Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսինք Միասին

October 6, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք բոլորս նոյն լեզուն չենք խօսիր…
Սակայն ինչո՞ւ, ուրկէ՞ կու գան լեզուները, եւ ինչո՞ւ անոնք շատ կարեւոր են:

Մասնագէտներուն համար շատ դժուար է գիտնալ, թէ մարդիկ ե՛րբ սկսած են խօսելու: Սակայն նախապատմական մարդոց մնացորդները ուսումնասիրելով` անոնք կրցան գաղափար մը կազմել: Սկզբունքով կ՛ենթադրուի, որ մարդկային լեզուն երեւցած է մօտաւորապէս երեք հարիւր հազարէն հարիւր յիսուն հազար տարի առաջ: Այս «լեզուն» կը տարբերի անասուններու` իրարու հետ հաղորդակցելու ձեւէն երկու տարբեր մօտեցումներով. ան կը պարունակէ խօսակցութեան «կտորներ», բառապաշար, որոնք կրնան իրարու հետ գործածուիլ տարբեր ձեւերով: Եւ այս «կտորները» կրնան զարգանալ, կրնանք նոր բառեր հնարել:

Գոյութիւն Ունի՞ Ընդհանուր Լեզու Մը,
Որմէ Ծագած Են Միւս Բոլոր Լեզուները

Շատ դժուար է այս հարցումին պատասխանել… Երբ մարդիկ կրցած են հնչիւններ կազմել եւ սկսած` կարգ մը բաներ այդ հնչիւններուն կապել (օրինակի համար` «ջուր» եւ ինչ որ այս բառը կը ներկայացնէ), բնական կը թուի, որ իւրաքանչիւր խումբ զարգացուցած է իբրեւ յատուկ լեզու մը: Նոյն ատեն, շատ հին «լեզուները» երբեմն շատ հետաքրքրական նմանութիւններ կը ներկայացնեն:

Մեր ծիներուն ուսումնասիրութիւնը մեզի մտածել կու տայ, որ իր պատմութեան ընթացքին մարդկութիւնը կորսուելու վտանգին տակ գտնուած է սառոյցի դարաշրջանի մը ընթացքին. մնացած է մարդ արարածներու փոքրիկ խումբ մը, որոնք, կրնայ ըլլալ, ապրած են միասին եւ զարգացուցած` հասարակաց լեզու մը: Սակայն այս բոլորը ենթադրութիւններ են…

Լեզուներու Ընտանիքները

Սակայն մենք կրնանք ներկայ լեզուներուն զարգացումին հետեւելով, տեղեկանալ անոնց ծագումին մասին` շնորհիւ իրարու նման կէտերու եւ պատմական հետքերուն ու մոլորակին վրայ մարդոց արարածներուն շարժումներուն ուսումնասիրութեան:

Այժմ հաւաստի կը թուի, որ գոյութիւն ունին տասներկուքէն երեսուն «մեծ ընտանիքներ» եւ մօտաւորապէս չորս հարիւր լեզուներու ընտանիքներ: Կարգ մը ընտանիքներ ծնունդ տուած են ներկայիս շատ գործածուած տասնեակաւոր լեզուներու, եւ ուրիշներ` աւելի «մեկուսացուած» լեզուներու, որոնցմէ շատերը կ՛անհետանան…

Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներ

Մարդ արարածին խօսելու սկսելէն ի վեր հազարաւոր լեզուներ կորսուած են. անկարելի է ճշգրտօրէն գիտնալ անոնց թիւը: Այժմ մասնագէտները համաձայն են, որ ծանօթ լեզուներուն 50 առ հարիւրը կորսուելու վտանգին մէջ կը գտնուի. ասիկա շատ մեծ թիւ մըն է: Այս խումբին մէջ գտնուողները լեզուներ են, որոնք շատ փոքր թիւով անձերու կողմէ կը գործածուին, ինչպէս, օրինակի համար, շրջաններու բարբառները կամ կորսուելու վտանգին մէջ գտնուող ժողովուրդներու լեզուները:

