Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Մենք Կը Խնդանք

Յուլիս 7, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կատակներ ընելու եւ խնդացնելու բազմաթիւ ձեւեր կան. բառախաղերը, ծամածռութիւնները, անիմաստ կատակները, սովորութիւններու կամ շատ լուրջ հարցերու վրայ խնդալը… Սակայն բոլոր ժողովուրդները նոյն տեսակի կատակներուն պատճառով չեն խնդար:

Գիտէի՞ք, որ խնդալը անկառավարելի է: Նոյն ատեն անիկա բան մըն է, որ մարդիկ գիտեն ընել իրենց ծնունդէն: Խնդուքը միշտ կարելիութիւնը կու տայ արտայայտելու մեր ուրախութիւնը, եւ երբ մենք կը խնդանք, մեր ամբողջ մարմինը շարժումի մէջ կը մտնէ: Փա՞ստը. շատ խնդալէն մեր փորը կրնայ ցաւիլ:

Փոխանցիկ

Ի՞նչն է, որ խնդուք կը յառաջացնէ:

Կան երեք պատճառներ` կատակը, խտղտոցը եւ… խնդուքը… Այո՛, խնդուքը կը բանի յօրանջին նման: Երբ մենք կը տեսնենք մէկը, որ կը խնդայ, ինքնաբերաբար կը զգանք խնդալու պահանջ:

Գիտէի՞ք, որ այս իւրայատկութեան պատճառով 1962-ին Թանզանիոյ մէջ, Ափրիկէ, խնդուքի տարօրինակ համաճարակ մը տեղի ունեցաւ: Սկիզբը գիշերօթիկ դպրոցի մը երեք աշակերտուհիներ սկսան ունենալ խնդուքի եւ ապա լացի տագնապներ: Այս վարմունքը կը փոխանցուի նախ միւս աշակերտներուն, եւ ապա` անոնց ընտանիքներուն, երբ անոնք տուն կը վերադառնան: Տասնեակ հարիւրաւոր անձեր կը վարակուին այս «խնդուքի հիւանդութենէն»: Ոչ մէկ բժիշկ կը գտնէ այս համաճարակին պատճառը:

Մեզի անծանօթ է նաեւ պատճառը, թէ երեք աղջիկները ինչո՞ւ սկսած են խնդալու: Կրնայ ըլլալ, որ եթէ մենք գիտնայինք խնդուքին պատճառը, չխնդայինք: Խնդուքին պատճառները կը տարբերին` ըստ երկիրներուն: Կարգ մը ժողովուրդներ կը սիրեն ուրիշներու վրայ խնդալ, ուրիշներ կը նախընտրեն բառախաղերը, ինչպէս, օրինակի համար, Չինաստանի մէջ, իսկ ուրիշներ, ինչպէս` անգլիացիները, շատ կը սիրեն անիմաստ կատակները: Սակայն կայ նիւթ մը, որ կը թուի միջազգային. շատ լուրջ հարցերը կամ մեզ վախցնող նիւթերը:

Գիտէի՞ր, Թէ

Խնդուքը միշտ կարելի չէ կառավարել: Խնդալը շատ լաւ է թէ՛ մեր մարմնին, թէ՛ ալ մեր մտքին համար: Անիկա կարելիութիւն կու տայ մարմնին մէջ մտցնել բաւարարաչափ թթուածին, սթրեսը նուազեցնել, արեան ճնշումը իջեցնել եւ աշխատցնել մեր ստոծանին (թոքերուն տակ գտնուող գործարանը, որուն միջոցով մենք կրնանք շնչել):

Հետաքրքրական

-Մանուկները չափահասներէն 3 անգամ աւելի կը խնդան:
-Ըստ ուսումնասիրութեան մը, կատակ մը պատմելու ամէնէն յարմար ժամանակ ամսուն 15-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ն է:
-Բժիշկները կը թելադրեն օրական 10-15 վայրկեան խնդալ` առողջ ըլլալու համար:
-Այժմ մարդիկ օրական 5-6 վայրկեան կը տրամադրեն խնդալու: Ասիկա շատ քիչ է:
-Խնդուքը հաւասար է 30 վայրկեան հանգիստի:

