Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ինչպէս տեսանք նախորդ շաբթուան սիւնակին մէջ, մանկաները միայն փոքրիկներու ուղղուած չեն: Անոնք յաճախ կը դասաւորուին ըստ տարիքի, եւ` նայած, թէ անոնք աղջի՞կ ընթերցողներու, թէ մանչ ընթերցողներու ուղղուած են:
– Քիմոտոները տասը տարեկանէն փոքր ընթերցողներու համար են: Անոնց նպատակն է զբաղեցնել մանուկները իրենց տարիքին համապատասխան կերպարներու պատմութիւններուն ընդմէջէն: «Չին» շատ հաճելի կատու մըն է: Ան յատկապէս մանուկներուն համար է, սակայն ամէն մարդ կը սիրէ զայն:
– Շոնենները ուղղուած են 10-18 տարեկան պատանիներուն: Այս մանկաները յաճախ կը քաջալերեն` զարգացնելու քաջութեան, յարատեւութեան նման զգացումները, արկածախնդրութիւններ ապրելով մեզի նմանող հերոսներու միջոցով: «Պլիչ» շոնին մանկա մըն է:
– Շոժոները ուղղուած են 10-18 տարեկան պարմանուհիներուն: Անոնք յաճախ կը ներկայացնեն սիրային պատմութիւններ, որոնք գրուած են մանկայի մասնագէտ կին գրողներու կողմէ: «Փրիթի ֆէյս» շոժօ մանկա մըն է:
– Սենենները 16 տարեկանէն բարձր արական սեռի ընթերցողներուն համար են: Անոնք կը շօշափեն շոնէններու տարբեր նիւթերն ալ, սակայն` աւելի խրթին պատմութիւններով: «Պաթըլ Ռուայալ» սենեն մանկա մըն է:
– Ժոսէյները 16 տարեկանէն բարձր իգական սեռի ընթերցողներուն համար են: Անոնք ալ կը պատմեն սիրային պատմութիւններ, սակայն քիչ մը աւելի խրթին` շոժոներու պատմութիւններէն…
Սակայն մանկաները կը դասակարգուին նաեւ ըստ տեսակի. ճեքիկաները սրտայոյզ պատմութիւններն են, մեշաները գիտաերեւակայական…
«Անիմէ» եւ «Քոսփլէյ»
Ճափոնի մէջ, երբ մանկա մը պատկերասփռուի կամ ժապաւէնի կը վերածուի, ան կը կոչուի «անիմէ»: Պատկերասփիւռի ժապաւէնի վերածուած բոլոր մանկաները «անիմէներ» են, բոլոր «անիմէները» անպայմանօրէն մանկայէ մը չեն ներշնչուած, երբեմն հակառակն ալ կը պատահի:
Օրինակի համար` Հայաօ Միազաքիի «Շիքիրոյի ճամբորդութիւնը», «Երկնքին մէջի դղեակը», «Մոնոնոքէյ իշխանուհին» սկիզբէն «անիմէներ» եղած են, մինչ Մամորու Հոսոտայի «Գայլ պզտիկները, Ամը եւ Եուքի» եղած է նախ «անիմիէ» եւ ապա ունեցած է մանկա տպագրութիւնը:
Նոյն ձեւով, «Փոքէմոն» սկիզբը եղած է վիտէօ- խաղ մը, ստեղծուած` 1996-ին, Սաթոշի Թաժիրիի կողմէ, ապա դարձած է «անիմէ» եւ վերջապէս տպուած է իբրեւ մանկա:
Սակայն ամէնէն տարօրինակը այն է, որ ճափոնցիները այնքան կը սիրեն մանկաները, որ կը սիրեն իրենց նախասիրած մանկայի («անիմէ»ի կամ վիտէօ-խաղի) կերպարին դերը խաղալ, անոր հագուստները հագուելով` ծպտուելով եւ դիմայարդարուելով: Այս երեւոյթը կը կոչուի «քոսփլէյ», որ եկած է անգլերէն «քոսթիւմ» (տարազ) եւ «փլէյ» (խաղալ) բառերէն: Սկզբունքով ամերիկացիները հնարած են այս սովորութիւնը, սակայն ճափոնցիները շատ շուտ զայն որդեգրած են, որովհետեւ այս ձեւով անոնք կրնան իրենց նախասիրած մանկայի հերոսին դերին մէջ մտնել: Ճափոնական մեծ քաղաքներուն մէջ յաճախ կարելի է «քոսփլէյներ» տեսնել փողոցը պտտելու ընթացքին:
Ինչո՞ւ
… Ժամը կը փոխենք. գարնան եւ աշնան:
Ձմրան աւելի շուտ առտու կ՛ըլլայ, քան ամառը: 1976-էն ի վեր, մենք մեր ժամացոյցներուն սլաքները մէկ ժամ ետ կը տանինք աւելի երկար ատեն անկողինին մէջ մնալու համար, երբ դուրսը մութ է: Այս ձեւով մենք մեր լոյսերը նուազ կը գործածենք եւ, հետեւաբար, նուազ ելեկտրականութիւն կը սպառենք:
… Ինչո՞ւ ճաշին վրայ աղ կը դնենք:
Սառնարաններուն յայտնուելէն առաջ աղը արգելք կը հանդիսանար ուտելիքի փտումին, եւ ուտելիքը աւելի երկար ժամանակ կը դիմանար: Այժմ ան կը գործածուի յատկապէս աւելի համ տալու: Սակայն պէտք չէ ուտելիք օրերուն շատ աղ աւելցնել. կարգ մը ուտելիքներ արդէն աղ կը պարունակեն, յատկապէս` պատրաստ գնուած ուտելիքները:
… Լուսինը կը փայլի
Իրականութեան մէջ լուսինը չի փայլիր, ան լուսաւորուած է արեւին կողմէ: Միայն աստղերը կը փայլին, որովհետեւ անոնք լոյս կ՛արտադրեն:
Մինչ լուսինը` արեւուն լոյսն է, զոր կը ցոլացնէ, հայելիի մը նման: Այս պատճառով է, որ մեզի կը թուի, թէ լուսինը կը փայլի:
… Մետալը աւելի պաղ կը թուի քան փայտը, երբ մենք անոր կը դպնանք:
Մետաղը փայտէն աւելի պաղ չէ: Սակայն երբ մենք դգալի մը կը դպնանք, մեր մատներուն տաքութիւնը կը ցրուի մետաղին մէջ եւ կ՛անհետանայ. դգալը մեզի պաղ կը թուի: Փայտի մը պարագային, զգացումը տարբեր է. տաքութիւնը չի ցրուիր եւ կը մնայ հոն, ուր կը դպնանք:
… Տերեւները իրենց գոյնը կը փոխեն աշնան:
Տերեւներուն կանաչ գոյնը կու գայ քլորոֆիլէն (կանչոն): Գարնան եւ ամրան, այս նիւթը ծառերուն կարելիութիւնը կու տայ շինելու աւիշը, որ անոնց սնունդ կու տայ: Արդիւնք` կանչոնը կ՛անհետանայ: Այդ ժամանակ տերեւները դեղին, նարնջագոյն եւ կարմիր կը դառնան:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Կարգ մը գորտերու կռկռոցը կարելի է լսել 1.6 քմ. հեռուէն:
– Չինաստանի Ռուհան քաղաքին մէջ կարելի է ճաշել ճաշարանի վերածուած իսկական օդանաւի մը մէջ:
– Սահարայի անապատին մէջ ձիւնած է:
– Ձիուն սմբակները աճելէ չեն դադրիր:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, Չինաստանի Փեքին քաղաքէն բաժիններ ամէն տարի մօտաւորապէս 10.2 սմ կը խորտակուին:
Ժամանց
















