Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջուրի Սակաւութեան Դէմ Պայքարելու Համար

Օգոստոս 11, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ջուրը մեր մոլորակին ամէնէն յարգի գանձերէն մէկն է: Անոր ներկայութիւնը երբեմն մեզի շատ բնական կը թուի, սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ անոր ներկայութիւնը հազուադէպ է: Կիներ, մանուկներ, դոյլերը գլուխնուն վրայ, քիլոմեթրեր կը կտրեն կիզիչ արեւուն տակ` հեռուներէն բերելու ոչ շատ մաքուր քանի մը լիթր ջուր:

***

Այս ձեւով, երեք տարիներէ ի վեր, Հարաւային Ափրիկէ շատ գէշ երաշտէ կը տառապի: Ջուրի պահեստները գրեթէ պարապ են: Այս պատճառով է, որ ապրիլ ամսուն երկրին հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Քափ քաղաքը «զերօ օրը» ապրելու վտանգին մէջ գտնուեցաւ: Այդ «զերօ օրը» կը նշէ այն օրը, երբ խմելու ոչ մէկ կաթիլ ջուր կ՛իջնէ ծորակէն: Բարեբախտաբար ջուրի մեծ խնայողութիւններ եւ անձրեւին վերադարձը փրկեցին:

***

Այս երեւոյթը դիմագրաւելու համար նաւերու փրկութեան մասնագէտ հարաւափրիկեցի Նիք Սլոն յղացաւ արտասովոր գաղափար մը: 2000 քմ հեռու գտնուող Անթարքթիքի Օսթրալ ծովու ջուրերուն մէջ ծփացող սառոյցի կոյտերը որսալ, հոսանքներէն օգտուելով եւ զանոնք իրենց ճամբայէն շեղելով` մօտեցնել Հարաւային Ափրիկէի ափերուն: Եւ որպէսզի անոնք շատ շուտ չհալին աւելի տաք ջուրերուն հետ իրենց հանդիպումին ատեն, անոնք պիտի փաթթուին յատուկ կերպասներու մէջ եւ ամբարուին այն վայրին մէջ, ուր ովկիանոսը բաւարարաչափ պաղ է:

***

Ապա ամէն օր յատուկ մեքենաներ քիչ քիչ զայն պիտի հալեցնեն ջուր ստանալու համար: Ըստ հաշիւներուն, կարելի պիտի ըլլայ օրական 150 միլիոն լիթր ջուր ստանալ, այսինքն` Քափ քաղաքին ջուրի սպառումին մէկ քառորդը: Այս գաղափարը քիչ մը խենթ կը թուի, սակայն այս մասին եղած փնտռտուքները շատ լուրջ են: Նորվեկիացի, ֆրանսացի եւ զուիցերիացի ճարտարագէտներ կ՛աշխատին այս ծրագիրին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր, եւ ան կրնայ իրականանալ յաջորդ գարնան: Սակայն այս ծրագիրը շատ մեծ ծախսի կը կարօտի: Ըստ Հարաւային Ափրիկէի պատասխանատուներուն, ծովու ջուրէն աղը հանելը կամ ենթահողերուն մէջ գտնուող ջուրը գործածելը նուազ ծախսի կը կարօտի եւ նուազ վտանգաւոր է:

Գիտե՞ս Մինակդ Զբաղիլ

Արձակուրդները շատ հաճելի են… Սակայն անոնք երբեմն մեզի երկար կրնան թուիլ: Այս հարցարանին պատասխանէ գիտնալու համար, թէ դուն ինչպէ՛ս կրնաս անցընել արձակուրդդ:

1) Երբ աչքերդ գոցես, երազած արձակուրդներդ պիտի նմանէին…

– Ընտանիքիդ հետ սքանչելի պտոյտի մը:
– Խոտին վրայ երկնցած հանդարտ յետմիջօրէի մը:
– Ամառնային դպրոցի մը` շրջապատուած ընկերներով եւ հաճելի ժամանակներ անցընելով:

 

2) Առտուն կանուխ կ՛արթննաս…

– Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն, արձակուրդի նոր օր մը:
– Անմիջապէս կ՛երթաս եղբայրդ կամ քոյրդ արթնցնելու` միասին խաղալու համար:
– Պապա՛, մամա՛, այսօր ի՞նչ պիտի ընենք:

 

3) Տան մէջ ամէն մարդ զբաղած է…

– Կ՛երթաս տեսնելու, թէ անոնք ի՛նչ կ՛ընեն, որպէսզի գաղափար մը առնես:
– Առիթն է կարդալու, ձեռային աշխատանք մը ընելու կամ գծելու:
– Երանի բարեկամդ քովդ ըլլար…

 

4) Ծովափին…

– Սքանչելի ժամանակ կ՛անցընես` աւազով խաղալով:
– Ուրիշ մանուկի մը կը մօտենաս անոր հետ խաղալու համար:
– Ծով կ՛երթաս մեծ տոպրակ մը լեցուն ծովի խաղալիքներով:

 

