Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Առանց Աղբի Վերադարձողը
Պիտի Պատժուի
Էվերեսթը աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթն է: Ան կը գտնուի Հիմալայիան լեռնաշղթային վրայ, Ասիոյ Նեփալի եւ Չինաստանի միջեւ: Ան մեր մոլորակին ամէնէն սքանչելի վայրերէն մէկն է:
Սակայն, դժբախտաբար, ժամանակին ընթացքին ան դարձած է նաեւ աշխարհի ամէնէն բարձր աղբանոցը: Արդ, ամէն տարի գագաթը մագլցողները իրենց ետեւը կը ձգեն թոներով աղբ, վրաններ, մագլցելու անպէտք գործիքներ, թթուածինի պարապ շիշեր, կերպընկալ…
Հետեւաբար, Նեփալի կառավարութիւնը որոշած է «դիմելու» այդ մագլցողներու դրամապանակին: Էվերեսթը մագլցելէ առաջ իւրաքանչիւր մագլցող պէտք է 4000 տոլար երաշխաւորագին մը վճարէ: Իսկ եթէ ան կ՛ուզէ այդ գումարը դարձեալ ձեռք ձգել, ան ստիպողաբար լեռէն վերադարձին հետը պէտք է բերէ նուազագոյնը 8 քիլօ աղբ:
Քենը Եւ Անասուններու
Անոր Ապաստարանը
Քեն Ամանթէն 12 տարեկան մանչ մըն է, որ կ՛ապրի Ֆիլիփփինի մէջ: Ան բացած է Ուրախ անասուններու ակումբը (Հեփի անիմըլզ քլապ): Անոր երկրին մէջ կան փողոցները թափառող մեծ թիւով շուներ եւ կատուներ: Այս անասունները յաճախ հիւանդ են եւ անօթի:
Իր ստացած առաջին գրպանի դրամը Քենը գործածած է այս անասուններուն համար ուտելիք գնելու: Եւ այդ օրէն սկսեալ ան չէ դադրած: Օր մը անոր հայրը տեսած է ըրածը, զայն նկարած եւ նկարը դրած է համացանցին վրայ: Այս ձեւով ամբողջ աշխարհը տեսած է այդ նկարը: Իբրեւ արդիւնք` հարիւրաւոր անձեր սկսած են դրամ ղրկել Քենին, որպէսզի ան կերակրէ եւ խնամէ շուներն ու կատուները:
Այս դրամին շնորհիւ է, որ Քենը կրցած է ապաստարան մը շինել: Այժմ հոն Քենի խնամքին տակ կը գտնուին մօտաւորապէս երեսուն շուներ եւ քսան կատուներ: Զանոնք խնամելէ ետք Քենը կը փորձէ զանոնք ընդունող տուներ փնտռել:
Հեծիկ Մը Հիւսելու Համար
«Կը մսիք եւ կը ձանձրանաք` սպասելով, որ ձեր շոգեկառքը կայարա՞ն հասնի: Շա՛տ լաւ, այս մեքենան ձեզ պիտի տաքցնէ` ձեզի ստիպելով շարժիլ, նոյն ատեն դուք կը զբաղիք ձեր շոգեկառքին սպասելով եւ, վերջապէս, հետերնիդ պիտի տանիք ձրի վզկապ մը»:
Այս ձեւով կ՛արտայայտուի Ճորճ Պատրըթ-Ճոնզը` «Սայքլօ նիթթըր» հիւսող հեծիկը հնարողը: Այս տարօրինակ մեքենան ունի հեծիկի մը ձեւը, որ վերածուած է հիւսող մեքենայի: Մեքենան աշխատցնելու համար բաւարար է հեծիկը «քշելը»` վզկապ մը հիւսելով նուազ քան հինգ վայրկեանէն:
Այս իւրայատուկ մեքենան արդէն գոյութիւն ունի Հոլանտայի Այնտհովըն քաղաքին մէջ:
Գեղեցիկ Ճամբաներ
Թոմ Պոպը ամերիկացի արուեստագէտ մըն է: Անոր մասնագիտութիւնը սթրիթ արթն է` փողոցի արուեստը: Ան կը գծէ Նիւ Եորքի, կամ Տուպայի նման քաղաքներու պատերուն վրայ:
