Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս ամառ մենք շատ լսեցինք եւ կարդացինք ծովերու ջուրերու ապականումին մասին: Այս ապականումին առաջին պատասխանատուն մարդ արարածն է: Բարեբախտաբար մեծ ճիգերը կը թափուին լուծումներ գտնելու եւ ովկիանոսները մաքրելու համար: Այս աշխատանքներուն կողքին, ովկիանոսերն ալ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս պայքարին:
Գիտէի՞ր, որ ովկիանոսներուն բոյսերը աւելի բնածխական կազ «կը շնչեն», քան` Ամազոնեան անտառը: Ովկիանոսներուն խոտերը գոյութիւն ունին ընդարձակ մարգագետիններ, ուր, ինչպէս` ցամաքին վրայ, կ՛ապաստանին անասուններու բազմաթիւ տեսակներ:
Ովկիանոսները կը ծծեն արձակուած բնածխական կազին մօտաւորապէս մէկ քառորդը. այս կազը պատասխանատու է կլիմայի տաքացման: Ճարտարարուեստական հսկայաքայլ զարգացումէն ետք, այս կազին արձակումները` աւելցան. հետեւաբար ովկիանոսները յագեցուեցան այդ կազով եւ դարձան շատ ասիտ:
Ովկիանոսներուն այս վիճակը այժմ միջավայրի գլխաւոր հարցերէն մէկն է: Այս երեւոյթը բաւական մտահոգիչ է միջավայրի մասնագէտներուն համար, որովհետեւ ասիկա պիտի ազդէ ծովային բոլոր էակներուն վրայ, ինչպէս, օրինակի համար, մեր կերած ձուկերուն վրայ:
Ովկիանոսներուն մէջի բոյսերն են, որոնք կ՛օգնեն այս բնածխական կազը ծծելու: Մենք կրնանք այս ծովային մարգագետինները ուսումնասիրել նաւահանգիստներուն մօտ, ոչ շատ խորունկ ջուրերուն մէջ: Այս բոյսերը բնածխական կազը կը ծծեն ֆոթոսենթեսիսի միջոցով: Սակայն, ուշադրութի՛ւն, ծովային մարգագետինները շատ դիւրաբեկ են, եւ մարդիկ կրնան անոնց տարբեր ձեւերով վնաս հասցնել կամ փճացնել: Ամէնէն յաճախակի օրինակներն են, անշուշտ, ջուրին ապականումը նաւերէն, ծովը նետուած աղբերը, նաւահանգիստներու մէջի նաւերուն խարիսխները կամ ջուրին խոտերը խանգարող չափէն աւելի ձկնորսութիւնը:
Թամփա Պէյ` ապագայի համար
ծրագիր մը
Ֆլորիտայի (Ամերիկա) նաւահանգիստներէն Թամփա Պէյի մէջ նախաձեռնութիւն մը առնուած է կազմակերպութեան մը կողմէ: Աւելի քան 20 հազար կամաւորներ հաւաքուած են ցանելու համար ծովային մարգագետիններ:
Արդ, ոչ շատ խորունկ այս ծովածոցին բուսականութեան 80 առ հարիւրը անհետացած էր նախորդ դարուն` ովկիանոսին ասիտ դարձած ջուրերուն պատճառով: Սակայն, այնուհետեւ, նոյնիսկ դլփինները վերադարձած են այս ծոցը, որ շատ ապականած դարձած էր անոնց համար: Այս բոլորը կարելի եղած է բոյսերուն շնորհիւ:
Զգայացունց բոյսեր
Ծովային խոտերը ծաղիկ տուող բոյսեր են, որոնք կ՛ապրին ջուրին մէջ: Գոյութիւն ունին տեսակաւոր ծովային խոտեր, եւ կարգ մը խոտեր նոյնիսկ խոտերու չեն նմանիր: Անոնք կրնան ունենալ շատ տարբեր ձեւերով եւ չափերով տերեւներ, կան հաւկթաձեւ տերեւներ, սփակեթիներու նման երկարներ, պտերներու կամ ժապաւէնի նման…
Ծովային այս խոտերը երբեմն կը նմանցուին բնական միջավայրի ճարտարագէտներու, որովհետեւ անոնք մասամբ կը ստեղծեն իրենց անձնական բնակավայրը: Իրենց տերեւներուն շնորհիւ` անոնք կը դանդաղեցնեն հոսանքները, իսկ իրենց արմատներուն շնորհիւ` կը կայունացնեն ծովերու խորքը:
Այս խոտերը շատ կարեւոր են, որովհետեւ անոնք կը հայթայթեն սնունդ եւ ապաստան` բազմաթիւ անասուններու: Ծովային մարգագետիններու մէջ մենք կրնանք հանդիպիլ` կարիդոսներու, խեչափառներու, ծովաստղերու, ծովային խխունջներու, ձիաձուկերու:
Բազմաթիւ անասուններ կը պահուըտին ծովային մարգագետիններուն մէջ: Անոնք կը խուսափին զիրենք որսացող այլ անասուններէ, ինչպէս` շանաձուկերէն:
Ծովային մարգագետինները կարեւոր են, որովհետեւ հոն կը մեծնան փոքրիկ ձուկերը եւ կարիդոսները` ովկիանոսին մէջ լողալ համարձակելէ առաջ:
Հետաքրքրական
Ինչպէ՞ս Կառուցուած Է
Վենետիկ Քաղաքը Ջուրին Վրայ
Իտալական նշանաւոր քաղաքին` Վենետիկի տուները ջուրի վրայ չեն կառուցուած, այլ` ջրանցքներով իրարմէ բաժնուած 117 կղզիներու վրայ:
Ամբողջ քաղաքը շինուած է ջրակոյտի մը վրայ, ոչ շատ խորունկ աղի ջուրի տարածք մը, որ կապուած է ծովուն: Այս պատճառ է, որ ան ջուրէն ելած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ստեղծէ: Ջուրին եզերքը գտնուող տուները ունին ծովու աղին դէմ տոկացող հիմքեր: Անոնք շինուած են շատ խիտ քարէ մը: 4 մեթր երկար փայտէ ցիցեր կը մխրճուին գետնին մէջ եւ կ՛ամրացնեն շինութիւններու հիմքը:
16-րդ դարուն կառուցուած պալատները յաճախ մարմարէ են, սակայն բազմաթիւ պատուհաններով` պատերուն ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար: Մնացածը քարէ է` կառոյցը չծանրացնելու համար:
Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ
– Միջին հաշուով, հովը պէտք է նուազագոյնը ժամական 23 քմ արագութեամբ փչէ, որպէսզի անոր ուժը ելեկտրականութիւն արտադրելու համար բաւարար ըլլայ:
– Աղբի առաջին փոխադրակառքը հնարուեցաւ 1935-ին, Ճորճ Ռոպի Տեմփսթըրի կողմէ:
– Ամէն տարի աշխարհին շուրջ կը թափուին 22-25 միլիոն թոն գործածուած ելեկտրական մեքենաներ եւ գործիքներ:
– Վերածնունդի շրջանին Լէոնարտօ տա Վինչիի նման արուեստագէտներ կը գործածէին թամփերա կոչուած ներկի տեսակը: Անիկա կը պատրաստուէր իրարու հետ խառնելով հաւկիթ մը, ջուր եւ ներկի փոշի:
– «Վայքինկ» կը նշանակէ «ծովահէններու յարձակում» հին նորվեկիական լեզուով:
– Ոչ բոլոր հոյամողէզները հսկայ էին: Մայքրորափթոր զաուանուս կը համարուի ամէնէն փոքր թռչող անասունը: Ան 0,8 մեթր երկարութիւն ունի:
– Քանատայի Նովա Սքոշիայի շրջանին մէջ արգիլուած է ինքնաշարժը քշելով նախաճաշի սանտուիչ ուտել:
– Լուսնթագի վրայ օդի ճնշումը երկրագունդի ճնշումին 2,5 անգամն է: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ մոլորակին վրայ մենք պէտք պիտի ունենանք 2,5 անգամ աւելի մկանային ուժի` առարկաներ շալկելու համար:
– Նեփալի մէջ մարդիկ այնքան կը սիրեն պարել եւ ուրիշները նաեւ պարի հրաւիրել, որ իրենց լեզուին մէջ գոյութիւն ունի յատուկ բառ մը, որ կը նշանակէ` «պարել տալ», նաշոն:
Ժամանց