Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեանը դիմատետրեան իր էջին վրայ կը գրէ.
«Ըստ նախնական համաձայնութեան, 30 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի կողմէ` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի հերթական հանդիպումը»: