Ծփացող Դպրոցներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ասիոյ մէջ գտնուող Պանկլատէշ երկիրը ամէն տարի զոհ կը դառնայ տեղատարափ անձրեւներուն: Կարգ մը գիւղերու մէջ մանուկները դպրոց չեն կրնար երթալ, հետեւաբար դպրոցը անոնց քով կու գայ: Ամէն տարի վիճակը կը ծանրանայ Պանկլատէշի մէջ: Մեծ քանակութեամբ եկող տեղատարափ անձրեւները կ՛ողողեն Պանկլատէշէն ընդարձակ տարածքներ: Երկրէն մեծ բաժին մը ամբողջովին կը մնայ ջուրին տակ: Մեկուսացած գիւղերէ դուրս ելլելու...




















