Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ զարմանքով եւ զայրոյթով հետեւեցանք Լիբանանի աշխատանքի նախարարին՝ Իսլամական երկիրներու համագումարին կատարած յայտարարութիւններուն։ Նախարարը անտեղի համեմատութիւն կատարեց լիբանանեան դիմադրութեան եւ «ազրպէյճանական դիմադրութեան» միջեւ՝ ոգեկոչելով Ազրպէյճանի «դիմադրութեան նահատակները»։

Այսու կու գանք հաստատելու, որ՝

-Ազրպէյճանի պատմութիւնը հարուստ է գրաւումներով, ջարդերով եւ ցեղային զտումներով,

-Ազրպէյճանը ոչ թէ դիմադրող երկիր եղած է , այլ բռնագրաւող, որուն դէմ պաշտպանութեան դիմած է հայ ժողովուրդը եւ դիմած ազատագրական պայքարի,

-նախարարը պարտաւոր էր հաշուի նստելու Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած այն յայտարարութիւններուն հետ, որոնք ընդգծած են Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը,

-նախարար Պայրամ անտեսած է նաեւ իսլամական վեհաժողովներուն ընթացքին Լիբանանը ներկայացնող իրերայաջորդ պատուիրակութիւններու դիրքորոշումները Պաքուի ներկայացուցած հակահայ բանաձեւերուն։

Մեր կողմէ,  իրեն եւ իր ներկայացուցած կուսակցութեան պատասխանատուներուն  ուղղուած դատապարտանքին եւ բացատրութեան պահանջներուն, Նախարար Պայրամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է որոշ յստակացումներ, թէ ինք հայութեան դէմ ուղղուած որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարած, այլ փրոթոքոլային սահմաններու մէջ տուրք մատուցած է խորհրդային ուժերուն դէմ պատերազմի ընթացքին սպաննուած ազրպէյճանցիներուն։

Աշխատանքի նախարարը կը ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական այն հոսանքը, որուն հետ Դաշնակցութիւնը ունի բնականոն եւ գործակցական յարաբերութիւններ։ Կ՛ուզենք հաւատալ, որ նախարարը իր ներկայացուցած կուսակցութեան կեցուածքը չի ներկայացներ։

Լիբանանը բաղկացնող բոլոր ուժերն ու պետական դէմքերը անհրաժեշտ է, որ նկատի ունենան այս երկրի կարեւորագոյն համայնքներէն մէկուն ազգային առաջադրանքները, հայ ժողովուրդին այս օրերու կրած տառապանքներն ու ոտնակոխուած իրաւունքները։ Մանաւանդ, որ անոնք արտայայտուած են պետական տարբեր յայտարարութիւններով եւ պաշտօնական դիրքորոշումներով։

Աշխատանքի նախարարէն կ՛ակնկալենք  յաւելեալ յստակացում, որպէսզի պարզ դառնան այն բոլոր հանգամանքները, որոնց մէջ ան կատարած է խնդրայարոյց եւ մեզի համար մերժելի յայտարարութիւնները։

ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակ

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 133-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.