Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօ՞թ Ես Օրիկամի Արուեստին

Յունիս 2, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հաւանաբար դուն չես անդրադարձած. սակայն դուն արդէն արուեստագէտ կը համարուիս ոեւէ մէկու նման. դուն արդէն թուղթի կտոր մը ծալած ես օդանաւ մը կամ նաւ մը շինելու համար: Մենք յաճախ ասիկա կ՛ընենք մեր ժամանակը անցընելու եւ զբաղելու համար: Սակայն գիտէի՞ր,  որ թուղթերը ծալելու այս յատուկ ձեւը ծանօթ արուեստի ձեւ մըն է` օրիկամի:

Շատ հին ժամանակներէ

Օրիկամին կարելի է դիւրութեամբ բացատրել: Այս բառը եկած է «Օրու» բառէն, որ ճափոներէն կը նշանակէ ծալել, եւ` «քամի», որ կրնայ թարգմանուիլ «թուղթ» բառով: Հետեւաբար, օրիկամին թուղթերը ծալելով խրթին ձեւեր շինելու արուեստն է: Օրիկամիով մենք կրնանք շինել զանազան բաներ, ինչպէս` անասուններ, ծաղիկներ, կերպարներ եւ այլն:

https://www.youtube.com/watch?time_continue=137&v=gQbIk7dzL9k

Սակայն ուրկէ՞ եկած է այս արուեստը, ըստ ենթադրութիւններու, ճափոներէն բառը առնուած է չինարէն «փինեին ժէժի»-էն (թուղթ ծալել): Սակայն մենք վստահ ենք, որ անոր ծագումը շատ հին է: Օրիկամիի արուեստը ծնած է Չինաստանի մէջ, սակայն Ճափոնն է, որ շատ աւելի ճանչցուած է այդ արուեստով, զոր ան զարգացուցած է:

Բոլորին մատչելի արուեստ մը

Օրիկամին մեծ ժողովրդականութիւն ունի, որովհետեւ առաջին հերթին ան շատ մատչելի է: Օրիկամի մը շինելու համար յատուկ կամ սուղ գործիքներու պէտքը չկայ: Միակ պայմանը թուղթեր ունենալն է: Հետեւաբար ամէն մարդ կրնայ օրիկամի շինել` անկախ տարիքէն, միջոցներէն եւ ընկերային դասակարգէն: Օրիկամի մը շինելը սորվելու ամէնէն լաւ միջոցը ցուցմունքն է մեր ընկերութեան մէջ, օրիկամիի թեքնիքի փոխանցումը շատ դիւրին դարձած է` շնորհիւ համացանցին վրայ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ բացատրական վիտէօներուն: Հետեւաբար, եթէ այս արուեստը քեզ կը հետաքրքրէ, կրնաս տանդ մէջ նստած` շատ դիւրութեամբ սորվիլ: Սկսելու համար այս էջին մէջ դուն արդէն պիտի գտնես երկու դիւրին օրինակներ:

Գիտէի՞ր, թէ

Ճափոնի մէջ աշակերտները կը սկսին օրիկամի շինել սորվիլ նախակրթարանին: Այս արուեստը անոնց կարելիութիւնը կու տայ զարգացնելու իրենց մատներուն ճկունութիւնը եւ կեդրոնացումը:

Ան միջոց մըն է նաեւ հետեւելու բացատրութիւններու եւ սորվելու երկրաչափութեան հիմքերը` շնորհիւ ծալքերէն յառաջացած ձեւերուն: Օրիկամին ամբողջական ժամանց մը կը սեպուի դասաւանդութեան մարզին մէջ, որովհետեւ ան նոյն ատեն կ՛ընդգրկէ` ուսումնասիրութիւն, մտածողութիւն, ստեղծագործութիւն եւ իրագործում:

Թուղթէ Թաշկինակներով
Հագուստներ` Պարպիին Համար

Ժիան Եանկ պատասխանատու է մեծ պանդոկի մը մէջ: Սակայն ան նորոյթի եւ Պարպի պուպրիկներու մեծ սիրահար մըն է:

Նոյն ատեն ան նորաձեւութեան իսկական արուեստագէտ մըն է: Անոր նախասիրած ժամանցն է իր պարպիներուն հագուստներ ստեղծել` գործածելով արտասովոր նիւթերով, ինչպէս, օրինակի համար, թուղթէ թաշկինակներ:

6000 Պարպի պուպրիկներու հաւաքածոյ մը ունեցող այս արուեստագէտը իր շքեղ ստեղծագործութիւնները կանոնաւոր կերպով կը ցուցադրէ ինսթակրամի իր էջին վրայ: Այդ նկարներուն մէջ մենք կրնանք մօտէն տեսնել հագուստներուն բոլոր մանրամասնութիւնները եւ իւրաքանչիւր ծալք…

 Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Վիեթնամի մայրաքաղաքը հին ժամանակներուն ճանչցուած էր Թանկ Լոնկ անունով, որ կը նշանակէ «Աճող վիշապը»:
– Հրատ մոլորակը ունի երկու պզտիկ լուսիններ:
– Մեր սիրտը օրական միջին հաշուով 100 հազար անգամ կը տրոփէ:
– Աղը ժամանակին գործածուած էր իբրեւ դրամ:
– Հիմալայա բառը կը նշանակէ «ձիւնի տուն»:
– Կարմիր ծովը աշխարհի ամէնէն տաք ծովն է:
– Ընգղաները ունին 3 սիրտ:
– Կարմիր ագեվազը կրնայ մինչեւ 3 մեթր բարձրութեամբ ցատկել:
– Իսլանտայի մէջ սառոյցէ կարգ մը քարայրներ հարուստ են տաք ջուրի աղբիւրներով:
– Շանաձուկերը երկրագունդին վրայ կ՛ապրէին հոյամողէզներէն 170 միլիոն տարի առաջ:
– Աւելի քան 1000 լեզուներ կը խօսուին Ափրիկէի մէջ:
– Անթարքթիքայի մէջ ամառը ցերեկը 24 ժամ կը տեւէ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել փողկապին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Սեմինար. Առողջ Ապրելակերպ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?