը շեշտեն երկրի ներքին ճակատին դիմակալած նիւթական ու տնտեսական մարտահրաւէրները, որոնք լիբանանցիին դէմ կը ցցեն ապրուստի ու կենցաղային վտանգաւոր իրավիճակ մը` ուռճացող անգործութենէն, շարունակուող սղաճէն, քաղաքացիներու մեծ մասին ընկերային ապահովութեան` բժշկական, դարմանումի, դեղորայքի, կրթութեան, բնակութեան հիմնաքար յենարաններու կորուստէն, յանգելով մինչեւ ժողովրդային լայն հատուածներու մօտ ջուրի, սննդեղէնի եւ ուժանիւթի, վառելանիւթերու պակասը: Ներքին ու շրջանային այս իրավիճակին մէջ կարելի չէ համակերպիլ պետութեան մը իրավիճակին, ուր նախագահական աթոռը թափուր է, հրաժարման իրողութիւնը կը կաշկանդէ անոր գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը, սահմանադրական բանավէճը կը սահմանափակէ անոր օրէնսդիր իշխանութեան քայլերը, վարչամեքենան իր զանազան բաժանումներով կը մղէ գոյատեւելու եւ գործելու ծանր պայմաններու մէջ ու հակառակ վերոնշեալ այս բոլորին` կը վճռէ շարունակել ու գոյատեւել:
22 նոյեմբեր 2023-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ բոլոր լիբանանցիները` յիշեցնելով, թէ անկախութիւնը կը մնայ այն իրագործումը, որ իրականացաւ շնորհիւ տասնամեակներու վրայ սերունդներու ցուցաբերած, մատուցած զոհաբերութեան, այս հայրենիքի բոլոր զաւակներուն երաշխաւորելու եւ ամրագրելու համար ազատ, անկախ, գերիշխան ու վերջնական հայրենիք մը:
Կեդրոնական կոմիտէն մեծարանքով կ՛ողջունէ բոլոր անոնք, որոնք զոհաբերեցին իրենց գերագոյնը, թանկագինը, վասն այս առաքելութեան, վասն Լիբանանին:
Կեդրոնական կոմիտէն կը դիմէ լիբանանցի բոլոր քաղաքացիներուն, ղեկավարներուն, կառոյցներուն եւ հեղինակութիւններուն` յիշեցնելով, որ անկախութիւնը իրագործումէ անդին հաւատքի դրսեւորում, արտայայտութիւն է, որուն ամրագրման ու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ամէնօրեայ ջանք, ճիգ ու զոհաբերութիւն: Ու այսօր Լիբանան աւելի քան երբեք կարիքը ունի այս մօտեցումին, որպէսզի ամբողջանան սահմանադրական իշխանութիւններու բաղադրամասերը, եւ կանոնաւորուի անոնց աշխատանքը: Անկէ ետք հնարաւոր կը դառնայ դիմագրաւել պետական վարչամեքենան ու սպասարկութիւնները կաշկանդող ճգնաժամերը: Այն ատեն միայն վերոնշեալ կառոյցները հնարաւորութիւն կ՛ունենան դիմակայելու հայրենիքին սպառնացող մեծ վտանգներն ու քաղաքացին յուզող լուրջ տագնապները:
Փիւնիկի հայրենիքին նկատմամբ ամրակուռ հաւատքով եւ բոլորին ուղղուած ու երկարած գործակցութեան ձեռքով ամրագրելու համար հայրենիքի հիմնասիւներն ու անոր զաւակներուն ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը` անկեղծ շնորհաւորանքներ բոլոր լիբանանցիներուն:
ՀՅԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
22 նոյեմբեր 2023