 

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

Կարգ Մը Թուականներ

1) ՔԱ 15 մարտ 44-ին Յուլիոս Կեսարը կը սպաննուի իր քաղաքագէտ մրցակիցներուն կողմէ:……………Ճ/Ս

2) 4 հոկտեմբեր 1957-ին ռուսերը իրենց առաջին արբանեակը` «Սփութնիք 1», կ՛արձակեն դէպի տիեզերք:……………Ճ/Ս

3) 15 ապրիլ 1912-ին Անգլիոյ «չընկղմող» նաւը` Թայթանիք, կ՛ընկղմի սառցալերան մը զարնուելէ ետք: Ոչ մէկը կը փրկուի այդ արկածէն: ……………Ճ/Ս

4) 1512-ին Լէոնարտօ տա Վինչի կը վերջացնէ Սիսթինեան մատուռին առաստաղին գեղազարդարումը:……………Ճ/Ս

5) 9 նոյեմբեր 1989-ին կը քանդուի Պերլինի պատը` իրարու միացնելով հիւսիսային եւ հարաւային Գերմանիաները:……………Ճ/Ս

6) ՔԱ. 1332-ին «մանչուկ թագաւոր» Թութանխամոն փարաւոն կը դառնայ 6 տարեկանին:……………Ճ/Ս

7) 1454-ին Եոհաննէս Կութենպերկ առաջին անգամ ըլլալով կը գործածէ տպագրիչ մեքենան` մեծ քանակով տպելու համար հեքիաթներու գիրք մը:……………Ճ/Ս

8) 28 յունիս 1914-ին Աւստրիոյ Ֆերտինանտ մեծ դուքսը կը սպաննուի, եւ այդ պատճառով կը սկսի Ա. Համաշխարհային պատերազմը:……………Ճ/Ս

9) 20 յուլիս 1969-ին աստղանաւորդ Նիլ Արմսթրոնկ կը նետէ մարդկութեան առաջին քայլը լուսինին վրայ:……………Ճ/Ս

10) ՔԵ 79 թուականին երկրաշարժ մը կը հարուածէ Իտալիան` կործանելով Պոմպէյ քաղաքը:…………….Ճ/Ս

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Լուրեր Աշխարհէն

Ռոպոտինիօ Կ՛արժանանայ
Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ճիշդ է, որ Հոլանտան այս տարի ներկայ չեղաւ ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան Ռուսիոյ մէջ, սակայն Հոլանտայի Այնտհովըն համալսարանէն ուսանողներ արժանացած են Ռոպոքափի միջազգային ախոյեանութեան տիտղոսին, երբ հինգ մարդամեքենաներէ կազմուած իրենց խումբը, անոնց մէջ ըլլալով յարձակողական խաղցող Ռոպոտինիօ մարդամեքենան, 1 – 0 յաղթեց Փորթուգալի խումբին, Մոնտիալի մէջ, Քանատա: Ասիկա Հոլանտայի խումբին 4-րդ տիտղոսն է:

 Չհալող Պաղպաղակը

Ամրան տաքին պաղպաղակ մը ուտելը մեծ հաճոյք է, նոյն ատեն` խրթին, որովհետեւ անկարելի է զայն ուտել առանց մատները հալած պաղպաղակով ծածկելու:

Սակայն այս հարցը այլեւս լուծուած է շնորհիւ Սկովտիոյ Էտինպորոյի համալսարանէն խումբ մը գիտնականներու գիւտին: Անոնք գտած են «կախարդական» փրոթէին մը` ՊիէսԱյԷյ-ը, որ կը կառչի իւղի եւ ջուրի կաթիլներուն եւ անոնց բաժանումը շատ աւելի կը դժուարացնէ: Արդիւնք` պաղպաղակը դիւրութեամբ չի հալիր:

