Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնութեան Պահապան Փապլոն

July 28, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

13 տարեկան Փապլոն կ՛ապրի իր ընտանիքին հետ, Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ: Ան շատ կը սիրէ բարձրանալ լեռները եւ քալել: Սակայն ամէն դուրս ելլելուն, ան կը նշմարէ, որ լեռներուն ծառերը կը պակսին: 2016-ին 180 հազար հեկտար անտառ արդէն անհետացած էր, այսինքն` ժամական մօտաւորապէս 20 հեկտար: Փապլոյին համար այս վիճակը ահաւոր էր:

2018-ի յունուարին, 25 երիտասարդներու եւ կազմակերպութեան մը օգնութեամբ, Փապլօ պետութեան դէմ դատ կը բանայ` յանուն «կեանքի իրաւունքին» եւ «միջավայրի իրաւունքին»: Ապրիլ ամսուն Քոլոմպիոյ դատարանը պատմական վճիռ մը կ՛արձակէ. ան կը հրահանգէ կառավարութեան ծառերը կտրելուն վերջ տալ: Այս վերջինը 4 ամիս ետք պէտք է ներկայացնէ ծրագիր մը` ծառեր կտրելը ամբողջովին դադրեցնելու` մինչեւ 2020 եւ ամբողջ անտառին անհետացումին արգելք կենալու` մինչեւ 2030 թուական: Նոյն ատեն դատարանը ընդունեց նաեւ, որ Ամազոնի անտառը դատարանին մէջ ունէր մարդ արարածին նման իրաւունքներ:

Պրազիլի Սերրատօ Տափաստանը
Կը Բուժուի

Մեզի աւելի ծանօթ է ափրիկեան տափաստանը, սակայն նման տարածք մըն ալ գոյութիւն ունի Հարաւային Ամերիկա` Պրազիլի մէջ: Սերրատօ անունով այս տարածքը անհետացումի վտանգի տակ կը գտնուի: Սակայն հաստատութիւններ որոշած են զայն փրկել:

Սերրատոյի տափաստանը նուազ ծանօթ է, քան` Ամազոնի վայրի անտառը, որ կը գտնուի նոյն երկրին մէջ: Սակայն անիկա ալ կորսուելու վտանգի տակ կը գտնուի մարդոց գործունէութեան պատճառով: Որպէսզի ան չանհետանայ, բազմաթիւ մեծ հաստատութիւններ որոշած են անոր օգնել:

***

Սերրատօ կը կազմէ Պրազիլի տարածքին 20 առ հարիւրը: Անիկա հաւասար է իրարու միացուած Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Անգլիոյ տարածքներուն: Այս տափաստանը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի երկրին համար: Անձրեւային եղանակին ան կարելիութիւնը կու տայ հաւաքելու բաւականաչափ ջուր` զայն բաժնելու համար Պրազիլի 2/3: Այս ջուրը կը գործածուի նաեւ ելեկտրականութիւն հայթայթելու գրեթէ ամբողջ երկրին:

***

Սերրատոն Պրազիլի ամէնէն հին վայրն է, որ անասուններու խումբեր համերաշխ ձեւով կ՛ապրին իրենց բնական միջավայրին մէջ: Անիկա գոյութիւն ունի 65 միլիոն տարիներէ ի վեր:

Մենք հոն կը գտնենք նաեւ արտասովոր չափով տարբեր անասուններու եւ բոյսերու տեսակներ. 160 հազար: Անիկա աշխարհի տարբեր կեանքի տեսակներ պարունակող վայրն է. հոն գոյութիւն ունին 11 հազար բոյսի տեսակներ: Այս բոյսերը արժէքաւոր են, որովհետեւ անոնք կը գործածուին դեղերու պատրաստութեան մէջ եւ իբրեւ սնունդ: Այս պատճառով է նաեւ, որ անիկա կը կոչուի «կենդանի դեղարանը»:

Այդ բոյսերուն մեծ մասը շատ հասակաւոր չեն, սակայն ունին շատ մեծ արմատներ, որոնք կրնան մինչեւ 9 մեթր երկարութիւն ունենալ: Անոնց շնորհիւ բոյսերը կրնան ապրիլ չոր եղանակներու ընթացքին, որովհետեւ անոնք կրնան շատ խորերը իջնել ջուր փնտռելու համար:

Բոյսերու կողքին, այս տափաստանին մէջ մենք կը հանդիպինք հսկայ անասուններու, ինչպէս` մրջիւն ուտող անասունը (անթիթըր) կամ միջատ ուտող եւ պատեանով մը օժտուած արմատիլլոն: Այս անասունները մաս կը կազմեն Սերրատոյի 12 անասուններու տեսակներուն, որոնք կրնան վերջնականապէս անհետանալ: Հոն կարելի է գտնել նաեւ ընձառիւծներ, ջուրի խոզեր եւ կապիկի տարբեր տեսակներ:

***

Սակայն այս բնական վայրը աշխարհի ամէնէն շատ վտանգուած վայրերէն մէկն է. մարդուն զայն շահագործելու սկսած վայրկեանէն մինչեւ այսօր անոր չափը կէսի նուազած է, եւ եթէ ասիկա շարունակուի, մինչեւ 2050 թուականի սկիզբ Սերրատոյէն միայն 15 առ հարիւրը կը մնայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ անասունի եւ բոյսի աւելի քան 480 տեսակներ պիտի կորսուին, եւ աղէտը պիտի շարունակուի:

Սակայն կարելի է խուսափիլ նման վտանգէ: Պրազիլի մէջ արդէն գոյութիւն ունի 40 միլիոն հեկտար հող` երկրագործներուն տրամադրուելու համար:

Միջավայրը պահպանող WWF կազմակերպութիւնը, որ լուրը յայտնած է մեծ կազմակերպութիւններու, որոնք կ՛օգտագործեն Սերրատոյի հայթայթած սոյայի հունձքերը եւ կովու միսը: Անոնցմէ 61 հաստատութիւն, ինչպէս` «Մաք Տոնալտ՛զ», «Լ՛օրէալ», «Քարրըֆուր»… անդրադարձած են այդ վնասները դադրեցնելու կարեւորութեան եւ ստորագրած են համաձայնագիր մը` այդ գործողութիւնները դադրեցնելու համար:

Խաղանք

Հնդիկներու Նման

Ընկերներով հաւաքուած էք գիւղը կամ ծովեզերքը, եւ շուարած էք` ի՛նչ ընել: Կրնաք հնդիկներու նման ճամբու խաղ մը կազմակերպել` «պահուած գանձը» գտնելու համար: Այս խաղին համար պարզապէս պէտք պիտի ունենաք կա՛մ կաւիճի մը, կա՛մ ալ փայտի կտորի մը: «Պահուած գանձը» կրնայ ըլլալ որեւէ բան, կամ նոյնիսկ` ձեռային աշխատանքով շինուած մետալ մը կամ բաժակ մը: Այս սիւնակին մէջ պիտի գտնէք հրահանգներ տուող տարբեր նշաններ, սակայն դուք ալ կրնաք հնարել ձեր անձնական նշանները:

***

1.- Ճամբուն սկիզբը
2.- Հետեւիլ ուղղութեան
3.- Սխալ ճամբայ
4.- Ճամբու վերջաւորութիւն
5.- Պահուած նամակ
6.- Արգելքին վրայէն անցնիլ
7.- Մինչեւ ծառ երթալ
8.- Ետ դառնալ
9.- Վազել
10.- Մինչեւ տուն երթալ
11.- Ջուրին հետեւիլ (գետակ, լիճ կամ ծով)
12.- Հոս սպասել

 Խոհագիր

Կարկանդակ

Հիմա որ ձեր ճամբու խաղը վերջացուցիք, ժամանակն է համտեսելու այս պարզ եւ համեղ կարկանդակը:

Պէտք ունիք

4 հաւկիթի, նոյն ծանրութեամբ հալած կարագի (մօտաւորապէս` 230 կրամ), նոյն ծանրութեամբ ալիւրի (մօտաւորապէս` 230 կրամ), նոյն ծանրութեամբ շաքարի (մօտաւորապէս` 230 կրամ), 1,5 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի:

Պատրաստութիւն

1) Չափահասէ մը խնդրէ, որ փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ: Հաւկիթները եւ շաքարը զարկ, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմկի:

2) Աւելցուր կաարգը, ապա` ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը: Լաւ խառնէ եւ խմորը պարպէ փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ, որուն վրայ կարագ քսած եւ ալիւր սրսկած ես: Կարկանդակը եփէ 40 վայրկեան:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել գանձի նշանին հասցնող ճամբան:

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները մատիտով ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Կարպիս Համամճեանի Յիշատակին*

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.