Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտասովոր Խաղավայրեր

July 21, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շարունակենք մեր ամառնային պտոյտը` այս անգամ այցելելով աշխարհին շուրջ գտնուող տարբեր խաղավայրեր:

Ցանցերով խաղավայրը

Այս խաղավայրը հիւսուած է մեծ գուրգուրանքով եւ սիրով` զոյգի մը կողմէ: Կին մը եւ իր ամուսինը թոներով թել գործածած են հիւսելու եւ քրոշէ ընելու  այս գունաւոր մագլցելու ցանցերը, որոնց մենք կրնանք հանդիպիլ Ճափոնի, Սինկափուրի, Չինաստանի եւ Սպանիոյ մէջ:

Ծռած շոգեկառքը

Մանուկները շատ կը սիրեն Սինկափուրի «Թիոնկ Պահրու փարք ատվենչըր» խաղավայրին մէջ գտնուող այս ծուռ վակոններով շոգեկառքը: Այս արտասովոր խաղավայրին մէջ կը գտնուին նաեւ մարդու չափով փոքրիկ լաբիւրինթոսի խաղ մը եւ մարդու ուժով բանող կարուսել մը:

Անիւներու խաղավայրը

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի «Նիշի Ռոքուկօ» այս խաղավայրին մէջ մօտաւորապէս 3000 հին ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու անիւները գործածուած են շինելու համար օրօրոցներ, անցքեր, լեռներ, աշտարակներ, վիշապներ եւ մարդամեքենաներ:

Վայրի անտառին մէջ

Ամերիկայի Թենըսի նահանգին «Նաշվիլ զու՛զ ճանկըլ  Ճիմի» խաղավայրին մէջ գոյութիւն ունի 10,6 քառ մեթր մեծութիւն ունեցող ծառի վրայ տուն մը` «Կեանքի ծառը», ուր կարելի է սահիլ օձաձեւ սահնակներէ, մագլցիլ քարէ գետաձիի մը կռնակին վրայ…

Խաղավայրը այնքան մեծ է, որ հոն նոյն ատեն կրնան խաղալ աւելի քան հազար մանուկներ:

Բլուրի մը լանջին

Արուեստագէտներու խումբ մը փորած է այս «Պոյսենթենեալ չիլտրըն՛զ փարք» խաղավայրը Չիլիի մէջ, Սանթիակօ քաղաքին բլուրներէն մէկուն լանջին վրայ: Բլուրին գագաթը բարձրանալու համար պէտք է առնել ելեկտրական կառքը եւ ապա իջնել տասնեակ մը սահնակներէն մէկուն վրայէն սահելով, կամ գագաթին վրայ մնալ` զմայլելու համար բացուող տեսարանով:

Աշխատցնենք մեր երեւակայութիւն

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ գտնուող այս խաղավայրին մէջ գոյութիւն չունին սահնակներ կամ օրօրոցներ: «Իմաճինէյշըն փլեյկրաունտ» խաղավայրին մէջ կարելի է գտնել կակուղ նիւթերէ շինուած, տարբեր չափերով եւ ձեւերով շինարարութեան տարբեր կտորներ: Հոն ապագայի ճարտարապետները ազատութիւնը ունին շինելու տարբեր բաներ` գործածելով այդ կտորները եւ հոն գտնուած տարբեր նիւթեր, ինչպէս` պարաններ, անիւներ, սնտուկներ:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

-Ալեքս անունով ափրիկեան մոխրագոյն թութակ մը, որ կը գտնուէր Արիզոնայի համալսարանին մէջ, կրնար խօսիլ, հաշուել մինչեւ 6, զգալ, թէ ինչէ՛ կազմուած են առջեւի նիւթերը` իր կտուցով անոնց դիպչելով, իր մարզիչէն ուզել ջուր եւ ուտելիք եւ ըսել, թէ ի՛նչ գոյնի եւ ձեւի են տարբեր առարկաներ:

-Մեծ թիւով արտադրուած ամէնէն փոքրիկ ինքնաշարժը «Փիիլ Փ50-ն»- է, որ տակաւին կ՛արտադրուի մինչեւ այսօր: Անիկա կրնայ փոխադրել միայն մէկ անձ, ունի մէկ դուռ եւ մէկ լոյս: Անոր երկարութիւնը, մօտաւորապէս 140 սմ է եւ լայնքը` 100 սմ, իսկ բարձրութիւնը` 120 սմ:

-Ծովաստղը կրնայ իր ձեռքերէն մէկէն եւ իր մարմնի կեդրոնէն փոքրիկ մասէ մը կրնայ ամբողջովին նոր մարմին մը աճեցնել:

-Աւստրալիոյ բնիկ` ապորիճին ժողովուրդը քարտէսներ չէր գործածեր: Անոնց փոխարէն` անոնք յատուկ վայրերու մասին երգեր կ՛երգէին իրենց ճամբան գտնելու համար:

-Եթէ կ՛ուզես Փորթուգալի մէջ գնահատել խոհարար մը, համբուրէ ցուցամատդ եւ ապա ականջդ սեղմէ, ըստ երեւոյթին, ասիկա ըսել է, որ կերած ճաշդ շատ համով է:

Անասուննե՞րն Ալ
Տաքէն Կը Տառապին

Բոլոր անասունները նոյն ձեւով չեն հակազդեր տաք եղանակին: Կարգ մը անասուններ տաքը կը փնտռեն, մինչ ուրիշներ կը խուսափին անկէ:

Արեւ Եւ Վերապրում

Կարգ մը պաղ արիւնով անասուններ (որոնց արիւնին ջերմաստիճանը կը փոխուի), ինչպէս` մողէսները կամ օձերը, տաքը կը սիրեն: Անոնց համար արեւը եւ անոր հայթայթած ջերմութիւնը իրենց կեանքին անհրաժեշտ են: Արդ, բազմանալու, մարսելու կամ տեղափոխուելու համար անոնց մարմինը պէտք է հասնի առաւելագոյն ջերմաստիճանին: Անոնք արեւը կը փնտռեն:

Արեւը Շատ Տաք Է

Ուրիշ անասուններու պարագային հակառակը կը պատահի: Անոնք արեւը չեն սիրեր եւ կը հեռանան նուազագոյն տաքութենէն: Այս է պարագան շուներուն եւ կատուներուն: Արդ, այս անասունները մորթին տակ գտնուող եւ քրտնիլը դիւրացնող շատ քիչ գեղձեր ունին: Հետեւաբար անոնք նուազ կը քրտնին: Ի՜նչ լաւ` պիտի ըսէք դուք: Ո՛չ անպայման, որովհետեւ քրտինքը շատ յատուկ պաշտօն մը ունի. ան մարմինին պաղելու կարելիութիւնը կու տայ, երբ ջերմաստիճանը շատ բարձր ըլլայ:

Այս պատճառով է, որ շունը իր լեզուն դուրս կը հանէ եւ իր շնչառութիւնը կ՛արագացնէ, երբ շատ կը տաքնայ: Այս ձեւով ան դուրս կը հանէ տաքութիւնը եւ իր մարմնին ջերմաստիճանը քիչ մը կը նուազեցնէ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ մնացած իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

 

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Այնթապի Առաջին Լուսանկարիչը Հայ Եղած Է

RelatedPosts

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
Ի՞նչ Է Կրակը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Կրակը

August 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.