Ծամոն` Մեր Ոտքին Տակ

Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքը ամէն տարի իր փողոցներէն կը հաւաքէ 1,5 միլիոն քիլօ ծամոն: Այս քանակը ահաւոր է: Հետեւաբար այս ծամոններէն ձերբազատելու համար քաղաքը որոշած է վերամշակել զանոնք եւ անոնցմով շինելու … մարզանքի կօշիկներու ներբաններ:

Փողոցներէն հաւաքուելէ ետք ծամոնները կը վերածուին ձգախէժի պզտիկ հատիկներու: Մէկ վերամշակուած ներբան մը շինելը կը կարօտի մէկ քիլօ ծամոնի: Այս ծամոններով շինուած մարզանքի կօշիկները` Կամշուները արդէն շուկայ իջած են եւ կը ծախուին… 190 եւրոյի:

Սիերրա Լէոնի Մէջ`
Մաքրութեան Օր Մը Ամէն Ամիս

Սիերրա Լէոնի մէջ, արեւմտեան Ափրիկէ, երկրին նոր նախագահը որոշած է դարձեալ հաստատել «Քլինինկ տէյը»` մաքրութեան օրը:

Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ օրը, առտուան 7:00-12:00, քաղաքացիները իրենց ժամանակը պիտի տրամադրեն իրենց թաղամասի մաքրութեան:

Այս մեծ մաքրութեան առաջին օրը տեղի ունեցաւ 5 մայիսին:

Մայրաքաղաք Ֆրիթաունի մէջ հարիւրաւոր անձեր հաւաքեցին թոներով աղբ:

Ձայնաւոր Ճաշացուցակներ

Լիոնի մէջ, Ֆրանսա, վեց ճաշարաններ սկսած են գործածել այս ձայնաւոր ճաշացուցակները: Խոհարարները պզտիկ մեքենայի մը վրայ կ՛արձանագրեն իրենց ճաշացուցակին բաղադրութիւնը: Այս ձեւով յաճախորդները ճաշացուցակը կարդալու փոխարէն` մտիկ կ՛ընեն:

Այս ձայնաւոր ճաշացուցակը ուղղուած է կոյր անձերուն: Մեքենան ունի բջիջային հեռաձայնի մը չափը:

 

                               Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 6 տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 20 մանրամասնութիւնները. կրիայ մը, օձ մը, խխունջ մը, ձուկ մը, ասեղ-դերձան մը, թռուցիկ մը, պնակ մը, թէյի գաւաթ մը, վհուկի մը դէմքը, իրաւարարի սուլիչ մը, գորտի մը դէմքը, դրօշակ մը, երկու հրթիռներ, աստղ մը, դգալ մը, պոուլինկի շիշ մը, սարդ մը, թագ մը եւ վրձին մը:

 

Հանրային պարտէզը մաքրենք:
Ի՞նչ պիտի գտնենք մենք:
– Աւելի Շոքոմիլք տուրմի խմիչքի տուփե՞ր, թէ՞ Քոլա խմիչքի թիթեղներ:
– Ո՞րն էր ամէնէն շատ սիրուած խմիչքը:
– Կայի՞ն նոյնքան շիշեր եւ շիշի կափարիչներ:
– Կայի՞ն նոյնքան շալիւմոներ եւ խմիչքի անօթներ:
– Ո՞րն էր ամէնէն նուազ սիրուած խմիչքը:

—————————————————–

Պատասխաններ

1) Ճիշդ: 2) Ճիշդ: 3) Սխալ. մօտաւորապէս 700 անձեր կը փրկուին: 4) Սխալ. Միկելանճըլօ կը զարդարէ Սիսթինեան մատուռը: 5) Սխալ. կը վերամիանան արեւմտեան եւ արեւելեան Գերմանիաները: 6) Սխալ. ան փարաւոն կը դառնայ ինը տարեկանին: 7) Սխալ. առաջին մեծ քանակով տպուած գիրքը եղած է Աստուածաշունչը: 8) Ճիշդ: 9) Ճիշդ: 10) Սխալ. Վեսուվիա հրաբուխին ժայթքումը աւերած է Պոմպէյը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Հաւատք Անյոյս Եւ Սէր

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?