Պատէ մը դուրս ելլող խողովակ մը, կղպանք մը, կոյուղիի կլոր կափարիչ մը…: Ան կը գործածէ իր առջեւը ելած որեւէ բան: Ան այս ոչ շատ գեղեցիկ մանրամասնութիւնները կը վերածէ արուեստի գործերու եւ այս ձեւով փողոցները կը գեղեցկացնէ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…
– Աշխարհի ամէնէն սուղ փիցցան ծախուած է 2150 անգլիական փաունտի (2750 տոլար), 2007 թուականին, բարեսիրական կազմակերպութեան մը ի նպաստ: Անոր բաղադրութեան մէջ գործածուած է ձկնկիթ, շամփանիա, աստակոս, եղնիկի միս, պրանտի եւ ուտուելիք ոսկիի բարակ թերթի կտորներ:
– Արեւը մեր մոլորակին ամէնէն մօտ աստղն է: Անիկա կը գտնուի 149.597.893 քմ հեռու: Արեւուն լոյսը մեզի կը հասնի 8 վայրկեան եւ 17 երկվայրկեանէն:
– Ոչ բոլոր քարտէսները գծուած են թուղթերու վրայ: Կրինլանտի բնակիչները իրենց քարտէսները գծած են 300 տարիներ առաջ, փայտի կտորներու վրայ: Անոնք գործածած են ցցուն քարտէսներ` նաւարկելու համար ծովափի երկայնքին, անոնց դպնալով, անոնց նայելու փոխարէն:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ հունտը հնդկընկոյզի տեսակ մըն է, որ կը կոչուի քօքօ տը մեր: Անիկա կրնայ կշռել մինչեւ 20 քիլօ, այսինքն` միջին հաշուով, վեց տարեկան տղու մը չափ:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ հաւկիթը, ջայլամի հաւկիթն է: Անոր մեծութիւնը մօտաւորապէս 15 սմ է եւ ծանրութիւնը մօտաւորապէս` 1,4 քիլօ, այսինքն հաւասար է 24 հաւու հաւկիթի:
– Ինտուսի հովիտին մէջ գոյութիւն ունեցած հին քաղաքակրթութիւնը շատ խորհրդաւոր քաղաքակրթութիւն մը եղած է: Անիկա գտնուած է միայն 150 տարիներ առաջ, եւ ոչ մէկը բաւարար տեղեկութիւններ ունի անոր մասին: Մոհենժօ-Տարայի նման քաղաքներ շինուած են աւելի քան 4000 տարիներ առաջ` ճամբաներով, կոյուղիներով, եւ նոյնիսկ բաղնիքներով, սակայն` առանց որեւէ պալատի եւ տաճարի: Անոնց գոյութիւնը տակաւին կարելի չէ եղած կարդալ: Սակայն մենք գիտենք, որ անիկա եղած է ատամնաբուժութեան ծննդավայրը, հոն գտնուած են 9000 տարուան ծակուած ակռաներ:
– Պըրկընտիի դուքսը շատ կը սիրէր շռայլ ճաշկերոյթները: 1454-ին այս խնճոյքներէն մէկը տեւեց չորս օր. անոր ընթացքին հրամցուեցաւ հսկայական անուշեղէն մը, որուն մէջէն դուրս ելան 28 երաժիշտներ` իրենց երաժշտական գործիքները նուագելով:
– Աշխարհի ամէնէն երկար բանաստեղծութիւնը Մահապհարաթան է, որ հինտու կրօնքի սուրբ գրութիւններէն է: Անիկա կը բաղկանայ մօտաւորապէս 1,8 միլիոն բառերէ եւ կը պատմէ իրարու դէմ պատերազմող երկու զարմիկներու ընտանիքներուն պատմութիւնը:
Ժամանց