5) Արձակուրդիդ ընթացքին ամէնէն շատ կրկնած նախադասութիւնդ…

– Կը ձանձրանամ:
– Շատ արագ անցաւ:
– Ի՞նչ կրնամ ընել:

***

Հաշուէ ●ներդ, □ներդ եւ*երդ

 

Ա.- Մեծ թիւով ● ունիս: Դուն բնաւ չես ձանձրանար: Առանձին մնալը քեզի չի վախցներ, եւ հզօր երեւակայութեանդ շնորհիւ` դուն գիտես ինչպէ՛ս ինքզինքդ զբաղեցնել:

Աւելի երազելու համար: Արձակուրդներու նոթատետր մը պատրաստէ մէջը արձանագրելու համար այցելած վայրերդ, կարդացած գիրքերդ, զբաղումներդ: Ասիկա երբ մեծնաս, շատ հաճելի յիշատակ մը պիտի ըլլայ քեզի համար:

Իսկ եթէ դուն շատ կը սիրես ընթերցանութիւնը եւ անդադար գիրք կը կարդաս, մտածէ նաեւ երբեմն ելլելու գիրքերու աշխարհէդ… յատկապէս երբ հիւրեր կ՛ունենաս. այլապէս անքաղաքավարութիւն ըրած կ՛ըլլաս:

Բ.- Մեծ թիւով □ ունիս: Կը սիրես խաղալ, շարժիլ եւ կ՛ատես ձանձրանալ: Սակայն ձանձրանալն ալ երբեմն քեզի առիթը կու տայ շատ աղուոր գաղափարներ յղանալու:

Խաղալու համար: Ձանձրանալը մեզի առիթը կու տայ ստեղծագործ ըլլալու եւ մեր երեւակայութիւնը աշխատցնելու. ասիկա շատ կարեւոր է: Երբ բան մը չունիս ընելու, խուսափէ անմիջապէս վիտէօ-խաղերուն դիմելու:

Սկսէ գրել պատմութիւն մը, դիտէ ժապաւէն մը… Գծագրութիւններ ըրէ եւ պզտիկ ցուցահանդէս մը կազմակերպէ ծնողքիդ համար…

Գ.- Մեծ թիւով * ունիս: Դուն միշտ չես գիտեր ի՛նչ ընել, սակայն գիտես յարմար անձերուն հարցնել: Ասիկա ալ մեծ յատկութիւն մըն է:

Միասին ժամանակ անցընելու համար: Նայէ, եթէ շուրջդ կան քու տարիքիդ ուրիշ մանուկներ, ծովափը, գիւղը. այս ձեւով դուն կրնաս նոր ընկերներ շահիլ, անոնց հետ խաղալ եւ զբաղիլ:

Իսկ եթէ շուրջի անձերդ հանդարտութիւն եւ հանգիստ կը փնտռեն, յարգէ անոնց փափաքը եւ անոնց առաջարկէ միասին ժամանակ անցընել հանգիստէն ետք: Արձակուրդները բոլորին համար են:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Սըր Ճորճ Սիթուէլ հարուստ ազնուական մըն էր, որ իր ժամանակը կ՛անցընէր արտասովոր գիւտեր կատարելով, ինչպէս, օրինակի համար, մեղուները մեռցնելու յատուկ փոքրիկ ատրճանակ մը:

– Չիլիի Աթաքոմա անապատը ծովու մակերեսէն շատ բարձր է եւ` աշխարհի ամէնէն չոր վայրը, Անթարքթիքայէն ետք: Այդ անապատին ընդարձակ տարածքի կարգ մը վայրերու մէջ բնաւ չէ անձրեւած:

– Հտպիտներուն միջեւ գոյութիւն ունի անգիր օրէնք մը, որուն հիմամբ հտպիտ մը իրաւունք չունի ընդօրինակելու այլ հտպիտի մը դիմայարդարումը: Ասիկա անհաւատալի կրնայ թուիլ. բայց կրկէսի հտպիտները իրենց դիմայարդարումի զարդարանքը «կ՛արձանագրեն» զայն գծելով հաւկիթի մը վրայ, որ կը պահուի հտպիտի հաւկիթի դէմքերու կեդրոնական հաւաքածոյի մը մէջ: Այս սովորութիւնը սկսած է Անգլիոյ մէջ, 1946-ին, եւ հոնկէ տարածուած է աշխարհին շուրջ:

– 100 անձերէ մօտաւորապէս 9-ը չեն կրնար բոլոր գոյները զանազանել: Այս երեւոյթը աւելի տարածուած է այր մարդոց մօտ, քան` կիներուն:

– Լոլիկները արեւմտեան աշխարհ հասան Հարաւային Ամերիկայէն, 16-րդ դարուն: Մեծ թիւով մարդիկ կը հաւատային, որ լոլիկը թունաւոր է, եւ կը գործածէին միայն իբրեւ զարդ:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս երեք պատկերներուն միջեւ երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

Սեւ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Ճնշէ Ոչ Մահմետական Առաջնորդներուն Վրայ, Որպէսզի Պնդեն, Թէ Իրենք Ճնշումի Ենթարկուած Չեն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?