Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծփացող Դպրոցներ

Նոյեմբեր 3, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ասիոյ մէջ գտնուող Պանկլատէշ երկիրը ամէն տարի զոհ կը դառնայ տեղատարափ անձրեւներուն: Կարգ մը գիւղերու մէջ մանուկները դպրոց չեն կրնար երթալ, հետեւաբար դպրոցը անոնց քով կու գայ:

Ամէն տարի վիճակը կը ծանրանայ Պանկլատէշի մէջ: Մեծ քանակութեամբ եկող տեղատարափ անձրեւները կ՛ողողեն Պանկլատէշէն ընդարձակ տարածքներ: Երկրէն մեծ բաժին մը ամբողջովին կը մնայ ջուրին տակ:

Մեկուսացած գիւղերէ դուրս ելլելու միակ միջոցը նաւակն է:

Այդ գիւղերուն մէջ ապրող մանուկներուն համար, ասիկա կը նշանակէ, թէ անոնք դպրոց չեն կրնար երթալ: Այս ձեւով անոնք կը կորսնցնեն շաբաթներու արժէքաւոր ուսում: Իրենց դասերը շարունակելու համար առիթ տալու նպատակով: «Շիտհոսլայ Սվանիրվար Սանկդա» կազմակերպութիւնը շինած է նաւակ-դպրոցներ: Ասոնք կը նաւարկեն գիւղերուն մօտ եւ կանգ կ՛առնեն աշակերտները հաւաքելու համար: Երբ դասարան մը կ՛ամբողջանայ, նաւակը գետին եզերքին կը կենայ, եւ դասերուն կրնան սկսիլ:

Մէկ ուսուցիչ կը դասաւանդէ բոլոր նիւթերը` պէնկալի լեզու, անգլերէն, թուաբանութիւն, գիտութիւն… Առտուն, ամէնէն փոքրերը դասի կ՛երթան: Կէսօրին նաւակ-դպրոցը զանոնք տուն կը վերադարձնէ եւ կ՛երթայ հաւաքելու, աւելի մեծ տարիքով աշակերտները յետմիջօրէի դասերուն համար: Պանկլատէշի մէջ ծնողները յատկապէս մտահոգ են իրենց աղջիկներով, որոնք յաճախ յարձակումներու կ՛ենթարկուին: Եթէ այս նաւակ-դպրոցները գոյութիւն չունենային, անոնցմէ շատեր դպրոց պիտի չերթային, հետեւաբար չէինք կրնար յուսալ, որ լաւ ապագայ ունենան:

***

Կազմակերպութիւնը ունի 23 նաւակ եւ ամէն տարի կ՛ընդունի 2070 աշակերտներ: Գոյութիւն ունի նաեւ դաստիարակչական խաղերու յատուկ երկու յարկանի նաւակ մը, որ կրնայ ընդունիլ 270 մանուկ ու պատանի:

Այժմ այս նաւակները, որոնք կը գործածուին 14 տարիներէ ի վեր եւ փճացած են տարիներու ընթացքին, ամբողջովին կը նորոգուին, նոյն ժամանակ հին համակարգիչները պիտի փոխանակուին աւելի արդի համակարգիչներով եւ ելեկտրականութիւն հայթայթող մեքենաները պիտի փոխանակուին արեւուն ուժանիւթը օգտագործող տախտակներով:

Անձրեւներու եղանակին Պանկլատէշի մէկ հինգերորդը կը գտնուի ջուրերուն տակ: Հազարաւոր դպրոցներ ստիպուած կ՛ըլլան իրենց դռները փակել: Հետեւաբար այս կազմակերպութեան պատասխանատուն այս գաղափարը յղացած է 2002-ին. իրարու միացնել դպրոցական փոխադրակառքն ու դպրոցը` գործածելով տեղւոյն վրայ գտնուող նաւակները ստեղծելու համար այս ծփացող վայրը: Այս ձեւով, ամբողջ տարին դպրոց յաճախելու կարելիութիւնը միշտ կը մնայ, եւ ասիկա գրեթէ իւրաքանչիւրի տունին առջեւ:

Ուտուելիք Շալէ Մը

Այս շալէն հեքիաթներու մէջ եղող, անուշեղէններէ եւ կարկանդակներէ շինուած, անտառին մէջ գտնուող չար վհուկին տունը չէ, այլ իսկական տուրմէ փոքրիկ տուն մը:

Զայն գծած եւ շինած է տուրմի նշանաւոր մասնագէտ Ժան-Լիւք Տէքլուզօ, եւ ան հաստատուած է Սէվրի մանիֆաքթիւրի պարտէզներուն մէջ: Այս տնակին շինութիւնը եւ անոր բոլոր զարդարանքներու ստեղծումը կարօտած է 1,5 թոն տուրմի:

***

18 մեթր քառակուսի մեծութեամբ «Շօքօ Քոթէյճ» կոչուած այս տնակը վարձու էր 5-6 հոկտեմբերի գիշերները եւ կրնար ընդունիլ մինչեւ 4 հոգի: Այցելուները պիտի կարենային նաեւ զմայլիլ, սակայն նաեւ համտեսել տուրմէ պատերը, տանիքը, կրակարանը, սեղանը, ժամացոյցը, գաւաթները, գիրքերը կամ նոյնիսկ մոմակալը, որոնք բոլորը տուրմէ շինուած են:

Սակայն տնակը միայն ներսէն տուրմով կազմուած չէ, այլ նոյնիսկ անոր շրջապատող բաժինը տուրմով ներկայացուած է, բադիկներու լճակը ճերմակ տուրմէ է, տուրմէ են նաեւ ջաղացքը, պզտիկ նապաստակները եւ գետինը ծածկող ծաղիկները:

 

Ինչո՞ւ

… Արեւը Ամէն Օր Չի Փայլիր

Արեւը ամէն օր կը փայլի, սակայն երբեմն ամպերը այնքան հաստ կ՛ըլլան, որ անոնք ամբողջովին կը ծածկեն արեւը: Առանց արեւին երկրին վրայ կեանք գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ անոր ճառագայթները մեզի կը հայթայթեն լոյս եւ տաքութիւն, որոնք անհրաժեշտ են կենդանի էակներուն:

Կրնաս կատարել հետեւեալ փորձը: Պզտիկ թաղարի մը մէջ հատիկներ ցանէ, եւ թաղարը մութին մէջ ձգէ. հատիկները պիտի չբուսնին:

… Կարգ Մը Գեղանկարչութիւններ Բանի Մը Չեն Նմանիր

Այն գեղանկարչութիւնները, որոնք անձեր կամ տեսարաններ չեն ներկայացներ, իմաստ մը ունին զանոնք դիտողին համար: Անոնք զգացումներ կը հայթայթեն շնորհիւ իրենց գոյներուն կամ զարդարանքներուն, կամ գաղափար մը կ՛արտայայտեն: Գոյութիւն ունի նոյնիսկ ամբողջովին կապոյտ կամ ճերմակ գեղանկարչութիւն:

… Մենք Իրարմէ Տարբեր Ենք

Մենք իրարմէ տարբեր ենք, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ ամէն ինչ տարբեր է` մեր ծնողքը, մեր երկիրը, մեր ընկերները, մեր դպրոցը, մեր ժամանցները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր դէմքը, իր բնաւորութիւնը, իր ճաշակը, իր գաղափարները, իր երազները… Եթէ մենք բոլորս իրարու նման ըլլայինք, առիթը պիտի չունենայինք նոր անձերու ծանօթանալու: Կեանքը բաւական ձանձրացուցիչ պիտի ըլլար:

… Կարգ Մը Հոյամողէսներ Շատ Մեծ Էին

Կարգ մը խոտակեր հոյամողէսներ շատ մեծ էին, որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ ծառերուն գագաթը բուսած տերեւներուն: Անոնց հասակը անոնց կը ծառայէր նաեւ պահպանուելու մսակեր հոյամողէսներէ, որոնք յաճախ աւելի փոքր ըլլալով կը տպաւորուէին միւսներուն մեծութենէն եւ կը վարանէին անոնց վրայ յարձակելէ:

… Երկրաշարժներ Տեղի Կ՛ունենան

Երկրագունդին մակերեսը կազմուած է հսկայական խաւերէ, որոնք իրարու քով դրուած են մակմային (հեղուկ եւ այրող ժայռեր), մեծ փազզըլի մը վրայ: Երբ ցնցումներ տեղի կ՛ունենան երկրագունդին կեդրոնը, այս խաւերը իրարու կը քսուին կամ իրարմէ կը հեռանան. երկրաշարժներ տեղի կ՛ունենան:

… Մենք Մազեր Ունինք

Նախապատմական շրջանին մարդ արարածին մարմինը ծածկուած էր շատ հաստ մազերով, որոնք զայն պաղէն կը պահպանէին: Ժամանակի ընթացքին, այս մազերը աւելի բարակ դարձան: Միայն մեր գլխուն վրայի մազերը հաստ մնացին` մեր գլուխը պաշտպանելու համար եւ զայն տաք պահելու համար:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր` 1 – 120 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել որդին հասցնող ճամբան
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1968)

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Ո՞ւր Են Նորերը…

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?