Սակայն կարգ մը լեզուներ նաեւ կը կորսուին, որովհետեւ անոնք կը փոխարինուին աւելի գործածուած պաշտօնական լեզուներով: Վերջին տարիներուն այս երեւոյթը շատ արագացած է. միջին հաշուով, լեզու մը կը կորսուի ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը:

Ճիշդ է, որ տակաւին գոյութիւն ունին մեծ թիւով լեզուներ, մօտաւորապէս եօթը հազար տարբեր լեզուներ` մոլորակին վրայ, սակայն եթէ քայլեր չառնուին զանոնք պահպանելու, անոնց 90 առ հարիւրը կրնայ անհետանալ մինչեւ դարուն վերջաւորութիւնը…

Պահպանուելիք Հարստութիւն Մը

Մենք կրնանք մտածել, թէ մեծ հարց մը չէ, որ լեզուներ կորսուին, արդէն շատ քիչ թիւով մարդիկ զանոնք կը խօսին… Սակայն բոլոր լեզուները, նոյնիսկ` հազուագիւտ լեզուները, ունին իրենց կարեւորութիւնը` իրենց պատմական արժէքէն անդին: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք բոլորը կը ծառայեն թարգմանելու մեր մտածածը, մեր զգացածը, մեր փոխանակած տեղեկութիւնները… սակայն ամէն մէկը` տարբեր ձեւով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս դպրոցը, երբ մենք բան մը կը սորվինք, բայց լաւ չենք հասկնար, ուսուցիչը կը փորձէ զայն տարբեր ձեւով բացատրել:

Օրինակի համար, չիները կը գործածեն գաղափարներ արտայայտող տասնեակ հազարաւոր փոքրիկ պարզ գծագրութիւններ: Ֆրանսերէն լեզուն ունի շատ խրթին քերականութիւն մը, մինչ անգլերէնի քերականութիւնը շատ աւելի պարզ է. խրթին բան մը արտայայտելու համար ֆրանսերէնը պիտի կարենայ գործածել քերականութիւնը, սակայն` ոչ անգլերէնը, որ հետեւաբար ունի աւելի բառամթերք` ուրիշ ձեւով խօսակցութեան երանգները փոխանցելու համար:

Կարծէք` մեր միտքը ադամանդ մըն է, իսկ իւրաքանչիւր լեզու` անոր երեսակներէն մէկը: Տարբեր լեզուները մեզի կարելիութիւնը կու տան աւելի լաւ հասկնալու մեր մտածած ձեւը, եւ հետեւաբար` աւելի լաւ զիրար հասկնալու:

Ամէնէն Շատ Խօսուած Լեզուները

Պէտք է պահպանել վտանգի տակ գտնուող լեզուները, սակայն նոյնքան կարեւոր է, որ մենք կարենանք զիրար հասկնալ` հասարակաց լեզուներու շնորհիւ: Կը համարուի, որ լեզուներուն 1 առ հարիւրը հաղորդակցելու կը ծառայէ մարդկութեան 99 առ հարիւրին համար:

Սակայն, որո՞նք են ամէնէն շատ խօսուած լեզուները: Առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի չինարէնը, որ կը խօսուի 1.2 միլիառ անձերու կողմէ: Երկրորդ կարգին մենք կը գտնենք անգլերէնը, որ կը խօսուի մօտաւորապէս մէկ միլիառ անձերու կողմէ, ապա կու գան սպաներէնը, հինտին եւ արաբերէնը: Սակայն` ուշադրութի՛ւն. ասոնք միատեսակ լեզուներ չեն, այլ աւելի շատ` լեզուներու ընտանիքներ: Օրինակի համար, չինարէնը եւ արաբերէնը միշտ նոյն ձեւով կը գրուին, սակայն միշտ նոյն ձեւով չեն հնչուիր բոլոր շրջաններուն կամ երկիրներուն մէջ. կամ Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգի բնակիչ մը պիտի չհասկնայ արժանթինցիի մը խօսած սպաներէնը, որովհետեւ անոնք նոյն բառերը չեն գործածեր:

Լեզուները կը զարգանան ժամանակին հետ եւ ըստ շրջաններու, ուր անոնք կը գործածուին. այս պատճառով է, որ մենք կը խօսինք կենդանի լեզուներու մասին: Անոնք մեզի հետ կը զարգանան եւ մեր ինքնութեան ցոլացումն են:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունի հրաբուխի ձեւ ունեցող պանդոկ մը: Սակայն լաւայի փոխարէն` անոր գագաթին կը ժայթքի ջրվէժ մը:

– Հոնտուրաս Կեդրոնական Ամերիկայի միակ երկիրն է, ուր հրաբուխներ չկան:

– Հակառակ անոր որ Քրիստափոր Քոլոմպոս ճանչցուած է իբրեւ Ամերիկան գտնող հետախոյզը, սակայն ան իրականութեան մէջ իր ոտքը բնաւ չէ դրած ներկայիս իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ անունով ճանչցուած երկրին մէջ: Ան առաջին անգամ հասաւ Պահամաս:

– Քանատայի Թորոնթօ նահանգին մէջ գոյութիւն ունի 1900 քմ երկարութեամբ ճամբայ մը, որ կը համապատասխանէ Անգլիոյ Լոնտոն մայրաքաղաքէն մինչեւ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտ հեռաւորութեան:

– Ափրիկէի Քալահարի անապատի պուշմանները տակաւին կ՛որսան եւ կը սնանին ինչպէս իրենց նախահայրերը:

– Մարդիկ սկսան կաւէ անօթներ շինել մօտաւորապէս 18.000 տարիներ առաջ, Ճափոնի մէջ:

– Ափրիկէի Քիլիմանճարօ լեռը կրնայ իր գագաթի ձիւները կորսնցնել մինչեւ 20 տարի:

– Աշխարհի տասնինը ամէնէն տաք տարիները (ա՛յն ժամանակէն ի վեր, երբ այս տեղեկութիւնները սկսած են արձանագրուիլ) պատահած են 1980-էն ասդին:

– Հին հռոմէացիներուն կողմէ շինուած ճամբաներ տակաւին կանգուն կը մնան եւ կը գործածուին մինչեւ այսօր, Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա:

Աշխարհի Ամէնէն Հին
Գծագրութիւնը

Գտնուեցաւ աշխարհի ամէնէն հին գծագրութիւնը. անիկա 73.000 տարեկան է:

Զիրար խաչաձեւող կարմիր գիծերով ծածկուած այս փոքրիկ քարը գտնուած է Հարաւային Ափրիկէի մէկ քարայրին մէջ, 2015-ին: Սակայն ֆրանսացի, նորվեկիացի եւ հարաւափրիկեցի մասնագէտներու խումբը երեք տարուան պէտք ունեցաւ անոր վրայ աշխատելու եւ զայն ուսումնասիրելու համար, որպէսզի հասկնայ 4 սմ մեծութիւն ունեցող այս հետքերը: Այս կարմիր գիծերը գծուած են բնական գունանիւթերով: Գծագրութիւնը կազմուած է 9 գիծերէ եւ հաւանաբար մաս կը կազմէր աւելի մեծ գործի կտորի մը: Մասնագէտները կրցան թուական մը տալ այս գծագրութեան, անիկա 73.000 տարուան գծագրութիւն մըն է:

Այս գծագրութիւնը գտնուելէ առաջ մեզի ծանօթ աշխարհի ամէնէն հին գծագրութիւնը շրջանակ մըն էր, որ գտնուած էր Սպանիոյ Էլ Քասթիյոյի քարայրին մէջ. անիկա 40.800 տարուան գծագրութիւն մըն էր:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել պայուսակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Հոկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

«Սիմէս» Լիբանանի Յաղթական Վերադարձը

RelatedPosts

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
Ի՞նչ Է Կրակը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Կրակը

August 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.