Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նախ եւ առաջ ճափոներէն մանկա բառը կը նշանակէ «զբաղեցնող գծագրութիւն»: Մանկաները Ճափոնի յատուկ երիզագծագրութիւններն են: Հոն ամէն մարդ կը կարդայ մանկաներ` մանուկները, պատանիները, ծնողները եւ նոյնիսկ տարեցները:
Անոնք ամբողջովին մաս կը կազմեն ամէնօրեայ կեանքին: Փողոցներու վրայ գոյութիւն ունին մեքենաներ` մանկաներ գծելու համար, ծանուցումի պաստառներ… մենք զանոնք կը գտնենք պատկերասփիւռին վրայ, եւ երբեմն նոյնիսկ` դպրոցին մէջ, ուր անոնք կը գործածուին կարգ մը նիւթեր դասաւանդելու համար: Թոքիոյի մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի Աքիհապատա անունով թաղ մը, ուր մանկայի սիրահարները իրարու կը հանդիպին:
Քիչ մը պատմութիւն
11-րդ դարէն սկսեալ է, որ մանկաներու «նախահայրերը» կը յայտնուին Ճափոնի մէջ. այդ ժամանակամիջոցին անոնք կը կոչուին էմաքիմոնօ: Անոնք նկարչութիւններ են, որոնց վրայ դրուած ձեռագիր գրութիւնները կը պատմէին պատմութիւն մը, որ կը յայտնուէր կամաց-կամաց, երբ ծալուած գծագրութիւնը կը բացուէր:
Իսկական ճափոնական մանկաները պիտի յայտնուին շատ աւելի ուշ` 20-րդ դարու սկիզբը, սակայն անոնք պիտի հասնին Արեւմուտք միայն 1980-ական թուականներուն, կրենտայզըրի նման հերոսներու միջոցով: Այս հերոսը հաւանաբար ծանօթ է ձեր ծնողներուն:
Մանկայի իւրայատկութիւնները
Առաջին հերթին` ճափոնցիները մանկաները կը կարդան աջէն ձախ: Այսինքն անոնց մանկաները կը գործածուին արաբերէն գիրքերուն նման: Երեւակայեցէք հայերէն գիրք մը, որ պատմութիւնը կը սկսի վերջին էջէն: Ասոր կողքին, աւանդական ձեւով, ճափոներէնը մեր լեզուին պէս չի գրուիր, այլ` վերէն վար եւ աջէն ձախ:
Եթէ մանկաները քեզ հետաքրքրեն եւ ուզես զանոնք կարդալ, դուն պիտի նշմարես նաեւ, որ անոր իւրայատկութիւններէն են սեւ-ճերմակ գծագրութիւնները: Ճափոնցիները ունին նաեւ կերպարները գծելու իւրայատուկ ոճ մը, օրինակ` մեծ աչքեր, շեշտելու համար շատ մանրամասն գծուած դէմքերուն արտայայտութիւնները, մինչ տեսարանները կամ շրջակայքը շատ պարզ են, կամ գրեթէ գոյութիւն չունին: Ասիկա ուրիշ ձեւ մըն է ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կերպարներուն եւ անոնց զգացումներուն վրայ: Վերջապէս, գծագրութիւնները աւելի կենդանի դարձնելու համար գծողները շատ կը գործածեն ձայներ արտայայտելու յատուկ գրութիւններ:
Գիրք դառնալէ առաջ
Իբրեւ գիրք տպուելէ եւ ծախուելէ առաջ` մանկաները հատուածներով լոյս կը տեսնեն յատուկ մասնագիտական թերթերու մէջ, որոնք մեծ քանակներով կը տպուին: Եւ որպէսզի անոնք շատ սուղի չծախուին, մանկաներուն մեծ մասը սեւ-ճերմակ կը տպուի: Կարդացուելէ ետք այս թերթերը կը թափուին, կամ փողոցը` նստարանի մը վրայ կը լքուին, որպէսզի ուրիշ անձ մը կարենայ զանոնք կարդալ:
Այս թերթերը յաճախակիօրէն հարցախոյզներ կը կազմակերպեն, եւ ընթերցողները կրնան ընտրել իրենց նախասիրած պատմութիւնները: Եթէ անոնք յաջողութիւն գտնեն, կը տպուին գիրքի ձեւի տակ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Մանկաներու հեղինակները կը կոչուին մանկաքա: Անոնք կրնան կա՛մ պատմութիւնը հնարել, կա՛մ գծել, սակայն յաճախ անոնք երկուքն ալ կ՛ընեն: Ընդհանրապէս անոնք իրենց պատմութիւններուն վրայ կ՛աշխատին յատուկ աշխատանոցներու մէջ: Տպագրութեան ընթացքը երբեմն այնքան արագ է (երբեմն` ամէն շաբաթ), որ մանկաքաները երբեմն ստիպուած են օգնականներու դիմելու` իրենց գործերը վերջացնելու համար:
Ինչո՞ւ
… Մանուկները Պէտք Է Կանուխ Քնանան
Մանուկները պէտք է քնանան նուազագոյնը 11 ժամ, ամէն գիշեր. քունի ընթացքին է, որ անոնց մարմինը կ՛արտադրէ զիրենք աճեցնող նիւթը: Քունը մարմնին կարելիութիւնը կու տայ հանգչելու, իսկ ուղեղին` արձանագրելու օրուան ընթացքին սորվածները:
… Պէտք Է Լուացուիլ
Երբ մենք չենք լուացուիր, մեր մորթը կը ծածկուի աղտոտ խաւով մը եւ շատ շուտ կ՛արձակուի տհաճ հոտ մը, զոր մեր շուրջինները վստահաբար պիտի չսիրեն: Ասոր կողքին, մանրէները, որոնք շատ կը սիրեն աղտոտ վայրերը, պիտի գան հաստատուելու մորթին վրայ եւ հիւանդութիւններ պիտի տարածեն:
… Կու Լանք, Երբ Տխուր Ենք
Երբ տխուր ենք, կամ զօրաւոր զգացական վայրկեան մը կ՛ապրինք, մեր արցունքները կ՛իջնեն ակամայ: Ասիկա ուղեղին կողմէ արձակուած ահազանգի նշան մըն է ըսելու համար, որ սխալ բան մը կայ: Լալով մենք կ՛արտադրենք նաեւ քիմիական նիւթ մը, որ մեզ կը հանդարտեցնէ:
… Պէտք Չէ Խօսիլ Ուտելու Ժամանակ
Նախ եւ առաջ մենք շատ աւելի լաւ կը ծամենք ուտելիքը, երբ մեր բերանը գոց է: Ասիկա ամէնէն լաւ միջոցն ալ է լեզուն կամ այտը չխածնելու, բան մը, որ կրնայ մեծ ցաւ պատճառել: Եւ վերջապէս, յաճախ դժուար է հասկնալ խօսքը այն մարդոց, որոնք կերած ատեն կը խօսին:
… Օճառով Կը Լուացուինք
Երբ մենք օճառը մեր մորթին կը քսենք, ան զիրար ամբողջացնող երկու դեր կը խաղայ:
Առաջինը` ան կը կառչի աղտոտութիւններուն եւ զանոնք մեր մորթէն կը բաժնէ: Իսկ երկրորդ հերթին` ան կեղտը իրեն հետ կը տանի ջուրին միջոցով:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Յունաստանի մէջ գտնուող 1075 տարուան շոճի մը Եւրոպայի ամէնէն ծեր կենդանի էակն է:
– Հարբուխի կարգ մը ժահրեր եկած են ուղտերէն:
– Շուէտի ջուրերուն մէջ ընկղմած նաւու մը մնացորդները հետազօտող սուզորդներ գտած են ամբողջովին գոց անօթի մը մէջ պահուած 340 տարուան պանիրի կտոր մը:
– Սուրճի ճելոն Ճափոնի մէջ շատ սիրուած էսփրեսսօ սուրճով շինուած անուշեղէն մըն է:
– Թայուանի մէջ նորոյթ է ընտանի շուներուն մազերը կտրել` անոնց տալով երկրաչափական ձեւեր:
– Ողիմպիական ոսկի մետալ մը կ՛արժէ մօտաւորապէս 600 տոլար:
Ժամանց













